Բ. ԹՈՒՂԹ ԱՌ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2։1-26
2 Արդ՝ որդեա՛կս, զօրացի՛ր այն շնորհքովը որ Յիսուս Քրիստոսով է։
2 Եւ այն բաները որոնք ինձմէ լսեցիր շատ վկաներով՝ հաւատարիմ մարդոց յանձնէ, որպէս զի անոնք ալ կարող ըլլան ուրիշներուն սորվեցնել։
3 Արդ՝ դուն նեղութիւններու համբերէ Յիսուս Քրիստոսի բարի զինուորի մը պէս։
4 Զինուոր մը այս կեանքին գործառնութիւններովը չի զբաղիր, որպէս զի զօրավարին հաճոյ ըլլայ։
5 Եւ մրցորդ մը պսակ չի ստանար, եթէ օրէնքին համաձայն չմրցի։
6 Աշխատող երկրագործը պէտք է առաջ ինք պտուղները վայելէ։
7 Իմացի՛ր ինչ որ կ’ըսեմ։ Տէրը քեզի իմաստութիւն տայ ամէն բանի մէջ։
8 Մի՛տքդ բեր Դաւիթին ցեղէն եղող Յիսուս Քրիստոսը՝ մեռելներէն յարութիւն առած, իմ քարոզած աւետարանիս համաձայն.
9 Որուն մէջ չարագործի մը պէս կը չարչարուիմ մինչեւ անգամ կապերով. բայց Աստուծոյ խօսքը կապուած չէ։
10 Ուստի ամէն բանի կը համբերեմ ընտրեալներուն համար, որպէս զի անոնք ալ հասնին այն փրկութեանը, որ Քրիստոս Յիսուսով է յաւիտենական փառքով։
11 Այս խօսքը հաւատարիմ է. վասն զի եթէ անոր հետ մեռանք, անոր հետ պիտի ապրինք ալ.
12 Եթէ համբերենք, անոր հետ պիտի թագաւորենք ալ. եթէ զինք ուրանանք, ինքն ալ մեզ պիտի ուրանայ.
13 Եթէ չհաւատանք, ինք հաւատարիմ կը մնայ, իր անձը չի կրնար ուրանալ։
ՅԱՆՁՆԱՐԱՐՈՒԱԾ ԳՈՐԾԱՒՈՐ ՄԸ
14 Այս բաները անոնց միտքը ձգէ՝ Տէրոջը առջեւ վկայելով, խօսքերու վրայ վէճ չընել՝ որ բանի մը օգտակար չէ, հապա միայն կը կործանէ լսողները։
15 Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով։
16 Բայց պիղծ ու փուճ խօսքերէն մէկդի՛ կեցիր, քանզի անոնք աւելի յառաջ կ’երթան ամբարշտութեան մէջ
17 Եւ անոնց խօսքը քաղցկեղի պէս կը ճարակէ. որոնց կարգն են Հիմենոսն ու Փիղետոսը,
18 Որոնք ճշմարտութենէն մոլորեցան ու կ’ըսեն թէ մեռելներուն յարութիւնը արդէն եղած է եւ կը կործանեն ոմանց հաւատքը։
19 Բայց Աստուծոյ հիմը հաստատուն կը կենայ ու այս կնիքը ունի, թէ՝ «Տէրը կը ճանչնայ զանոնք, որ իրն են» եւ «Անիրաւութենէ մէկդի թող կենան անոնք, որ Քրիստոսին* կը պատկանին»։
20 Մեծ տան մը մէջ ոչ միայն ոսկիէ ու արծաթէ ամաններ կան, հապա փայտէ ու հողէ ամաններ ալ կան։ Ոմանք պատիւի համար են ու ոմանք՝ անարգանքի համար։
21 Ուստի եթէ մէկը իր անձը անարգ բաներէ մաքրէ, անիկա պատուական անօթ մը պիտի ըլլայ, սրբուած ու իր Տէրոջը պիտանի, ամէն բարի գործերու համար պատրաստուած։
22 Երիտասարդական ցանկութիւններէն ալ փախի՛ր ու գնա՛ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան ետեւէ անոնց հետ որ Տէրոջը անունը կը կանչեն մաքուր սրտով։
23 Բայց յիմարական ու անիմաստ վէճերէն մէկդի քաշուէ, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը ծնանին։
24 Տէրոջը ծառան պէտք չէ կռուի, հապա հեզահոգի ըլլայ ամենուն, սորվեցնող, ոխ չպահող.
25 Քաղցրութեամբ խրատէ հակառակ կեցողները, որ թերեւս Աստուած ապաշխարութիւն տայ անոնց՝ ճշմարտութիւնը ճանչնալու համար
26 Եւ Սատանային որոգայթէն զգաստանան, որմէ բռնուած են անոր կամքին ծառայելու։
Ստորանիշներ
^ 2։19 Ոմանք, Տէրոջը