ԾՆՆԴՈՑ 29։1-35
29 Եւ Յակոբ ճամբայ ելաւ* ու արեւելեան ժողովուրդներուն երկիրը հասաւ։
2 Եւ նայեցաւ եւ ահա դաշտին մէջ հոր մը կար եւ որուն քով ոչխարներու երեք հօտ պառկեր էր. քանզի այն հորէն կը խմցնէին հօտերը ու հորին բերանը մեծ քար մը կար։
3 Բոլոր հօտերը հոն կը հաւաքուէին ու հովիւները հորին բերնէն քարը մէկդի կը գլորէին ու հօտերուն կը խմցնէին, ապա քարը նորէն իր տեղը՝ հորին բերանը կը դնէին։
4 Եւ Յակոբ ըսաւ անոնց. «Ո՛վ եղբայրներս, ուրկէ՞ էք դուք»։ Անոնք ըսին. «Մենք Խառանէն ենք»։
5 Ըսաւ անոնց. «Նաքովրի որդին Լաբանը կը ճանչնա՞ք»։ Անոնք ըսին. «Կը ճանչնանք»։
6 Ըսաւ անոնց. «Ողջ առո՞ղջ է»։ Անոնք ըսին. «Ողջ է եւ ահա անոր Ռաքէլ աղջիկը ոչխարներուն հետ կու գայ»։
7 Անիկա ըսաւ. «Տակաւին իրիկուն ըլլալու շատ ատեն կայ եւ հօտերուն հաւաքուելու ատենը չէ. ոչխարներուն խմցուցէք, գացէք արածեցէ՛ք»։
8 Անոնք ըսին. «Մենք չենք կրնար, մինչեւ բոլոր հօտերը մէկտեղ հաւաքուին ու երբ հորին բերնի քարը մէկդի գլորեն, այն ատեն ոչխարներուն կը խմցնենք»։
9 Երբ տակաւին անոնց հետ կը խօսէր, Ռաքէլ իր հօրը ոչխարներուն հետ եկաւ. վասն զի անիկա էր անոնց հովիւը։
10 Երբ Յակոբ իր մօրեղբօրը Լաբանին Ռաքէլ աղջիկը ու իր մօրեղբօրը Լաբանին ոչխարները տեսաւ, այն ատեն Յակոբ մօտեցաւ, քարը հորին բերնէն գլորեց ու իր մօրեղբօրը Լաբանին ոչխարներուն խմցուց։
11 Եւ Յակոբ համբուրեց Ռաքէլը ու ձայնը վերցնելով լացաւ։
12 Յակոբ յայտնեց Ռաքէլին թէ ինք անոր հօրը ազգականը ու Ռեբեկային որդին է։ Ռաքէլ վազեց ու իր հօրը պատմեց։
13 Երբ Լաբան իր քրոջը որդիին Յակոբին վրայով լսեց, զանիկա դիմաւորելու վազեց եւ գրկեց ու համբուրեց զանիկա ու իր տունը տարաւ։ Յակոբ Լաբանին պատմեց բոլոր այս բաները։
14 Լաբան ըսաւ անոր. «Իրաւցնէ դուն իմ ոսկորս ու մարմինս ես», եւ անոր հետ լման ամիս մը կեցաւ։
ՅԱԿՈԲ ԼԱԲԱՆԻՆ ԿԸ ԾԱՌԱՅԷ ՌԱՔԷԼԻՆ ԵՒ ԼԻԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ
15 Լաբան ըսաւ Յակոբին. «Դուն իմ եղբայրս ըլլալուդ համար ինծի ձրի՞ պիտի ծառայես։ Ըսէ՛ ինծի, ի՞նչ պիտի ըլլայ քու վարձքդ»։
16 Լաբան երկու աղջիկ ունէր, մեծին անունը Լիա ու պզտիկին անունը Ռաքէլ էր։
17 Լիային աչքերը տկար էին, բայց Ռաքէլ դէմքով ու տեսքով գեղեցիկ էր։
18 Յակոբ սիրեց Ռաքէլը ու ըսաւ. «Քու պզտիկ աղջկանդ Ռաքէլին համար եօթը տարի քեզի կը ծառայեմ»։
19 Լաբան ըսաւ. «Անիկա քեզի տալը ուրիշ մարդու մը տալէն աղէկ է. բնակէ ինծի հետ»։
20 Եւ Յակոբ Ռաքէլին համար եօթը տարի ծառայեց ու զանիկա սիրելուն պատճառաւ իրեն քանի մը օրուան չափ երեւցաւ։
21 Եւ Յակոբ ըսաւ Լաբանին. «Իմ կինս տուր. քանզի օրերս լեցուած են, որպէս զի անոր մտնեմ»։
22 Եւ Լաբան այն տեղին բոլոր մարդիկը հաւաքեց ու խնճոյք ըրաւ։
23 Սակայն իրիկունը իր Լիա աղջիկը առաւ եւ անոր բերաւ։ Անիկա անոր մտաւ։
24 Եւ Լաբան իր աղախինը Զեղփան իր աղջկան Լիային իբր աղախին տուաւ։
25 Առտուն՝ ահա անիկա Լիան էր։ Յակոբ Լաբանին ըսաւ. «Ի՞նչ է այս քու ինծի ըրածդ. ես քեզի Ռաքէլին համար չծառայեցի՞. ուստի ինչո՞ւ զիս խաբեցիր»։
26 Լաբան ըսաւ. «Մեր երկրին մէջ այսպիսի բան չ’ըլլար, պզտիկը մեծէն առաջ տալ։
27 Լմնցուր ասոր հարսանիքին շաբաթը եւ ինծի եօթը տարի ալ ծառայելուդ համար՝ զայն ալ քեզի տամ»։
28 Յակոբ այնպէս ըրաւ ու Լիային շաբաթը լմնցուց։ Լաբան իր Ռաքէլ աղջիկը անոր կին ըլլալու տուաւ։
29 Լաբան իր Բաղղա աղախինը իր աղջկան Ռաքէլին իբր աղախին տուաւ։
30 Յակոբ Ռաքէլին ալ մտաւ, բայց Ռաքէլը Լիայէն աւելի սիրեց։ Յակոբ եօթը տարի ալ ծառայեց Լաբանին։
ՅԱԿՈԲԻՆ ԶԱՒԱԿՆԵՐ ԿԸ ԾՆԱՆԻՆ
31 Տէրը, երբ Լիային ատելի ըլլալը տեսաւ, անոր արգանդը բացաւ. բայց Ռաքէլ ամուլ էր։
32 Լիա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Ռուբէն* դրաւ. քանզի ըսաւ. «Տէրը իմ տառապանքիս նայելուն համար, ասկէ ետեւ այրս զիս պիտի սիրէ»։
33 Նորէն յղացաւ ու որդի մը ծնաւ ու ըսաւ. «Որովհետեւ Տէրը իմ ատելի ըլլալս լսեց, անոր համար ինծի այս որդին ալ տուաւ»։ Անոր անունը Շմաւոն* դրաւ։
34 Եւ դարձեալ յղացաւ ու որդի մը ծնաւ ու ըսաւ. «Հիմա այս անգամ այրս ինծի հետ պիտի միաւորի, քանզի երեք որդի ծնայ իրեն»։ Անոր համար անոր անունը Ղեւի* դրաւ։
35 Եւ անգամ մըն ալ յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ ըսաւ. «Այս անգամ պիտի գոհանամ Տէրոջմէն»։ Անոր համար անոր անունը Յուդա* դրաւ ու դադարեցաւ ծնանելէ։
Ստորանիշներ
^ 29։1 Եբր., ոտքերը վերցուց
^ 29։32 Այսինքն, ահա որդի
^ 29։33 Այսինքն, լսելը
^ 29։34 Այսինքն, միաւորութիւն
^ 29։35 Այսինքն, գոհութիւն