Յիսուս ինչպէ՞ս կը փրկէ
Աստուածաշունչին պատասխանը
Յիսուս հաւատարիմ մարդիկը փրկեց, երբ որ իր կեանքը տուաւ որպէս փրկանք (Մատթէոս 20։28)։ Անոր համար է որ Աստուածաշունչը Յիսուսին համար կ’ըսէ «աշխարհի Փրկիչ» (Ա. Յովհաննէս 4։14)։ Ատիկա նաեւ կ’ըսէ. «Ուրիշ մէկո՛վ փրկութիւն չկայ. վասն զի անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ» (Գործք 4։12)։
Յիսուս ‘մահ ճաշակեց’ կամ համտեսեց բոլոր անոնց համար՝ որոնք իրեն կը հաւատան (Եբրայեցիս 2։9. Յովհաննէս 3։16)։ Անկէ ետք, «Աստուած մեռելներէն յարուցանեց» Յիսուսը եւ ան ետ երկինք դարձաւ որպէս հոգեղէն արարած (Գործք 3։15)։ Հոն, Յիսուս ‘բոլորովին կարող է ապրեցնելու զանոնք, որ իրմով Աստուծոյ կու գան. որովհետեւ ինք միշտ կենդանի է անոնց բարեխօս ըլլալու համար’ (Եբրայեցիս 7։25)։
Ինչո՞ւ պէտք ունինք որ Յիսուս մեզի համար բարեխօսէ
Բոլորս մեղաւորներ ենք (Հռովմայեցիս 3։23)։ Մեղքը մեր եւ Աստուծոյ միջեւ պատ մը կը դնէ եւ մահուան կ’առաջնորդէ (Հռովմայեցիս 6։23)։ Բայց Յիսուս որպէս «բարեխօս» կը ծառայէ բոլոր անոնց համար՝ որոնք իր փրկանքին կը հաւատան (Ա. Յովհաննէս 2։1)։ Ան անոնց համար կը բարեխօսէ կամ միջնորդութիւն կ’ընէ, Աստուծմէ խնդրելով որ Ան անոնց աղօթքները լսէ եւ մեղքերը ներէ իր փրկանքի զոհին հիման վրայ (Մատթէոս 1։21. Հռովմայեցիս 8։34)։ Աստուած Յիսուսին այս խնդրանքները կը լսէ, քանի որ Իր կամքին համաձայն են։ Ան Յիսուսը երկիր ղրկեց որ «աշխարհ անով փրկուի» (Յովհաննէս 3։17)։
Փրկուելու համար, բաւարա՞ր է միայն Յիսուսին հաւատալ
Ո՛չ։ Ճիշդ է որ պէտք է Յիսուսին հաւատանք որ փրկուինք, բայց ատկէ աւելի՛ն պահանջուած է մեզմէ (Գործք 16։30, 31)։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, նոյնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (Յակոբոս 2։26)։ Փրկուելու համար, պէտք է
սորվինք Յիսուսին եւ իր Հօր՝ Եհովային մասին (Յովհաննէս 17։3)։
Յիսուսին եւ Եհովային հաւատանք (Յովհաննէս 12։44. 14։1)։
մեր հաւատքը ցոյց տանք՝ անոնց ըսածներուն հնազանդելով (Ղուկաս 6։46. Ա. Յովհաննէս 2։17)։ Յիսուս սորվեցուց որ ոչ թէ բոլոր անոնք՝ որոնք իրեն «Տէր» կը կոչեն պիտի փրկուին, հապա անոնք՝ որոնք ‘իր երկնաւոր Հօր կամքը կը կատարեն’ (Մատթէոս 7։21)։
շարունակենք հաւատք ցոյց տալ՝ հակառակ դժուարութիւններուն։ Յիսուս շատ յստակ էր, երբ ըսաւ. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի» (Մատթէոս 24։13)։