ԹՈՒՈՑ 19։1-22
19 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով.
2 «Այս է օրէնքին որոշումը, որ Տէրը պատուիրեց՝ ըսելով. Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ քեզի անարատ ու անբիծ կարմիր երինջ մը բերեն, որուն վրայ լուծ դրուած չըլլայ։
3 Եւ Եղիազար քահանային պէտք է տաք զանիկա, որպէս զի բանակէն դուրս հանէ ու իր առջեւ մորթեն զանիկա։
4 Եւ Եղիազար քահանան իր մատովը անոր արիւնէն թող առնէ ու դէպի վկայութեան խորանին առջեւի կողմը եօթը անգամ սրսկէ անոր արիւնէն։
5 Ետքը իր աչքին առջեւ թող այրեն երինջը։ Անոր մորթն ու միսը եւ անոր արիւնը աղբովը մէկտեղ թող այրեն։
6 Քահանան թող առնէ եղեւին փայտ, զոպայ ու կրկնակի կարմիր եւ երինջը այրող կրակին մէջ նետէ։
7 Եւ քահանան իր հանդերձներն ու իր մարմինը ջրով թող լուայ ու ետքը բանակը մտնէ եւ քահանան մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։
8 Եւ զանիկա այրողը իր հանդերձներն ու իր մարմինը ջրով պէտք է լուայ եւ մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։
9 Եւ մաքուր մարդ մը երինջին մոխիրը պիտի հաւաքէ ու բանակէն դուրս մաքուր տեղ մը դնէ եւ Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդին համար պիտի պահուի, մեղաց համար մաքրութեան ջուր ըլլալու։
10 Եւ երինջին մոխիրը հաւաքողը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ եւ ասիկա Իսրայէլի որդիներուն ու անոնց մէջ պանդխտացող օտարականին համար յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։
ԴԻԱԿԻ ՄԸ ՀՊՈՒՄԸ
11 Ով որ մեռած մարդու մը մարմինին դպչի, եօթը օր անմաքուր պէտք է սեպուի։
12 Անիկա անով* զինք մաքրել թող տայ երրորդ օրը, եօթներորդ օրը մաքուր թող սեպուի։ Բայց եթէ երրորդ օրը չմաքրուի, եօթներորդ օրը մաքուր պիտի չսեպուի։
13 Ով որ մեռած մարդու մարմնին դպչի ու ինքզինք չմաքրէ, Տէրոջը խորանը կը պղծէ եւ այն անձը Իսրայէլէն պէտք է կորսուի. անոր վրայ մաքրութեան ջուրը չսրսկուելուն համար անիկա անմաքուր է. իր անմաքրութիւնը տակաւին իր վրայ է։
14 Վրանի մէջ մեռնող մարդուն համար օրէնքը այս է. այն վրանին մէջ ամէն մտնող եւ այն վրանէն ամէն եղող եօթը օր անմաքուր պիտի ըլլայ
15 Եւ ամէն բաց աման, որ իր վրայ խուփ չունի, անմաքուր պիտի ըլլայ։
16 Եւ ով որ դպչի դաշտի վրայ սրով սպաննուածի մը, կամ բնական մահով մեռածի մը, կամ մարդու ոսկորի մը եւ կամ գերեզմանի մը, եօթը օր անմաքուր թող ըլլայ։
17 Եւ անմաքուր եղողին համար՝ այն մեղքի համար՝ այրուած երինջին մոխիրէն առնելով՝ ամանի մը մէջ վրան կենդանի ջուր թող դնեն
18 Եւ մաքուր մարդ մը զոպայ թող առնէ ու զայն ջուրը խոթէ եւ վրանին վրայ ու բոլոր ամաններուն վրայ եւ հոն եղած մարդոց վրայ ու ոսկորի մը կամ սպաննուածի մը կամ մեռածի մը եւ կամ գերեզմանի մը դպչողին վրայ սրսկէ։
19 Եւ մաքուր մարդը թող սրսկէ անմաքուրին վրայ՝ երրորդ օրը ու եօթներորդ օրը եւ եօթներորդ օրը զանիկա թող մաքրէ։ Անիկա ալ իր հանդերձները թող լուայ ու ջրով լուացուի եւ իրիկունը մաքրուի։
20 Բայց այն անմաքուր մարդը, որ չի մաքրուիր, ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի, վասն զի Տէրոջը սրբարանը պղծեց. անոր վրայ մաքրութեան ջուրը չսրսկուեցաւ, անիկա անմաքուր է։
21 Յաւիտենական կանոն մը ըլլայ անոնց, որ մաքրութեան ջուրը սրսկողը իր լաթերը լուայ ու մաքրութեան ջուրին դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։
22 Եւ անմաքուր անձը ինչ բանի որ դպչի, այն ալ անմաքուր պիտի ըլլայ ու անոր դպչող մարդը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ»։
Ստորանիշներ
^ 19։12 Այսինքն, մաքրութեան ջրով