Երկիր մոլորակը պիտի կործանուի՞
Աստուածաշունչին պատասխանը
Ո՛չ, Երկիր մոլորակը պիտի չկործանուի, չայրուի, ոչ ալ ուրիշ մոլորակ իր տեղը պիտի առնէ։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ Աստուած երկիրը ստեղծեց, որ մարդիկ անոր վրայ յաւիտեան ապրին։
«Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29)։
«[Աստուած] հաստատեց երկիրը իր հիմերուն վրայ, որպէս զի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի» (Սաղմոս 104։5)։
«Երկիրը միշտ կը կենայ» (Ժողովող 1։4)։
«Այն Աստուածը, որ երկիրը կազմեց,... զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց» (Եսայի 45։18)։
Մարդիկ երկիրը պիտի կործանե՞ն
Աստուած պիտի չձգէ որ մարդիկ երկիրը կործանեն՝ ատիկա ապականելով, պատերազմներով կամ ուրիշ որեւէ մէկ կերպով։ Հապա Աստուած ինք պիտի կործանէ երկիրը ապականողները (Յայտնութիւն 11։18)։ Ինչպէ՞ս։
Աստուած մարդկային կառավարութիւնները մէջտեղէն պիտի վերցնէ, քանի որ անոնք չեն կրցած երկիրը պաշտպանել։ Եւ անոնց տեղ պիտի դնէ կատարեալ երկնային Թագաւորութիւն մը (Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 6։9, 10)։ Այդ Թագաւորութեան Թագաւորը պիտի ըլլայ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս (Եսայի 9։6, 7)։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, բնական ուժերը հրաշքով իրեն հնազանդեցան (Մարկոս 4։35-41)։ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլալով, Յիսուս կատարեալ կերպով պիտի իշխէ երկրի եւ բնութեան վրայ։ Ասկէ զատ, Յիսուս երկիրը պիտի նորոգէ, այսինքն՝ դարձնէ իր առաջուան վիճակին, ինչպէս որ էր Եդեմի պարտէզին մէջ (Մատթէոս 19։28. Ղուկաս 23։43)։
Աստուածաշունչը չի՞ սորվեցներ որ երկիրը կրակով պիտի այրի
Ո՛չ։ Մարդիկ այս կարծիքը ունին քանի որ ընդհանրապէս սխալ կը հասկնան Բ. Պետրոս 3։7–ը, որ կ’ըսէ. «Երկինք ու երկիր պահուած են նոյն խօսքով կրակի համար»։ Տեսնենք երկու կարեւոր կէտեր, որոնք մեզի կ’օգնեն այս համարին իմաստը հասկնալու.
Աստուածաշունչին մէջ «երկինք», «երկիր» եւ «կրակ» բառերը մէկէ աւելի իմաստ ունին։ Օրինակ, Ծննդոց 11։1–ը կ’ըսէ. «Բոլոր երկրին լեզուն ու խօսուածքը մէկ էր»։ Հոս «երկիր» բառով ըսել կ’ուզէ մարդիկը։
Բ. Պետրոս 3։7–էն առաջ յիշուած համարները յստակ կը դարձնեն «երկինք», «երկիր» եւ «կրակ» բառերուն իմաստները։ 5–րդ եւ 6–րդ համարները 7–րդ համարին մէջ յիշուած դէպքերը կը բաղդատեն Նոյի օրուան Ջրհեղեղին հետ։ Այդ օրերուն, չար աշխա՛րհը կործանուեցաւ եւ ոչ թէ մեր մոլորակը։ Ջրհեղեղը կործանեց չար մարդիկը կամ «երկիրը» (Ծննդոց 6։11)։ Ատիկա նաեւ կործանեց «երկինքը», այսինքն՝ այն մարդիկը, որոնք կ’իշխէին այդ վայրագ ժողովուրդին վրայ։ Ուրեմն, չարե՛րը կործանուեցան կամ մէջտեղէն վերցուեցան, եւ ոչ թէ Երկիր մոլորակը։ Բայց Նոյը եւ իր ընտանիքը ազատեցան այդ կործանումէն եւ շարունակեցին երկրի վրայ ապրիլ (Ծննդոց 8։15-18)։
Ջրհեղեղին ջուրերուն պէս, Բ. Պետրոս 3։7–ին մէջ յիշուած «կրակը» կամ կործանումը վերջ պիտի դնէ այս աշխարհի չար մարդոց, եւ ոչ թէ Երկիր մոլորակին։ Աստուած կը խոստանայ ‘նոր երկինք ու նոր երկիր’, ուր «արդարութիւնը կը բնակի» (Բ. Պետրոս 3։13)։ ‘Նոր երկինքը’ այսինքն՝ նոր կառավարութիւնը,– որ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը,– պիտի իշխէ «նոր երկրի»՝ այսինքն՝ արդար մարդոց վրայ։ Եւ այդ Թագաւորութեան իշխանութեան տակ, երկիրը պիտի վերածուի դրախտի մը՝ ուր խաղաղութիւն կը տիրէ (Յայտնութիւն 21։1-4)։