ԵՍԱՅԵԱՅ 27։1-13
27 Այն օրը Տէրը իր ամրակուռ, մեծ ու զօրաւոր սուրովըՊիտի պատժէ Լեւիաթանը, փախչող օձը,Այսինքն այն Լեւիաթանը՝ գալարուող օձըՈւ ծովուն մէջ եղող վիշապը պիտի մեռցնէ։
2 «Այն օրը գինիի* այգիին վրայ երգեցէք.
3 Ես՝ Տէրս՝ կը պահեմ զանիկա,Ամէն վայրկեան պիտի ոռոգեմ զանիկա,Գիշեր ու ցորեկ անոր պահպանութիւն պիտի ընեմ,Որպէս զի չըլլայ թէ մարդ մը անոր վնասէ։
4 Ես բարկութիւն չունիմ.Երանի՜ թէ ցախերն ու փուշերը ինծի դէմ պատերազմէին։Ես անոնց վրայ պիտի քալէիՈւ զանոնք մէկէն պիտի այրէի։
5 Եթէ ոչ՝ թող իմ զօրութեանս ապաւինին,Թող ինծի հետ խաղաղութիւն ընեն.Թող ինծի հետ խաղաղութիւն ընեն»։
6 Ապագային Յակոբ պիտի արմատանայ,Իսրայէլ պիտի ծաղկի ու պիտի ընձիւղիԵւ պտուղով աշխարհի երեսը պիտի լեցնեն։
7 Միթէ զանիկա զարնողին հարուածի՞ն պէս զարկաւ զանիկա,Կամ անկէ սպաննուածներուն սպանութեա՞ն պէս սպաննուեցաւ։
8 Չափաւորութեամբ վիճեցար անոր հետ,Երբ զանիկա ղրկեցիր,Թէեւ արեւելեան հովին օրը սաստիկ հովով տարիր։
9 Ուստի ասով քաւութիւն պիտի ըլլայ Յակոբին անօրէնութեանը։Բոլոր դիտաւորութիւնը* այս է, որ անոր մեղքը վերցնէ,Երբ զոհարաններուն բոլոր քարերը կիրի փշրուած քարերու պէս ընէ,Աստարովթի կուռքերն ու արեգակին արձանները ա՛լ պիտի չկանգնին։
10 Քանզի պարսպապատ քաղաքը՝ ամայիՈւ շէն տեղը անապատի պէս պիտի թողուի ու մոռցուի։Զուարակը հո՛ն պիտի արածի ու հո՛ն պիտի պառկիՈւ անոր ճիւղերը պիտի հատցնէ։
11 Անոր ոստերը չորնալով պիտի կոտրին,Կիները պիտի գան ու զանոնք պիտի բռնկեցնեն։Անիկա իմաստուն ժողովուրդ չէ,Ուստի զանիկա ստեղծողը անոր վրայ պիտի չգթայՈւ զանիկա կազմողը անոր պիտի չողորմի։
12 Այն օրը,Տէրը Գետին յորձանքէն մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը պիտի թօթուէ։Դո՛ւք, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ,Մէկիկ մէկիկ պիտի հաւաքուիք։
13 Այն օրը մեծ փողը պիտի հնչեցնենԵւ Ասորեստանի երկրին մէջ թափառական եղողներըՈւ Եգիպտոսի երկրին մէջ աքսորուածները պիտի գանՈւ Երուսաղէմ սուրբ լերանը վրայՏէրոջը երկրպագութիւն պիտի ընեն։