ԵԼԻՑ 22։1-31
22 «Եթէ մէկը արջառ մը կամ ոչխար մը գողնայ ու մորթէ կամ ծախէ զանիկա, մէկ արջառին տեղ հինգ արջառ ու մէկ ոչխարին տեղ չորս ոչխար պիտի հատուցանէ։
2 Եթէ գող մը տուն ծակելու վրայ գտնուի ու զարնուի եւ մեռնի, անոր համար արիւն պիտի չթափուի։
3 Եթէ անոր վրայ արեւը ծագեր էր, անոր համար արիւն պիտի թափուի։ Անիկա լման կրնար հատուցանել. եթէ բան մըն ալ չունենար, այն ատեն իր գողցած բանին համար կրնար ծախուիլ։
4 Եթէ գողցածը իր ձեռքը ողջ գտնուի, եզ ըլլայ, թէ էշ կամ ոչխար, կրկինը պիտի հատուցանէ։
5 Եթէ մէկը արտի մը կամ այգիի մը վնաս տայ*, ձգելով որ իր անասունը ուրիշի մը արտին մէջ արածի, իր արտին ամենէն աղէկ արդիւնքէն ու իր այգիին ամենէն աղէկ բերքէն պիտի հատուցանէ։
6 Եթէ կրակ ցատքէ, ցանկին փուշերուն փակչի եւ դիզուած որաները կամ չհնձուած ցորենը կամ արտը այրի, կրակը վառողը այրածին արժէքը լման պիտի հատուցանէ։
7 Եթէ մէկը իր դրացիին ստակ կամ ամաններ տայ պահելու համար եւ դրացիին տունէն գողցուի, եթէ գողը գտնուի, գողը կրկինը պիտի հատուցանէ։
8 Եթէ գողը չգտնուի, տանտէրը դատաւորներուն պիտի տարուի, յանձնուած ստացուածքին ձեռք չդպցնելը ստուգելու համար։
9 Ամէն կերպ անիրաւութեան համար, եզի, կամ իշու, ոչխարի եւ կամ հանդերձի համար, կամ ամէն կերպ կորսուած բանի համար՝ որ մէկը կը հաստատէ թէ իրն է, երկու կողմին դատը դատաւորներուն առջեւ տարուի ու երբ դատաւորները ճշդեն յանցաւորը, անիկա իր դրացիին՝ կրկինը պիտի հատուցանէ։
10 Եթէ մէկը իր դրացիին էշը կամ եզը, կամ ոչխարը, կամ ոեւէ անասուն պահելու համար տայ ու անիկա մեռնի կամ վնասուի, կամ թշնամին առնէ տանի* ու տեսնող մը չըլլայ,
11 Այն ատեն երկուքին մէջտեղ Տէրոջը երդումն ըլլայ՝ իր դրացիին ստացուածքին ձեռք չդպցնելուն համար ու անոր տէրը պիտի ընդունի երդումը եւ ինք պիտի չհատուցանէ։
12 Եթէ իրաւցնէ իր քովէն գողցուեր է, ինք անոր տիրոջը պէտք է հատուցանէ։
13 Եթէ գազանէ պատառուած ըլլայ, թող բերէ զանիկա՝ վկայութիւն ըլլալու համար. այն ատեն պատառուածին գինը պիտի չհատուցանէ։
14 Եւ եթէ մէկը իր դրացիէն անասուն փոխ առնէ ու անիկա վնասուի կամ մեռնելու ըլլայ եւ անոր տէրը իրեն հետ չըլլայ, ինք անշուշտ պիտի հատուցանէ.
15 Բայց եթէ անոր տէրը իրեն հետ էր, պիտի չհատուցանէ։ Եթէ վարձքով առած էր, վարձքին տեղը սեպուի։
ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԵՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐ
16 Եթէ մէկը չնշանուած աղջիկ մը խաբէ ու անոր հետ պառկի, անշուշտ անոր օժիտը ինք տալով զանիկա իրեն կին պէտք է ընէ։
17 Եթէ աղջկան հայրը ամենեւին չուզէ տալ, անիկա կոյսերուն օժիտին չափ ստակ պարտի տալ։
18 Կախարդ կինը մի՛ ապրեցներ։
19 Ով որ անասունի հետ պառկի, անշուշտ պէտք է մեռցուի։
20 Միայն Տէրոջմէն զատ ուրիշ աստուածներու զոհ ընողը բոլորովին պէտք է կորսուի։
21 Օտարականը մի՛ չարչարեր ու զանիկա մի՛ նեղեր. վասն զի դուք ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ օտարական էիք։
22 Որբեւայրին ու որբը բնաւ մի՛ չարչարէք։
23 Եթէ զանոնք չարչարէք ինչ կերպով ալ ըլլայ ու անոնք ինծի բողոքելու ըլլան, անշուշտ պիտի լսեմ անոնց աղաղակը։
24 Իմ բարկութիւնս պիտի բորբոքի ու ձեզ սրով պիտի մեռցնեմ եւ ձեր կիները որբեւայրի ու ձեր տղաքները որբ պիտի ըլլան։
25 Եթէ իմ ժողովուրդէս քու քովդ եղած աղքատ մէկուն փոխ ստակ տաս, վաշխ առնողի մը պէս մի՛ ըլլար ու անոր վրայ վաշխ մի՛ դներ։
26 Եթէ քու դրացիիդ հանդերձը գրաւ առնես, արեւը մարը չմտած իրեն ետ դարձուր.
27 Վասն զի այն է միայն անոր ծածկոցը, իր մարմնին հանդերձն է այն։ Ինչո՞վ պիտի պառկի։ Եթէ ինծի աղաղակէ, պիտի լսեմ, քանզի ես ողորմած եմ։
28 Դատաւորներուն մի՛ հայհոյեր եւ քու ժողովուրդիդ իշխանը մի՛ անիծեր։
29 Քու արմտիքներուդ ու հեղանիւթերուդ երախայրիները մի՛ ուշացներ. քու որդիներուդ անդրանիկները ինծի պէտք է տաս։
30 Քու եզիդ ու ոչխարիդ ալ այսպէս ըրէ. եօթը օր մօրը հետ պիտի ըլլայ. ութերորդ օրը զայն ինծի պիտի տաս։
31 Դուք ինծի սուրբ մարդիկ պիտի ըլլաք։ Դաշտին մէջ գազաններէն պատառուածին միսը մի՛ ուտէք. այլ՝ շուներուն նետեցէք։