ԵՍԱՅԵԱՅ 24։1-23

24  Ահա Տէրը երկիրը կը պարպէ ու զանիկա կը դատարկեցնէԵւ տակնուվրայ ընելով անոր բնակիչները կը ցրուէ։   Ինչպէս է ժողովուրդը, քահանան ալ՝ այնպէս,Ինչպէս է աղախինը, իր տիկինն ալ՝ այնպէս,Ինչպէս է ծախու առնողը, ծախողն ալ՝ այնպէս,Ինչպէս է փոխ տուողը, առնողն ալ՝ այնպէս,Ինչպէս է տոկոս առնողը՝ տոկոս տուողն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։   Երկիրը բոլորովին պիտի պարպուիՈւ բոլորովին պիտի կողոպտուի,Քանզի այս խօսքը Տէրը խօսեցաւ։   Երկիրը սուգ կը բռնէ ու կը մարի,Աշխարհը կը նուաղի ու կը մարի,Երկրին ժողովուրդին մեծերը կը նուաղին։   Երկիրը իր բնակիչներուն կողմէ պղծուեցաւ,Քանզի անոնք օրէնքները զանց ըրին,Պատուիրանքը փոխեցին, յաւիտենական ուխտը խափանեցին։   Այս պատճառով նզովուեցաւ երկիրըՈւ անոր մէջ բնակողները իրենց յանցանքին պատիժը կրեցին,Որուն համար երկրին բնակիչները այրեցանՈւ քիչ մարդիկ մնացին։   Նոր գինին սուգ կը բռնէ, որթատունկը կը նուաղիԵւ բոլոր ուրախ եղողները կը հառաչեն։   Թմբուկներուն ցնծութիւնը կը դադարի,Ուրախութիւն ընողներուն աղաղակը կը կտրի,Քնարին ցնծութիւնը կը դադրի։   Երգով գինի պիտի չխմեն.Ցքին խմողներուն դառն պիտի ըլլայ։ 10  Դատարկ քաղաքը կործանուեցաւ,Ամէն տուն գոցուեցաւ, որպէս զի մարդ մը չմտնէ։ 11  Փողոցներուն մէջ գինիի համար աղաղակ կայ.Ամէն ուրախութիւն լռեց,Երկրին ցնծութիւնը վերցուեցաւ։ 12  Քաղաքին մէջ ամայութիւն մնացՈւ դուռը կոտրուեցաւ ու աւերակ եղաւ։ 13  Քանզի երկրին մէջ, ժողովուրդներուն մէջ,Թօթուուած ձիթենիի պէսՈւ այգեկութքէն ետքը ճռաքաղի պէս պիտի ըլլայ։ 14  Անոնք ձայներնին վերցնելով ցնծութեամբ պիտի երգեն,Ծովու կողմէն Տէրոջը փառքին համար բարձրաձայն պիտի աղաղակեն։ 15  Անոր համար արեւելեան կողմը* փառաւորեցէ՛ք Տէրը,Ծովու կղզիներուն մէջ՝ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունը։ 16  Երկրի ծայրերէն օրհնութիւններ լսեցինք,Արդարին փառք մատուցանեցէք,Բայց ես ըսի. «Նիհար եմ, նիհար եմ, վա՜յ ինձ.Յափշտակողները կը յափշտակեն.Յափշտակողները բռնի կը յափշտակեն»։ 17  Ո՛վ երկրի բնակիչ,Վախ, գուբ եւ որոգայթ պիտի ըլլայ քու վրադ։ 18  Վախին ձայնէն փախչողը գուբը պիտի իյնայ,Գուբին մէջէն ելլողը որոգայթին մէջ պիտի բռնուի,Քանզի բարձրէն պատուհանները բաց ենՈւ երկրին հիմերը կը շարժին։ 19  Երկիրը բոլորովին կը ճնշուի.Երկիրը բոլորովին կը պատռուի,Երկիրը բոլորովին կը սարսի. 20  Երկիրը գինովի պէս անդադար պիտի երերայՈւ հիւղի պէս պիտի շարժի։Անոր մեղքը պիտի ծանրանայ անոր վրայ։Անիկա պիտի իյնայ ու անգամ մըն ալ պիտի չելլէ։ 21  Այն օրը Տէրը բարձրէն այցելութիւն պիտի ընէ հպարտներուն զօրքինՈւ երկրի վրայ՝ երկրի թագաւորներուն։ 22  Անոնք պիտի հաւաքուին,Ինչպէս բանտարկեալները գուբին մէջ կը հաւաքուինՈւ բանտի մէջ պիտի գոցուին։Շատ ժամանակ յետոյ անոնք պիտի պատժուին։ 23  Լուսինը պիտի ամչնայ ու արեւը պիտի պատկառի,Երբ զօրքերու Տէրը Սիօն լերանը վրայՈւ Երուսաղէմի մէջ թագաւորէՈւ իր մեծերուն առջեւ փառաւորուի։

Ստորանիշներ

24։15 Եբր., լոյսերուն մէջ