Բ. ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12։1-21
12 Պարծենալը իրաւցնէ* անօգուտ է. միայն թէ Տէրոջը տեսիլքներուն ու յայտնութիւններուն հասնիմ։
2 Մարդ մը կը ճանչնայի Քրիստոսով, որ տասնըչորս տարի առաջ (մարմինո՞վ էր՝ չեմ գիտեր, կամ առա՞նց մարմնի՝ չեմ գիտեր, Աստուած գիտէ), յափշտակուեցաւ մինչեւ երրորդ երկինքը։
3 Ու կը ճանչնայի ուրիշ մարդ մը, (մարմնո՞վ թէ առանց մարմնի՝ չեմ գիտեր, Աստուած գիտէ,)
4 Որ դրախտ յափշտակուեցաւ ու լսեց անպատմելի խօսքեր, որոնց մասին արժան չէ խօսիլ։
5 Ես այնպիսիին համար պիտի պարծենամ. բայց իմ անձիս համար պիտի չպարծենամ, հապա միայն տկարութեանս վրայ։
6 Վասն զի եթէ պարծենալ ալ ուզեմ, անմիտ պիտի չըլլամ, որովհետեւ շիտակը պիտի խօսիմ. բայց կը խնայեմ խօսքս՝ որ չըլլայ թէ մէկը իմ վրաս աւելի համարում ունենայ, քան որչափ իմ վրաս կը տեսնէ կամ ինձմէ կը լսէ։
7 Որպէս զի չըլլայ որ ես հպարտանամ խիստ շատ յայտնութիւններուն համար։ Ինծի մարմնի խայթոց մը տրուեցաւ, Սատանայի հրեշտակ մը, զիս նեղելու համար, որպէս զի չըլլայ թէ հպարտանամ։
8 Ասոր համար երեք անգամ աղաչեցի Տէրոջը, որ մէկդի ընէ ինձմէ։
9 Ու ըսաւ ինծի. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի, վասն զի իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։ Ուստի մեծ յօժարութեամբ աւելի իմ տկարութիւններուս վրայ պիտի պարծենամ, որպէս զի Քրիստոսին զօրութիւնը իմ վրաս հանգչի։
10 Անոր համար համաձայնած եմ տկարութիւններու, նախատինքներու, տառապանքներու, հալածանքներու եւ նեղութիւններու՝ Քրիստոսին համար, վասն զի երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ։
ՊՕՂՈՍԻՆ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ
11 Ես անմիտ եղայ պարծենալով*։ Դուք ստիպեցիք զիս. վասն զի պէտք էր ձեզմէ վկայութիւն առնէի, քանզի ես երեւելի առաքեալներէն բանով մը պակաս չգտնուեցայ, թէեւ ես ոչինչ եմ։
12 Յիրաւի ձեր մէջ առաքեալի նշաններ գործուեցան ամէն համբերութիւնով, նշաններով եւ սքանչելիքներով ու զօրութիւններով։
13 Վասն զի ալ ի՞նչ կայ, որով պակաս գտնուեցաք ուրիշ եկեղեցիներէ, միայն անով՝ որ ես ձեզի ձանձրութիւն չտուի։ Ներեցէ՛ք ինծի այդ յանցանքը։
14 Ահա այս երրորդ անգամն է որ կը պատրաստուիմ ձեզի գալու. բայց ես ձեզի ձանձրութիւն պիտի չտամ, վասն զի ձեր ունեցածը չեմ փնտռեր, հապա՝ ձեզ. որովհետեւ որդիները պարտաւոր չեն ծնողքներուն համար բան դիզել, հապա ծնողքները՝ որդիներուն համար։
15 Ես մեծ յօժարութեամբ ծախք պիտի ընեմ ու ծախք պիտի ըլլամ ալ ձեր անձերուն համար, թէպէտեւ ձեզ աւելի սիրելովս ձեզմէ քիչ սիրուիմ ալ։
16 Սակայն ես ձեզի ծանրութիւն մը չտուի, բայց գուցէ մէկը ըսէ թէ խորագէտ ըլլալովս նենգութեամբ ձեզ բռնեցի։
17 Միթէ իմ ձեզի ղրկածներէս մէկուն ձեռքով ձեզմէ բան մը քաշեցի՞։
18 Տիտոսին աղաչեցի ու անոր հետ այն եղբայրը ղրկեցի. միթէ Տիտոս ձեզմէ բան մը քաշե՞ց. չէ՞ որ երկուքս ալ նոյն հոգիով քալեցինք, չէ՞ որ նոյն ճամբով պտըտեցանք։
19 Դարձեալ, կը կարծէք թէ ձեր առջեւ ջատագովութի՞ւն կ’ընենք մեր անձերուն. Աստուծոյ առջեւ Քրիստոսով կը խօսինք։ Ամէն բան, սիրելիներ, ձեր շինութեանը համար է.
20 Քանզի կը վախնամ որ չըլլայ թէ երբ գամ՝ ձեզ ուզածիս պէս չգտնեմ եւ ես ալ ձեզի ձեր ուզածին պէս չգտնուիմ. չըլլայ թէ ձեր մէջ գտնուին վէճեր, նախանձներ, սրտմտութիւններ, կամ գրգռութիւններ, չարախօսութիւններ, բանսարկութիւններ, ամբարտաւանութիւններ, խռովութիւններ.
21 Չըլլայ թէ երբ նորէն գամ, իմ Աստուածս զիս նկուն ընէ ձեր քով ու սուգ ընեմ շատերուն համար, որոնք առաջուընէ մեղք գործեցին ու չապաշխարեցին իրենց գործած պղծութեանը եւ պոռնկութեանը ու գիջութեանը վրայ։