ԹՈՒՈՑ 23։1-30
23 Եւ Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Հոս ինծի եօթը սեղան շինէ ու եօթը զուարակ եւ եօթը խոյ պատրաստէ»։
2 Բաղակ Բաղաամին ըսածին պէս ըրաւ։ Բաղակ ու Բաղաամ ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկ–մէկ զուարակ ու մէկ–մէկ խոյ զոհեցին։
3 Եւ Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Դուն քու ողջակէզիդ քով կեցի՛ր ու ես երթամ, թերեւս Տէրը իմ դէմս ելլէ եւ ինչ որ ինծի ցուցնէ՝ քեզի ըսեմ»։ Ու բարձր* տեղ մը ելաւ։
4 Եւ Աստուած Բաղաամին հանդիպեցաւ ու Բաղաամ ըսաւ անոր. «Եօթը սեղան պատրաստեցի ու ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկ–մէկ զուարակ ու մէկ–մէկ խոյ զոհեցի»։
5 Եւ Տէրը Բաղաամին բերանը խօսք դրաւ ու ըսաւ. «Դարձի՛ր Բաղակին եւ այսպէս խօսէ»։
6 Եւ ան դարձաւ անոր ու ահա անիկա իր ողջակէզին քով կեցեր էր, ինք ու Մովաբի բոլոր իշխանները։
7 Եւ իր առակը սկսաւ ու ըսաւ.«Մովաբի թագաւորը Բաղակ զիս Արամէն՝Արեւելեան լեռներէն բերաւ՝ ըսելով.‘Եկո՛ւր, Յակոբը անիծէ՛,Եկո՛ւր, Իսրայէլը նզովէ’։
8 Աստուծոյ չանիծածը ի՞նչպէս անիծեմ,Կամ Տէրոջը չնզովածը ի՞նչպէս նզովեմ.
9 Վասն զի ապառաժներուն գլխէն կը տեսնեմ զանիկաԵւ բլուրներէն կը նայիմ անոր.Ահա այս ժողովուրդը առանձինն պիտի բնակիՈւ ազգերուն հետ պիտի չսեպուի։
10 Յակոբին փոշին ո՞վ կրնայ համրելԵւ Իսրայէլին քառորդը ո՞վ կրնայ հաշուել։Թող իմ անձս արդարներուն մահովը մեռնիՈւ իմ վախճանս անոնց վախճանին պէս ըլլայ»։
11 Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Այդ ի՞նչ ըրիր ինծի. ես քեզ բերի իմ թշնամիներս անիծելու եւ ահա ուրիշ բան չըրիր, այլ օրհնեցիր»։
12 Եւ Բաղաամ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ինչ որ Տէրը իմ բերանս դնէ, զայն խօսելու հոգ տանելու չե՞մ»։
ԲԱՂԱԱՄԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ
13 Եւ Բաղակ նորէն ըսաւ անոր. «Կ’աղաչեմ, ինծի հետ ուրիշ տեղ մը եկուր, որպէս զի անկէ զանոնք տեսնես. անոնց միայն մէկ ծայրը տեսնես եւ անոնց ամէնքը պիտի չտեսնես ու անկէ անիծէ զանոնք ինծի համար»։
14 Եւ տարաւ զանիկա Սօփիմին արտը, Փասգային* գլուխը։ Եօթը սեղան շինեց եւ ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկ–մէկ զուարակ ու մէկ–մէկ խոյ զոհեց։
15 Եւ այն ատեն Բաղաամ մօտեցաւ ու ըսաւ Բաղակին. «Դուն հոս քու ողջակէզիդ քով կեցիր ու ես հոն Տէրը դիմաւորեմ»։
16 Եւ Տէրը Բաղաամին դէմ ելաւ եւ անոր բերանը խօսք դրաւ ու ըսաւ. «Բաղակին դարձի՛ր ու այսպէս ըսէ՛»։
17 Երբ եկաւ անոր, ահա անիկա իր ողջակէզին քով կեցեր էր. Մովաբի իշխաններն ալ անոր հետ էին եւ Բաղակ ըսաւ անոր. «Տէրը ի՞նչ խօսեցաւ»։
18 Եւ անիկա իր առակը սկսաւ ու ըսաւ.«Ելի՛ր, ո՜վ Բաղակ ու լսէ՛։Ո՛վ Սեպփօրի որդի, ինծի մտիկ ըրէ՛։
19 Աստուած մարդ չէ, որ սուտ խօսի,Ո՛չ ալ մարդու որդի, որ զղջայ.Ինք ըսաւ ու պիտի չընէ՞,Կամ ինք խօսեցաւ ու պիտի չգործադրէ՞։
20 Ահա օրհնելու հրաման ստացայ։ Ինք օրհնեցՈւ ես չեմ կրնար ջնջել։
21 Յակոբին վրայ անօրէնութիւն չգտաւ,Ո՛չ ալ Իսրայէլի վրայ անզգամութիւն տեսաւ.Անոր Տէր Աստուածը իրեն հետ է.Եւ անոր մէջ թագաւորի ցնծութեան ձայն կայ։
22 Զանոնք Եգիպտոսէն հանողը Աստուած է.Անիկա միեղջերուի ոյժ* ունի։
23 Քանզի Յակոբին դէմ կախարդութիւն չ’ըլլարՈւ Իսրայէլին դէմ՝ դիւթութիւն։Յակոբին ու Իսրայէլին վրայով՝ ժամանակինՊիտի ըսուի թէ՝ ‘Աստուած ինչե՜ր ըրաւ’։
24 Ահա այս ժողովուրդը մատակ առիւծի պէս պիտի ելլէՈւ առիւծի պէս պիտի բարձրանայՈւ պիտի չպառկի մինչեւ որ որսը չուտէՈւ սպաննուածներուն արիւնը չխմէ»։
25 Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Ոչ անէծք տուր անոնց, ոչ ալ՝ օրհնութիւն»։
26 Բաղաամ պատասխան տալով՝ Բաղակին ըսաւ. «Միթէ ես քեզի չըսի՞, ինչ որ Տէրը խօսի, զայն պիտի ընեմ»։
ԲԱՂԱԱՄԻՆ ԵՐՐՈՐԴ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ
27 Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Եկո՛ւր ուրիշ տեղ մը տանիմ քեզ, թերեւս Աստուած հաճի, որ անկէ անիծես զանոնք»։
28 Ուստի Բաղակ տարաւ Բաղաամը Փոգովրի գագաթը, որ դէպի Եսիմոն կը նայի։
29 Ու Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Հոս ինծի եօթը սեղան շինէ ու եօթը զուարակ ու եօթը խոյ պատրաստէ»։
30 Եւ Բաղակ Բաղաամին ըսածին պէս ըրաւ ու ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկ–մէկ զուարակ ու մէկ–մէկ խոյ զոհեց»։