ԵՍԱՅԵԱՅ 26։1-21

26  Այն օրը Յուդային երկրին մէջ այս երգը պիտի երգեն.«Մենք զօրաւոր քաղաք մը ունինք.Փրկութիւնը պարիսպներու ու պատնէշներու տեղ կը կանգնեցնէ։   Դռները բացէ՛ք,Որպէս զի ճշմարտութիւն պահող արդար ազգը ներս մտնէ։   Հաստատ միտքը կատարեալ խաղաղութեան մէջ կը պահես,Վասն զի քեզի կը յուսայ։   Յաւիտեան Տէրոջը յուսացէք,Քանզի Տէր Եհովան յաւիտենական վէմ է,   Քանզի անիկա բարձր տեղեր բնակողները կը խոնարհեցնէ,Բարձր քաղաքը կը ցածցնէ,Զանիկա հողի հետ հաւասար կ’ընէ։   Ոտքը զանիկա պիտի կոխկռտէ,Աղքատին ոտքն ու չքաւորներուն գարշապարը»։   Արդարին ճամբան շիտակ է։Դո՛ւն, որ ուղիղ ես, արդարին ճամբան դուն կ’ուղղես։   Քու դատաստաններուդ ճամբուն մէջ քեզի կը սպասենք, ո՛վ Տէր.Մեր հոգիին ցանկութիւնը քու անուանդ եւ քու յիշատակիդ համար է։   Գիշերը հոգիով քեզի ցանկացիՈւ առաւօտուն քեզ փնտռեցի բոլոր սրտովս*.Քանզի, երբ քու դատաստաններդ երկրի վրայ ըլլան,Աշխարհի բնակիչները արդարութիւն կը սորվին։ 10  Ամբարշտին ողորմութիւն ալ ըլլայ՝ արդարութիւն չի սորվիր։Անիկա ուղղութեան երկրին մէջ անօրէնութիւն կը գործէՈւ Տէրոջը մեծափառութիւնը չի տեսներ։ 11  Ո՛վ Տէր, անոնք քու ձեռքիդ բարձրանալը չեն տեսներ,Բայց ժողովուրդին վրայ քու ունեցած նախանձդ պիտի տեսնեն ու ամչնան։Կրակը պիտի սպառէ քու թշնամիներդ։ 12  Ո՛վ Տէր, մեզի խաղաղութիւն պիտի տաս,Վասն զի մեր բոլոր գործերն ալ դուն մեզի համար կատարեցիր։ 13  Ո՛վ Տէր Աստուած մեր, քեզմէ զատ ուրիշ տէրեր մեր վրայ տիրեցին,Բայց քու անունդ, միայն քո՛ւկդ կը յիշենք։ 14  Անոնք մեռած են, պիտի չողջննան,Ուրուականներ են, չեն կրնար ելլել,Վասն զի դուն այցելութիւն ընելով՝ զանոնք բնաջինջ ըրիրՈւ անոնց յիշատակը կորսնցուցիր։ 15  Դուն այս ազգը աւելցուցիր, ո՛վ Տէր,Այս ազգը աւելցնելով՝ փառաւորուեցար,Երկրին բոլոր ծայրերը ընդարձակեցիր։ 16  Ո՛վ Տէր, նեղութեան մէջ քեզ փնտռեցին,Քու պատիժդ անոնց վրայ եղած ատեն աղաչանք ըրին*։ 17  Ինչպէս ծնանելու մօտ եղող յղի կինըԻր երկունքին մէջ տանջուելով կ’աղաղակէ,Մենք ալ քու առջեւդ այնպէս եղանք, ո՛վ Տէր։ 18  Յղացանք, ցաւեր քաշեցինք,Հով ծնանողի պէս եղանքՈւ երկիրը չկրցանք ազատելԵւ աշխարհի բնակիչները չինկան։ 19  Քու մեռելներդ պիտի ողջննան։Մեռելներուդ մարմինները յարութիւն պիտի առնեն։Արթնցէ՛ք ու ցնծութեամբ երգեցէ՛ք, ո՛վ հողի մէջ բնակողներ.Քանզի քու ցօղդ խոտերու ցօղ է։Երկիրը իր մեռելները դուրս պիտի նետէ։ ԴԱՏԱՍՏԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ 20  Գնա՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս, քու սենեակներուդ մէջ մտի՛րՈւ քու վրադ դռներդ գոցէ՛.Պահուէ՛ քիչ մը, վայրկեան մը,Մինչեւ բարկութիւնը անցնի։ 21  Քանզի ահա Տէրը իր տեղէն կ’ելլէ,Որպէս զի երկրի բնակիչներուն այցելութիւն ընէ իրենց անօրէնութեանը համար։Եւ երկիր իր արիւնները պիտի յայտնէԵւ սպաննուածներն ալ պիտի չծածկէ։

Ստորանիշներ

26։9 Եբր., իմ ներսիդիս եղած հոգիովս
26։16 Կամ, հառաչանք թափեցին