Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչի գրքերու նախաբաններ

Այս կարճ վիտէօներուն մէջ կը գտնես արժէքաւոր տեղեկութիւններ՝ Աստուածաշունչի գիրքերուն բովանդակութեան մասին։ Անոնք Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնդ եւ սերտողութիւնդ կը հարստացնեն։

Աստուածաշունչի նախաբան

Տես թէ ինչպէ՛ս ամէն մէկ գիրք կարեւոր բան մը կ’աւելցնէ Աստուածաշունչին գլխաւոր նիւթին վրայ. թէ ինչպէ՛ս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Յիսուս Քրիստոսի իշխանութեամբ Աստուծոյ անունը պիտի սրբացնէ։

Ծննդոց գրքի նախաբան

Ծննդոց գիրքը մեզի կարեւոր տեղեկութիւններ կու տայ մարդկութեան ծագումին մասին եւ տառապանքին ու մահուան ծագումին մասին։

Ելից գրքի նախաբան

Աստուած իսրայէլացիները ազատագրեց եգիպտական ստրկութենէն եւ զանոնք կազմակերպեց որպէս իրեն նուիրուած ազգ։

Ղեւտացւոց գրքի նախաբան

Տես թէ Ղեւտացւոց գիրքը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ Աստուծոյ սրբութիւնը եւ թէ ինչո՛ւ պէտք է որ մե՛նք ալ սուրբ ըլլանք։

Թուոց գրքի նախաբան

Տես թէ որքա՛ն կարեւոր է որ Եհովային հնազանդինք եւ իր ներկայացուցիչները յարգենք բոլոր պայմաններուն մէջ։

Բ. Օրինաց գրքի նախաբան

Տե՛ս թէ իսրայէլ ազգին տրուած Եհովային Օրէնքը ինչպէ՛ս կը ցուցնէ, որ Եհովան շատ կը սիրէ իր ժողովուրդը։

Յեսու գրքի նախաբան

Տե՛ս թէ իսրայէլ ազգը ինչպէ՛ս Աւետեաց երկիրը կը գրաւէ եւ զայն ցեղերուն միջեւ կը բաժնէ։

Դատաւորաց գրքի նախաբան

Այս գիրքը կը խօսի այն քաջ եւ հաւատարիմ մարդոց մասին, որոնց միջոցաւ Աստուած իր ժողովուրդը ազատեց թշնամիներէն։

Հռութ գրքի նախաբան

Հռութ գիրքը կը խօսի երիտասարդ այրիի մը անձնազոհ սիրոյն մասին, որ ունէր իր կեսուրին հանդէպ, եւ ցոյց կու տայ թէ Եհովան ինչպէ՛ս երկուքը վարձատրեց։

Ա. Թագաւորաց գրքի նախաբան

Տե՛ս թէ իսրայէլացիները ինչպէ՛ս սկսան դատաւորներու տեղ թագաւորներ ունենալ։

Բ. Թագաւորաց գրքի նախաբան

Տե՛ս թէ ինչպէս Դաւիթ իր խոնարհութեան եւ հաւատքին պատճառով՝ Սուրբ Գիրքին մէջ ամէնէն շատ սիրուած անձերէն դարձաւ։

Գ. Թագաւորաց գրքի նախաբան

Տես թէ իսրայէլ ազգը ինչպէ՛ս փառք եւ բարգաւաճութիւն վայելեց Սողոմոն թագաւորին օրերուն, իսկ ետքը ինչպէ՛ս երկու թագաւորութիւններու բաժնուեցաւ՝ Յուդայի թագաւորութիւն եւ Իսրայէլի թագաւորութիւն։

Դ. Թագաւորաց գրքի նախաբան

Տես թէ հաւատուրացութիւնը ինչպէ՛ս իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութիւնը կործանումի կ’առաջնորդէ, մինչդեռ Եհովան կ’օրհնէ այն քիչերը, որոնք զինք հաւատարմօրէն կը պաշտեն։

Ա. Մնացորդաց գրքի նախաբան

Սորվէ՛ աստուածավախ Դաւիթ թագաւորի նախահայրերուն ու հետաքրքրական կեանքին մասին՝ Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլալէն մինչեւ իր մահը։

Բ. Մնացորդաց գրքի նախաբան

Տես թէ ինչպէ՛ս Յուդայի թագաւորներուն պատմութիւնը կը շեշտէ Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլալուն կարեւորութիւնը։

Եզրաս գրքի նախաբան

Եհովան իր ժողովուրդը բաբելոնական գերութենէն ազատելու եւ Երուսաղէմի մէջ ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատելու նկատմամբ իր խոստումները կը պահէ։

Նէեմիա գրքի նախաբան

Նէեմիա գիրքը արժէքաւոր դասեր կը բովանդակէ ճշմարիտ քրիստոնեաներուն համար։

Եսթեր գրքի նախաբան

Եսթերի օրուան դէպքերը հաւատքդ պիտի զօրացնեն եւ քեզ համոզեն որ Եհովա Աստուած կարո՛ղ է ներկայիս իր ժողովուրդը փորձութիւններէ ազատել։

Յոբ գրքի նախաբան

Եհովան սիրողները փորձութիւններ պիտի դիմագրաւեն։ Յոբ գրքի պատմութիւնը մեզի կը վստահեցնէ թէ կրնա՛նք ուղղամիտ մնալ եւ Եհովային գերիշխանութիւնը ջատագովել։

Սաղմոսաց գրքի նախաբան

Սաղմոսաց գիրքը թիկունք կը կանգնի Եհովայի գերիշխանութեան, Եհովան սիրողներուն կ’օգնէ եւ կը մխիթարէ, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տայ որ աշխարհը ինչպէ՛ս Աստուծոյ Թագաւորութեան միջոցաւ պիտի փոխուի։

Առակաց գրքի նախաբան

Առակաց գիրքը աստուածային ուղղութիւն կու տայ գրեթէ կեանքի ամէն երեսակի մէջ,– առեւտրական գործերէն մինչեւ ընտանեկան հարցեր։

Ժողովող գրքի նախաբան

Սողոմոն թագաւոր կ’ըսէ թէ ո՛ր բաներու ետեւէ ըլլալը օգտակար է եւ որո՛նց ետեւէ ըլլալը ունայնութիւն է եւ կը հակասէ Աստուծոյ իմաստութեան։

Երգ Երգոց գրքի նախաբան

Հովիւի մը հանդէպ սողոմացի աղջկայ մը մնայուն սէրը կը նկարագրուի որպէս «Եահի բոցը»։ Ինչո՞ւ։

Եսայի գրքի նախաբան

Եսային մարգարէական գիրք մըն է, որ կրնայ վստահութիւնդ զօրացնել, որ Եհովան խոստումներ Կատարող է եւ փրկութեան Աստուած է։

Երեմիա գրքի նախաբան

Հակառակ դժուարութիւններուն, Երեմիան հաւատարմօրէն իր նշանակումին կառչեցաւ։ Մտածէ թէ իր լաւ օրինակը ինչպէ՛ս կ’ազդէ քրիստոնեաներուն այսօր։

Ողբք գրքի նախաբան

Ողբք գիրքը գրուած է Երեմիա մարգարէին կողմէ։ Հոն կը գտնենք վիշտի խօսքեր Երուսաղէմի կործանումին մասին եւ կը տեսնենք որ զղջալը աստուածային ողորմութեան կ’առաջնորդէ։

Եզեկիէլ գրքի նախաբան

Եզեկիէլ մարգարէն գաղափար կու տայ Եհովային հոյակապ յատկութիւններուն մասին եւ թէ ինչպէս Եհովա Աստուած կը խոստանայ Թագաւորութեան միջոցաւ ամբողջ մարդկութիւնը միացնել ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ։

Դանիէլ գրքի նախաբան

Դանիէլ գիրքը կը բովանդակէ մարգարէութիւն աշխարհակալ ուժերու բարձրացումին ու անկումին մասին՝ Բաբելոնի օրերէն մինչեւ վերջին ժամանակը։ Այդ մարգարէութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեամբ։

Ովսէէ գրքի նախաբան

Ովսէէին մարգարէութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, թէ ինչպէ՛ս Եհովան անկեղծ պաշտամունք կը պահանջէ եւ թէ ինչպէ՛ս կ’ողորմի զղջացող մեղաւորներուն։

Յովէլ գրքի նախաբան

Յովէլ մարգարէն Եհովային մեծ ու ահեղ օրուան մասին մարգարէացաւ եւ ըսաւ որ ի՛նչ պէտք է ընենք որ փրկուինք։

Ամովս գրքի նախաբան

Եհովան այս խոնարհ մարդուն նշանակում տուաւ որ կարեւոր գործ մը ընէ։ Ի՞նչ արժէքաւոր դասեր կը սորվինք Ամովսի օրինակէն։

Աբդիա գրքի նախաբան

Անիկա Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ ամէնէն կարճ գիրքն է։ Այս մարգարէութիւնը յոյս կու տայ եւ կը խոստանայ, որ Եհովա Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ջատագովուի։

Յովնան գրքի նախաբան

Յովնան մարգարէն գրեց, թէ ինչպէ՛ս սրբագրումը ընդունեց, իր նշանակումը կատարեց եւ կարեւոր դաս մը սորվեցաւ Աստուծոյ հաւատարիմ սիրոյն եւ ողորմութեան մասին։ Իր փորձառութիւնները սրտիդ պիտի խօսին։

Միքիա գրքի նախաբան

Աստուծմէ ներշնչուած այս մարգարէութիւնը կրնայ մեր վստահութիւնը աւելցնել, որ Եհովան մեզմէ միայն տրամաբանական եւ օգտակար բաներ կը խնդրէ։

Նաւում գրքի նախաբան

Այս մարգարէութիւնը մեզի վստահութիւն կու տայ, թէ Եհովան միշտ իր խօսքը կը կատարէ եւ թէ ան կը մխիթարէ բոլոր անոնք՝ որոնք Թագաւորութեան կը սպասեն, որ փրկուին եւ խաղաղութեամբ ապրին։

Ամբակում գրքի նախաբան

Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան միշտ գիտէ ե՛րբ է լաւագոյն ժամանակը, որ իր ժողովուրդը ազատէ։

Սոփոնիա գրքի նախաբան

Ինչո՞ւ պէտք է զգոյշ ըլլանք որ չըսենք թէ Եհովային դատաստանի օրը պիտի չգայ։

Անգէ գրքի նախաբան

Մարգարէութիւնը կը շեշտէ թէ որքա՛ն կարեւոր է որ Աստուած պաշտելը մեր անձնական շահերէն առաջ դասենք։

Զաքարիա գրքի նախաբան

Անցեալին, շատ մը ներշնչուած տեսիլքներ եւ մարգարէութիւններ Աստուծոյ ժողովուրդը զօրացուցին։ Այս նոյն մարգարէութիւնները կը շարունակեն մեզ վստահեցնել, որ Եհովան մեզի թիկունք կը կանգնի։

Մաղաքիա գրքի նախաբան

Անիկա մարգարէական գիրք մըն է Եհովային անփոփոխ չափանիշներուն, ողորմութեան եւ սիրոյն մասին։ Այս գիրքէն կրնանք նաեւ կարեւոր դասեր քաղել եւ գործադրել մեր կեանքին մէջ։

Մատթէոս գրքի նախաբան

Նկատի առ հիմնական իրողութիւններ չորս Աւետարաններէն մէկուն մասին։

Մարկոս գրքի նախաբան

Մարկոսի Աւետարանը, որ չորս Աւետարաններուն մէջ ամէնէն պզտիկն է, կը ներկայացնէ Յիսուսի երեքուկէս տարուան ծառայութեան վերաբերեալ իրարայաջորդ դէպքեր։

Ղուկաս գրքի նախաբան

Ղուկաս Աւետարանը կը պարփակէ տեղեկութիւններ, որոնք չեն նշուած միւս Աւետարաններուն մէջ։

Յովհաննէս գրքի նախաբան

Յովհաննէս Աւետարանին մէջ կ’ընդգծուի Յիսուսի սէրը մարդոց հանդէպ, անոր խոնարհ ըլլալը եւ իր ինքնութիւնը որպէս Մեսիան՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։

Գործք Առաքելոց գրքի նախաբան

Առաջին դարու քրիստոնեաները շատ ջանք թափեցին որ բոլոր ազգերէն մարդոց աշակերտեն։ Գործք գիրքը կրնայ ծառայութեան հանդէպ նախանձախնդրութիւնդ եւ խանդավառութիւնդ աւելցնել։

Հռովմայեցիս գրքի նախաբան

Այս ներշնչեալ նամակը կը խօսի Եհովային անաչառութեան եւ Յիսուս Քրիստոսին հանդէպ հաւատք ունենալու կարեւորութեան մասին։

Ա. Կորնթացիս գրքի նախաբան

Պօղոսին նամակը կը պարփակէ ներշնչուած ուղղութիւններ՝ միութեան, բարոյական մաքրութեան եւ սիրոյ մասին. ինչպէս նաեւ Պօղոս կը խօսի յարութեան մասին։

Բ. Կորնթացիս գրքի նախաբան

Եհովան՝ «ամէն մխիթարութեան Աստուածը», կը զօրացնէ եւ ոյժ կու տայ իր ծառաներուն։

Գաղատացիս գրքի նախաբան

Գաղատացիներուն ուղղուած Պօղոսին նամակը ոչ միայն առաջին դարուն կիրարկելի էր, հապա նաեւ՝ մեր օրերուն։ Ատիկա բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն կրնայ օգնել որ հաւատարիմ մնան։

Եփեսացիս գրքի նախաբան

Այս ներշնչուած նամակը կը խօսի՝ Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ խաղաղութիւն ու միութիւն բերելու Աստուծոյ նպատակին մասին։

Փիլիպպեցիս գրքի նախաբան

Երբ փորձութեան ներքեւ հաստատ մնանք, կրնանք ուրիշները քաջալերել որ տոկան։

Կողոսացիս գրքի նախաբան

Կրնանք Եհովան ուրախացնել՝ մեր սորվածները գործադրելով, իրարու ներելով եւ ընդունելով Յիսուսին դիրքը եւ հեղինակութիւնը։

Ա. Թեսաղոնիկեցիս գրքի նախաբան

Պէտք է հոգեւորապէս արթուն մնանք, ամէն բանէ վստահ ըլլանք, անդադար աղօթենք եւ իրար քաջալերենք։

Բ. Թեսաղոնիկեցիս գրքի նախաբան

Պօղոս թեսաղոնիկեցիներուն կը յստակացնէ, թէ Եհովային օրը դեռ չէ եկած, եւ եղբայրները կը քաջալերէ որ հաւատքի մէջ հաստատ կենան։

Ա. Տիմոթէոս գրքի նախաբան

Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին ուղղած իր առաջին նամակը գրեց, որ ժողովքին կազմակերպչական գործընթացը բացատրէ եւ սուտ ուսուցումներէ եւ դրամասիրութենէ զգուշացնէ։

Բ. Տիմոթէոս գրքի նախաբան

Պօղոս Տիմոթէոսը կը քաջալերէ որ իր ծառայութիւնը լիովին կատարէ։

Տիտոս գրքի նախաբան

Տիտոսին ուղղուած Պօղոսին նամակը կը խօսի Կրետէի ժողովքներուն մէջի խնդիրներուն մասին եւ երէցներուն հոգեւոր որակումները կը նշէ։

Փիլիմոն գրքի նախաբան

Այս կարճ բայց ազդու նամակը գործնական դասեր կը պարփակէ խոնարհութեան, ազնուութեան եւ ներողամտութեան մասին։

Եբրայեցիս գրքի նախաբան

Քրիստոնեային պաշտամունքը հիմնուած է շատ աւելի կարեւոր բաներու վրայ, քան՝ բառացի տաճարները եւ անասնական զոհերը։

Յակոբոս գրքի նախաբան

Յակոբոս տպաւորիչ օրինակներ կը գործածէ, որպէսզի քրիստոնէական կարեւոր սկզբունքներ յստակացնէ։

Ա. Պետրոս գրքի նախաբան

Պետրոսին առաջին նամակը մեզ կը քաջալերէ որ գործունեայ ըլլանք եւ մեր բոլոր հոգերը Աստուծոյ վրայ ձգենք։

Բ. Պետրոս գրքի նախաբան

Պետրոսին երկրորդ նամակը մեզ կը քաջալերէ, որ հաւատարիմ ըլլանք մինչ կը սպասենք նոր երկնքի ու նոր երկրի։

Ա. Յովհաննէս գրքի նախաբան

Յովհաննէսին նամակը մեզ զգուշացում կու տայ հակաքրիստոսներու մասին եւ մեզի կ’օգնէ որ տեսնենք, թէ ի՛նչ պէտք է սիրենք եւ ի՛նչ պէտք չէ սիրենք։

Բ. Յովհաննէս գրքի նախաբան

Յովհաննէսին երկրորդ նամակը մեզի կը պատուիրէ, որ ճշմարտութեան մէջ մնանք եւ զգուշանանք խաբեբայ մարդոցմէ։

Գ. Յովհաննէս գրքի նախաբան

Յովհաննէսին երրորդ նամակը աղուոր դաս մը կը սորվեցնէ հիւրասէր գտնուելուն մասին։

Յուդա գրքի նախաբան

Յուդա քրիստոնեաներուն օգնէ որ գիտնան, թէ որո՛նք կը փորձեն սուտ ուսուցումներ եւ սխալ սովորութիւններ մտցնել ժողովքին մէջ։

Յայտնութիւն գրքի նախաբան

Յայտնութիւն գրքին մէջ անցած տպաւորիչ տեսիլքները կը նկարագրեն, թէ ինչպէ՛ս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի իրագործէ մարդկութեան եւ երկրին նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը։

Թերեւս քեզ հետաքրքրէ

ԳԻՐՔԵՐ ԵՒ ԳՐՔՈՅԿՆԵՐ

Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը

Աստուածաշունչին հիմնական պատգամը ի՞նչ է։