ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 21։1-40
21 Երբ ելանք ու անոնցմէ զատուեցանք, շիտակ նաւելով Կով հասանք ու միւս օրը՝ Հռոդոն ու անկէ՝ Պատարա։
2 Եւ նաւ մը գտանք, որ Փիւնիկէ կ’երթար։ Անոր մէջ մտնելով՝ ճամբայ ելանք։
3 Եւ երբ Կիպրոս երեւցաւ, զանիկա ձախ կողմերնիս թողելով՝ դէպի Սուրիա նաւեցինք եւ Տիւրոս հասանք, վասն զի նաւը հոն պիտի թափէր իր բեռը։
4 Եւ աշակերտներ գտնելով՝ եօթը օր հոն կեցանք, որոնք Սուրբ Հոգիով կ’ըսէին Պօղոսին որ Երուսաղէմ չելլէ։
5 Երբ այն օրերը անցուցինք, ելանք ու կ’երթայինք. ամէնքն ալ, կիներով ու տղաքներով, մինչեւ քաղաքէն դուրս մեզ ճամբեցուցին։ Ծովուն եզերքը ծունկի գալով աղօթք ըրինք
6 Ու իրարու հրաժարական ողջոյն տալով՝ մենք նաւը ելանք, անոնք ալ տեղերնին դարձան։
7 Իսկ մենք Տիւրոսէ զատուելով եւ ծովու ճամբորդութիւնը լմնցնելով՝ Պտողէմայիս հասանք ու եղբայրները բարեւելով՝ օր մը անոնց քով կեցանք։
8 Հետեւեալ օրը անկէ* ելանք ու Կեսարիա գացինք եւ Փիլիպպոս աւետարանիչին տունը մտնելով, որ եօթնէն մէկն էր, անոր քով կեցանք։
9 Անիկա չորս կոյս աղջիկ ունէր, որոնք մարգարէութիւն կ’ընէին։
10 Հոն բաւական կեցանք։ Այդ ատենները Հրէաստանէն մարգարէ մը հասաւ՝ Ագաբոս անունով։
11 Երբ մեզի եկաւ, Պօղոսին գօտին առնելով իր ձեռքերն ու ոտքերը կապեց եւ ըսաւ. «Այսպէս կ’ըսէ Սուրբ Հոգին. ‘Այն մարդը՝ որունն է այս գօտին, այսպէս պիտի կապեն Հրեաները Երուսաղէմի մէջ ու հեթանոսներուն պիտի մատնեն’»։
12 Երբ ասիկա լսեցինք, աղաչեցինք մենք ալ, տեղացիներն ալ, որ Երուսաղէմ չելլէ։
13 Իսկ Պօղոս պատասխան տուաւ. «Ի՞նչ կ’ընէք, ինչո՞ւ կու լաք ու իմ սիրտս կը ճմլէք. քանզի ես ո՛չ միայն Երուսաղէմի մէջ կապուելու, հապա նաեւ մեռնելու ալ պատրաստ եմ Տէր Յիսուսի անուանը համար»։
14 Երբ ինք մտիկ չըրաւ, լուռ կեցանք ու ըսինք. «Տէրոջը կամքը թող ըլլայ»։
15 Քանի մը օր յետոյ պատրաստուելով Երուսաղէմ ելանք։
16 Կեսարացի աշակերտներէն ալ մի քանիներ մեզի հետ էին եւ մեզ տարին նախկին աշակերտի մը՝ Կիպրացի Մնասոնին, որուն քով պիտի կենայինք։
ՊՕՂՈՍ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՅԱԿՈԲՈՍԻՆ
17 Երբ Երուսաղէմ մտանք, եղբայրները ուրախութեամբ ընդունեցին մեզ։
18 Հետեւեալ օրը Պօղոս մեզի հետ Յակոբոսին քով գնաց ու բոլոր երէցներն ալ եկան։
19 Եւ զանոնք բարեւելով մէկիկ մէկիկ կը պատմէր ինչ որ Աստուած հեթանոսներուն ըրաւ իր ծառայութիւնովը։
20 Անոնք ալ լսելով՝ փառք տուին Տէրոջը* եւ ըսին իրեն. «Կը տեսնե՞ս ե՛ղբայր, քանի՛ բիւրաւոր հաւատացեալ Հրեաներ կան, որոնք ամէնքն ալ օրէնքին նախանձաւոր են։
21 Բայց քու վրայովդ իմացան թէ դուն բոլոր հեթանոսներուն մէջ եղած Հրեաներուն Մովսէսին ապստամբիլ կը սորվեցնես, ըսելով որ տղաքնին չթլփատեն եւ սովորութիւններուն համեմատ չվարուին։
22 Արդ՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ. անշուշտ բազմութիւն մը պիտի հաւաքուի, վասն զի պիտի լսեն թէ եկեր ես։
23 Ուստի ըրէ ինչ որ քեզի կ’ըսենք։ Մեր քով չորս մարդ կայ, որոնք ուխտ ըրած են.
24 Զանոնք ա՛ռ, իրենց հետ մաքրուէ եւ անոնց համար ծախք ըրէ, որ իրենց գլուխը ածիլեն, որպէս զի ամէնքն ալ գիտնան թէ քու վրայովդ իմացած բաներնին սխալ է, այլ դուն ալ մեզի հետ օրէնքը կը պահես։
25 Բայց հաւատքը ընդունող հեթանոսներուն համար մենք թուղթով իմացուցինք մեր որոշումը, որ անոնք բնաւ այսպիսի բաներ չպահեն. միայն թէ զգուշանան կուռքերու զոհուածէ ու արիւնէ եւ խեղդուածէ ու պոռնկութենէ»։
26 Այն ատեն Պօղոս այն մարդիկը առաւ ու հետեւեալ օրը անոնց հետ մաքրուած՝ տաճարը մտաւ, մաքրութեան օրերուն լմննալը ցուցնելու համար, մինչեւ որ իւրաքանչիւրին համար պատարագ մատուցուեցաւ։
ՊՕՂՈՍ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԻ
27 Եօթը օրերը լմննալու վրայ էին, երբ Ասիացի Հրեաները զանիկա տաճարին մէջ տեսնելով՝ բոլոր բազմութիւնը գրգռեցին եւ զայն բռնելով՝ կը կանչվռտէին.
28 «Իսրայելացի՛ մարդիկ, օգնութեան հասէք։ Աս այն մա՛րդն է՝ որ ամէն տեղ ժողովուրդին եւ օրէնքին ու այս տեղին դէմ բան կը սորվեցնէ ամենուն. նոյնիսկ տաճարին մէջ Յոյներ ալ մտցուց եւ այս սուրբ տեղը պղծեց».
29 Վասն զի նախապէս Եփեսացի Տրոփիմոսը իրեն հետ քաղաքին մէջ տեսեր էին եւ կը կարծէին թէ Պօղոս զանիկա տաճարը մտցուց.
30 Ու բոլոր քաղաքը շարժեցաւ եւ ժողովուրդը դիզուեցաւ ու բռնեցին Պօղոսը տաճարէն դուրս քաշեցին եւ շուտ մը դռները գոցուեցան։
31 Ու երբ անոնք կ’ուզէին զանիկա սպաննել, լուր հասաւ գունդին հազարապետին թէ բոլոր Երուսաղէմը իրար անցեր է։
32 Ան ալ անմիջապէս զինուորներ եւ հարիւրապետներ առած՝ անոնց վրայ վազեց։ Անոնք ալ հազարապետը եւ զինուորները տեսնելով՝ Պօղոսը ծեծելէ դադարեցան։
33 Այն ատեն հազարապետը մօտենալով բռնեց զանիկա եւ հրաման ըրաւ որ կրկին շղթայով կապեն ու կը հարցնէր թէ՝ անիկա ո՞վ է ու ի՞նչ ըրեր է։
34 Բազմութեանը մէջէն մէկը՝ մէկ կերպ ու միւսը ուրիշ կերպ բան կը կանչվռտէին։ Երբ չկրցաւ այն շփոթութենէն ստոյգը գիտնալ, հրաման ըրաւ որ զանիկա բերդը տանին։
35 Ու երբ սանդուխը հասաւ, այնպէս պատահեցաւ որ զինուորները վեր վերցնեն զանիկա, ժողովուրդին բռնութեանը համար.
36 Վասն զի ժողովուրդին բազմութիւնը ետեւէն կ’երթար ու կ’ըսէին. «Վերցո՛ւր ատիկա»։
ՊՕՂՈՍԻՆ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
37 Երբ Պօղոս բերդը մտնելու վրայ էր, հազարապետին ըսաւ. «Արդեօք կարելի՞ է որ քեզի բան մը խօսիմ»։ Ան ալ ըսաւ. «Յունարէն գիտե՞ս.
38 Չէ՞ որ դուն այն Եգիպտացին ես, որ քիչ ժամանակ առաջ չորս հազար սրիկայ* մարդիկ ապստամբեցուցիր, անապատը հանեցիր»։
39 Պօղոս ալ ըսաւ. «Ես Հրեայ մարդ մըն եմ Կիլիկիոյ Տարսոնէն, ո՛չ թէ աննշան քաղաքացի մը ու կ’աղաչեմ քեզի ինծի հրաման տուր որ ժողովուրդին խօսիմ»։
40 Երբ անիկա հրաման տուաւ, Պօղոս սանդուխին վրայ կայնելով՝ ձեռքը շարժեց ժողովուրդին ու երբ լման լռութիւն եղաւ Եբրայեցերէն լեզուով խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ.
Ստորանիշներ
^ 21։8 Ոմանք կ’աւելցնեն, մենք որ Պօղոսին ընկերներն էինք՝
^ 21։20 Ոմանք, Աստուծոյ
^ 21։38 Յուն., սիկարեան, այսինքն, դաշնակակիր մարդասպան