Սատանան իրակա՞ն կայ
Աստուածաշունչին պատասխանը
Այո՛, Սատանան իրական կայ։ Ան «այս աշխարհին իշխան»ն է, հոգեղէն արարած մը, որ չար դարձաւ եւ Աստուծոյ դէմ ելաւ (Յովհաննէս 14։30. Եփեսացիս 6։11, 12)։ Աստուածաշունչը կը խօսի Սատանային անձնաւորութեան մասին՝ իրեն տալով այս անունները եւ նկարագրութիւնները.
Սատանայ, որ կը նշանակէ «Հակառակորդ» (Յոբ 1։6)։
Բանսարկու, որ կը նշանակէ «Զրպարտիչ», այսինքն՝ բամբասող կամ չարախօս (Յայտնութիւն 12։9)։
Օձ, որ Աստուածաշունչին մէջ կը գործածուի «Խաբող» իմաստով (Բ. Կորնթացիս 11։3)։
Փորձող (Մատթէոս 4։3)։
Ստախօս (Յովհաննէս 8։44)։
Սատանան չարութեան յատկութիւնը չէ
Կարգ մը մարդիկ կը կարծեն որ Սատանան մարդուն մէջի չարութեան յատկութիւնն է։ Բայց Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք Աստուծոյ եւ Սատանային միջեւ դարձած խօսակցութեան մը մասին։ Աստուած կատարեալ է, ուրեմն անկարելի է որ ան իր «չար կողմ»ին հետ խօսակցութիւն ունեցաւ (Բ. Օրինաց 32։4. Յոբ 2։1-6)։ Ասկէ զատ, Սատանան փորձեց Յիսուսը, որ մեղաւոր չէ (Մատթէոս 4։8-10. Ա. Յովհաննէս 3։5)։ Ուրեմն Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Սատանան իրական կա՛յ եւ թէ ան պարզապէս չարութեան յատկութիւնը չէ։
Պէ՞տք է զարմանանք որ շատեր չեն հաւատար որ Սատանան կայ։ Ոչ, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Սատանան խաբեբայութեամբ եւ խորամանկութեամբ իր նպատակներուն կը հասնի (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։9, 10)։ Եւ իր ամէնէն յաջող մեթոտն է՝ մարդոց հաւատացնել որ ինք գոյութիւն չունի (Բ. Կորնթացիս 4։4)։
Սատանային մասին սխալ կարծիքներ
Սխալ կարծիք։ Սատանային ուրիշ մէկ անունն է Արուսեակ (կամ՝ Լուսիֆըր)։
Իրողութիւն։ «Արուսեակ» թարգմանուած եբրայերէն բառը կը նշանակէ «փայլող» (Եսայի 14։12)։ Աստուածաշունչին այդ հատուածը ցոյց կու տայ որ այդ բառը Բաբելոնի թագաւորներուն մասին է, որոնց քիթը Աստուած գետինը պիտի քսէր՝ իրենց ինքնահաւանութեան պատճառով (Եսայի 14։4, 13-20)։ «Փայլող» բառը գործածուեցաւ ծաղրելու համար այդ թագաւորները, իրենց թագաւորութեան վերջ դրուելէ ետք։
Սխալ կարծիք։ Աստուած Սատանան կը գործածէ որպէս իր ծառան որ մարդիկը փորձէ։
Իրողութիւն։ Բանսարկու Սատանան Աստուծոյ թշնամին է, իր ծառան չէ։ Ան Աստուծոյ ծառաներուն դէմ կը կենայ եւ իրենց մասին սուտ բաներ կ’ըսէ (Ա. Պետրոս 5։8. Յայտնութիւն 12։10)։