ԾՆՆԴՈՑ 24։1-67

24  Աբրահամ օրերն անցուցած ու ծերացած էր։ Տէրը ամէն բանի մէջ օրհնեց Աբրահամը։  Աբրահամ ըսաւ իր տանը երէց ծառային, որ իր բոլոր ունեցածին վերակացուն էր. «Կ’աղաչեմ քեզի, ձեռքդ իմ երանքիս տակ դիր  Եւ քեզ երդմնցնեմ Տէրոջմով, որ երկնքի ու երկրի Աստուածն է, որ իմ որդիիս կին չառնես Քանանացիներու աղջիկներէն, որոնց մէջ ես կը բնակիմ.  Հապա իմ երկիրս ու իմ ազգականներուս երթաս ու իմ որդիիս Իսահակին անկէ կին առնես»։  Ծառան ըսաւ անոր. «Գուցէ կինը իմ ետեւէս այս երկիրը գալ չուզէ, կ’ուզե՞ս որ քու որդիդ այն երկիրը դարձնեմ ուրկէ դուն ելար»։  Աբրահամ ըսաւ անոր. «Զգուշացի՛ր, իմ որդիս հոն մի՛ դարձներ։  Երկնքի Տէր Աստուածը, որ զիս իմ հօրս տունէն ու իմ ծննդեան երկրէս հանեց եւ որ խօսեցաւ ինծի ու երդում ըրաւ ինծի՝ ըսելով՝ ‘Այս երկիրը քու սերունդիդ պիտի տամ’, անիկա իր հրեշտակը քու առջեւէդ պիտի ղրկէ ու դուն անկէ իմ որդիիս կին պիտի առնես։  Եթէ կինը քու ետեւէդ գալ չուզէ, այս իմ երդումէս դուն անպարտ կ’ըլլաս. միայն թէ իմ որդիս հոն մի՛ դարձներ»։  Եւ ծառան իր տիրոջը Աբրահամին երանքին տակ դրաւ իր ձեռքը ու այս բանին համար երդում ըրաւ անոր։ 10  Ծառան իր տիրոջը ուղտերէն տասը ուղտ առաւ, քանզի իր տիրոջ բոլոր բարիքները իր ձեռքն էին եւ ելաւ ու դէպի Միջագետք* Նաքովրի քաղաքը գնաց։ 11  Ուղտերը քաղաքէն դուրս ջրհորի մը քով նստեցուց իրիկուան դէմ՝ կիներուն ջուր քաշելու եկած ատենը, 12  Եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, իմ տիրոջս Աբրահամին Աստուածը, կ’աղաչեմ քեզի, յաջողութիւն տուր ինծի այսօր եւ իմ տիրոջս Աբրահամին բարերարութիւն ըրէ։ 13  Ահա ես ջուրի աղբիւրին քով կը կայնիմ եւ այս քաղաքին բնակիչներուն աղջիկները ջուր հանելու պիտի գան։ 14  Եւ երբ աղջկան մը ըսեմ՝ ‘Շնորհք ըրէ, սափորդ իջեցուր որպէս զի խմեմ’ ու անիկա ըսէ թէ՝ ‘Խմէ ու քու ուղտերուդ ալ խմցնեմ’, անիկա թող ըլլայ քու Իսահակ ծառայիդ համար սահմանածդ եւ ասով գիտնամ թէ իմ տիրոջս բարերարութիւն ըրիր»։ 15  Տակաւին իր խօսքը չլմնցուցած, ահա Աբրահամին եղբօրը Նաքովրին կնոջ Մեղքայի որդիին Բաթուէլի ծնած Ռեբեկան եկաւ, իր ուսին վրայ սափոր մը ունենալով։ 16  Աղջիկը խիստ գեղեցիկ տեսքով կոյս մըն էր ու այր մարդ մը զանիկա գիտցած չէր։ Անիկա իջաւ աղբիւրը ու իր սափորը լեցուց ու կը դառնար։ 17  Եւ ծառան զանիկա դիմաւորելու վազեց ու ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, քու սափորէդ ինծի քիչ մը ջուր խմցուր»։ 18  Անիկա ըսաւ. «Խմէ՛, տէ՛ր իմ» ու շուտով սափորը իր ուսէն իջեցուց եւ տուաւ որ խմէ։ 19  Երբ ան խմեց, աղջիկը ըսաւ. «Ուղտերուդ ալ ջուր քաշեմ, մինչեւ ամէնն ալ խմեն»։ 20  Շուտով սափորը աւազանին մէջ պարպեց ու նորէն հորը վազեց ջուր քաշելու եւ անոր բոլոր ուղտերուն համար ջուր քաշեց։ 21  Եւ մարդը զարմանալով անոր վրայ՝ լուռ կը մնար, մտածելով թէ արդեօք Տէրը իր ճամբան յաջողցո՞ւց թէ ոչ։ 22  Ու երբ բոլոր ուղտերը խմեցին, մարդը կէս սիկղ ոսկիէ օղակ մը եւ անոր ձեռքերուն համար տասը սիկղ ոսկիէ երկու ապարանջան հանեց ու անոր տուաւ 23  Ու ըսաւ. «Դուն որո՞ւն աղջիկն ես, կ’աղաչեմ, ըսէ՛ ինծի. քու հօրդ տունը մեզի համար գիշերը կենալու տեղ կա՞յ»։ 24  Անիկա ըսաւ անոր. «Ես Մեղքայի որդիին Բաթուէլին աղջիկն եմ, որ Մեղքա Նաքովրին ծնաւ»։ 25  Նաեւ ըսաւ անոր. «Մենք շատ յարդ ու ճարակ ունինք եւ գիշերը կենալու տեղ ալ»։ 26  Ու մարդը խոնարհեցաւ ու Տէրոջը երկրպագութիւն ըրաւ 27  Եւ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ իմ տիրոջս Աբրահամին Տէր Աստուածը, որ իմ տէրս իր ողորմութենէն ու իր ճշմարտութենէն չզրկեց. քանի որ ես ճամբուն մէջ էի, Տէրը զիս իմ տիրոջս եղբայրներուն տունը առաջնորդեց»։ 28  Աղջիկը վազեց ու այս բաները իր մօրը տունը պատմեց։ 29  Ռեբեկա եղբայր մը ունէր՝ Լաբան անունով։ Լաբան վազեց դէպի աղբիւրը մարդուն քով, 30  Վասն զի տեսնելով օղակը եւ իր քրոջը ձեռքերուն վրայի ապարանջանները ու լսելով իր քրոջը Ռեբեկային խօսքերը, որ կ’ըսէր թէ «Այն մարդը այսպէս խօսեցաւ ինծի», մարդուն եկաւ եւ ահա անիկա ուղտերուն քով աղբիւրին մօտ կայներ էր։ 31  Լաբան ըսաւ անոր. «Եկո՛ւր, ո՛վ Տէրոջը օրհնեալը, ինչո՞ւ դուրսը կայներ ես. քանզի տունը պատրաստեցի եւ ուղտերուն համար՝ տեղ մը»։ 32  Լաբան մարդը տունը տարաւ եւ ուղտերը քակեց եւ անոնց յարդ ու ճարակ եւ անոր ոտքերն ու անոր հետ մարդոց ոտքերը լուալու ջուր տուաւ։ 33  Անոր առջեւ կերակուր դրուեցաւ. բայց անիկա ըսաւ. «Մինչեւ իմ խօսքերս չըսեմ, չեմ ուտեր»։ 34  Լաբան ըսաւ. «Խօսէ՛»։ Ու անիկա ըսաւ. 35  «Ես Աբրահամին ծառան եմ։ Տէրը մեծապէս օրհնեց իմ տէրս ու մեծ մարդ մը եղաւ։ Անոր հօտեր ու արջառներ եւ արծաթ ու ոսկի եւ ծառաներ ու աղախիններ եւ ուղտեր ու էշեր տուաւ։ 36  Եւ իմ տիրոջս կինը՝ Սառա՝ իր պառաւութեան ատենը որդի մը ծնաւ իմ տիրոջս, որուն տուաւ իր բոլոր ունեցածը։ 37  Եւ իմ տէրս ինծի երդում ընել տուաւ՝ ըսելով. ‘Չըլլայ որ իմ որդիիս կին առնես Քանանացիներու աղջիկներէն, որոնց երկիրը ես կը բնակիմ. 38  Հապա իմ հօրս տունը ու իմ ազգատոհմիս երթաս ու իմ որդիիս կին բերես’։ 39  Ես իմ տիրոջս ըսի. ‘Գուցէ կինը իմ ետեւէս չգայ’։ 40  Եւ անիկա ինծի ըսաւ. ‘Տէրը, որուն առջեւ ես կը քալեմ, իր հրեշտակը քեզի հետ պիտի ղրկէ ու քու ճամբադ պիտի յաջողցնէ եւ իմ որդիիս իմ ազգատոհմէս ու իմ հօրս տունէն կին պիտի առնես։ 41  Իսկ դուն այն ատեն իմ երդումէս անպարտ պիտի ըլլաս, եթէ իմ ազգատոհմիս երթաս, բայց քեզի մէ՛կը չտան’։ 42  Ես աղբիւրն եկայ այսօր ու ըսի. ‘Ո՛վ Տէր, իմ տիրոջս Աբրահամին Աստուածը, իմ ճամբաս եթէ դուն ընտրած ես, 43  Ահա ես ջուրի աղբիւրին քով կը կայնիմ եւ երբ աղջիկ մը ջուր քաշելու գայ եւ ես անոր ըսեմ թէ՝ «Շնորհք ըրէ, ինծի քու սափորէդ քիչ մը ջուր խմցուր» 44  Եւ անիկա ինծի՝ «Դուն ալ խմէ եւ ուղտերուդ համար ալ ջուր քաշեմ» ըսէ, թող անիկա ըլլայ Տէրոջը սահմանած կինը իմ տիրոջս որդիին համար’։ 45  Դեռ իմ սրտիս մէջ խօսքս չլմնցուցած՝ ահա Ռեբեկան եկաւ սափորը իր ուսին վրայ եւ աղբիւրը իջաւ ու ջուր քաշեց։ Երբ ըսի անոր. ‘Շնորհք ըրէ, ինծի ջուր խմցուր’, 46  Անիկա շուտով սափորը իր ուսէն վար առաւ ու ըսաւ. ‘Խմէ եւ ուղտերուդ ալ խմցնեմ’. ուստի ես խմեցի եւ ուղտերուն ալ խմցուց։ 47  Այն ատեն հարցուցի անոր. ‘Դուն որո՞ւն աղջիկն ես’, եւ անիկա ըսաւ. ‘Մեղքայի Նաքովրին ծնած որդիին Բաթուէլին աղջիկն եմ’, ես ալ օղակը անոր քիթը ու ապարանջանները անոր ձեռքերուն վրայ դրի։ 48  Եւ խոնարհեցայ ու Տէրոջը երկրպագութիւն ըրի եւ իմ տիրոջս Աբրահամին Տէր Աստուածը օրհնեցի, որ իմ տիրոջս եղբօրը աղջիկը իր որդիին առնելու համար զիս ուղիղ ճամբան առաջնորդեց։ 49  Եւ հիմա եթէ իմ տիրոջս շնորհք ու ճշմարտութիւն պիտի ընէք, ըսէք ինծի եւ եթէ ոչ՝ նորէն ինծի ըսէք, որ ես աջ կողմը կամ ձախ կողմը դառնամ»։ 50  Լաբան ու Բաթուէլ պատասխան տուին ու ըսին. «Այս բանը Տէրոջմէն է. մենք քեզի գէշ կամ աղէկ չենք կրնար ըսել։ 51  Ահա Ռեբեկան քու առջեւդ է, ա՛ռ ու գնա՛ եւ Տէրոջը կարգադրածին պէս թող քու տիրոջդ որդիին կին ըլլայ»։ 52  Երբ Աբրահամին ծառան անոնց խօսքերը լսեց, մինչեւ գետին խոնարհելով երկրպագութիւն ըրաւ Տէրոջը։ 53  Ապա ծառան արծաթեղէն զարդեր ու ոսկեղէն զարդեր եւ հանդերձներ հանեց ու Ռեբեկային տուաւ եւ անոր եղբօրը ու մօրը պատուական ընծաներ տուաւ։ 54  Եւ կերան ու խմեցին ինք ու իրեն հետ եղող մարդիկը ու գիշերը հոն մնացին, եւ առտուն ելան ու ինք ըսաւ. «Զիս իմ տիրոջս ղրկեցէք»։ 55  Աղջկան եղբայրն ու մայրը ըսին. «Թող աղջիկը քանի մը օր՝ գոնէ տասը օր՝ մեր քով կենայ ու ետքը գացէք»։ 56  Բայց ինք ըսաւ անոնց. «Զիս մի՛ արգիլէք, քանի որ Տէրը իմ ճամբաս յաջողցուց, թո՛ղ տուէք զիս որ տիրոջս երթամ»։ 57  Անոնք ըսին. «Աղջիկը կանչենք ու անոր բերանը փնտռենք»։ 58  Եւ կանչեցին Ռեբեկան ու ըսին անոր. «Այս մարդուն հետ կ’երթա՞ս»։ Անիկա «Կ’երթամ», ըսաւ։ 59  Ու իրենց քոյրը Ռեբեկան ու անոր դայեակը եւ Աբրահամին ծառան ու անոր մարդիկը ղրկեցին։ 60  Եւ օրհնեցին Ռեբեկան ու ըսին անոր. «Դուն մեր քոյրն ես. հազարաւոր բիւրերու մայր ըլլաս եւ քու սերունդդ իր թշնամիներուն քաղաքները* ժառանգէ»։ 61  Ռեբեկա ու իր աղախինները ելան եւ ուղտերը հեծան ու այն մարդուն ետեւէն գացին։ Ծառան առաւ Ռեբեկան ու գնաց։ 62  Եւ Իսահակ Լահայրոյի ջրհորէն դարձած կու գար. վասն զի անիկա հարաւային երկիրը կը բնակէր։ 63  Եւ Իսահակ իրիկուան դէմ դաշտը ելեր էր մտածելու* համար։ Երբ իր աչքերը վերցուց՝ տեսաւ որ ահա ուղտեր կու գային։ 64  Նոյն ատեն Ռեբեկան իր աչքերը վերցուց ու երբ Իսահակը տեսաւ, ուղտէն վար իջաւ 65  Եւ ըսաւ ծառային. «Դաշտին մէջ դէպի մեզ եկող այդ մարդը ո՞վ է»։ Ծառան ըսաւ. «Իմ տէրս է»։ Ինք քօղը առաւ ու ծածկուեցաւ։ 66  Եւ ծառան իր բոլոր ըրած բաները պատմեց Իսահակին։ 67  Իսահակ զանիկա իր մօրը Սառային վրանը տարաւ ու առաւ Ռեբեկան, որ իր կինը եղաւ եւ ինք սիրեց զանիկա։ Ու Իսահակ մխիթարուեցաւ իր մօրը վրայով*։

Ստորանիշներ

24։10 Եբր., Արամ նահարայիմ
24։60 Եբր., դուռը
24։63 Կամ, աղօթելու
24։67 Կամ, մահուանէն յետոյ