ԵՍԱՅԵԱՅ 34։1-17
34 Ո՛վ ազգեր, մօտեցէ՛ք, որպէս զի լսէք,Ո՛վ ժողովուրդներ, ականջ տուէ՛ք.Երկիրն ու անոր լիութիւնը,Աշխարհն ու անոր բոլոր բնակիչները* թող մտիկ ընեն։
2 Վասն զի Տէրոջը բարկութիւնը՝ բոլոր ազգերուն վրայՈւ սրտմտութիւնը անոնց բոլոր զօրքերուն վրայ է։Անիկա զանոնք նզովեց, զանոնք սպանդի մատնեց։
3 Անոնց սպաննուածները պիտի նետուինՈւ անոնց դիակներէն գէշ հոտ պիտի ելլէ։Անոնց արիւնէն լեռները պիտի հալին,
4 Երկնքի բոլոր զօրքերը պիտի հալինՈւ երկինք մագաղաթի պէս պիտի գալարիԵւ անոր բոլոր զօրքերը վար պիտի թափին՝Ինչպէս տերեւը որթատունկէն կը թափիՈւ ինչպէս թուզը թզենիէն կը թափի։
5 Քանզի իմ սուրս երկնքի մէջ արբեցած է։Ահա անիկա Եդովմին վրայ ու իմ նզոված ժողովուրդիս վրայԴատաստան ընելու պիտի իջնէ։
6 Տէրոջը սուրը արիւնով լեցուած էՈւ ճարպով իւղոտուած է՝Գառներուն եւ նոխազներուն արիւնովըՈւ խոյերուն երիկամունքներուն ճարպովը,Քանզի Տէրը Բօսրայի մէջ զոհ ունիՈւ Եդովմի երկրին մէջ՝ մեծ սպանդ։
7 Անոնց հետ պիտի իյնան միեղջերուները*Ու զուարակները՝ ցուլերուն հետԵւ անոնց երկիրը արիւնով պիտի գինովնայՈւ անոնց հողը ճարպով պիտի պարարտանայ,
8 Քանզի Տէրոջը վրէժխնդրութեան օրըՈւ Սիօնին վէճին համար հատուցման տարին է։
9 Անոր գետերը՝ ձիւթիՈւ հողը ծծումբի պիտի դառնան։Անոր երկիրը վառուած ձիւթ պիտի ըլլայ,
10 Գիշեր ու ցորեկ պիտի չմարի.Անոր ծուխը յաւիտեան պիտի ելլէԵւ դարէ դար աւերակ պիտի մնայ։Յաւիտեանս յաւիտենից անկէ անցնող պիտի չըլլայ։
11 Հապա զանիկա հաւալուսներն ու ոզնիները պիտի ժառանգեն։Հոն քաջահաւն ու ագռաւը պիտի բնակին։Անոր վրայ դատարկութեան լարըԵւ ունայնութեան կշիռքը պիտի քաշուի։
12 Անոր ազնուականները թագաւորութեան պիտի կանչեն,Բայց հոն մէկը պիտի չգտնուի։Անոր բոլոր իշխանները պիտի ոչնչանան։
13 Անոր պալատներուն մէջ փուշեր։Անոր պարիսպներուն վրայ եղիճ ու եկքան պիտի բուսնին.Չագալներու բնակարան,Ջայլամներու գաւիթ պիտի ըլլայ։
14 Վայրենի կատուները բորենիներուն պիտի հանդիպին,Այծամարդերը իրարու ձայն պիտի տան։Յուշկապարիկները հոն պիտի հանգչինՈւ հոն իրենց հանգիստ տեղ պիտի գտնեն։
15 Հոն իժը իր բոյնը պիտի շինէ ու հաւկիթ պիտի ածէԵւ իր ձագերը պիտի հանէ ու իր հովանիին տակ առնելով պիտի խնամէ։Ուրուրները հոն պիտի հաւաքուին, ամէն մէկը իր ընկերին հետ։
16 Տէրոջը գրքին մէջ փնտռեցէ՛ք ու կարդացէ՛ք.Ասոնց մէ՛կը պիտի չպակսի,Մէ՛կուն ընկերը պակաս պիտի չըլլայ,Վասն զի իր բերանը հրամայեր էՈւ իր Հոգին պիտի հաւաքէ զանոնք։
17 Ինք անոնց համար վիճակ ձգեր էՈւ իր ձեռքը զանիկա լարով բաժներ է անոնց։Զանիկա յաւիտեան պիտի ժառանգեն,Դարէ դար անոր մէջ պիտի բնակին։