ԾՆՆԴՈՑ 34։1-31

34  Լիայի՝ Յակոբին ծնած՝ աղջիկը Դինա այն երկրին աղջիկները տեսնելու ելաւ։  Ու այն երկրին իշխանը Խեւացի Եմովրի որդին Սիւքէմ տեսաւ զանիկա եւ առաւ ու պառկեցաւ անոր հետ ու պղծեց զանիկա։  Անոր հոգին Յակոբին Դինա աղջկանը յարեցաւ ու սիրեց աղջիկը եւ աղջկան քաղցրութեամբ* խօսեցաւ։  Սիւքէմ իր հօրը Եմովրին ըսաւ. «Այս աղջիկը ինծի կին առ»։  Յակոբ լսեց, որ անիկա իր Դինա աղջիկը պղծեց. բայց իր որդիները իր հօտերուն հետ դաշտն էին ու մինչեւ անոնց գալը Յակոբ լուռ կեցաւ։  Սիւքէմին հայրը՝ Եմովր՝ գնաց Յակոբին, որպէս զի անոր հետ խօսի։  Յակոբին որդիները լսածնուն պէս՝ դաշտէն եկան. զայրացան ու խիստ բարկացան. քանզի ան Յակոբին աղջկանը հետ պառկելով՝ Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն ըրաւ, որ այսպէս ըլլալու չէր։  Եմովրը խօսեցաւ անոնց հետ՝ ըսելով. «Իմ Սիւքէմ որդիիս հոգին ձեր աղջկան սիրահարեցաւ. կ’աղաչեմ ձեզի, զանիկա անոր կնութեան տուէք  Եւ մեզի հետ խնամութիւն ըրէք. ձեր աղջիկները մեզի տուէք ու մեր աղջիկները ձեզի առէք 10  Եւ մեզի հետ բնակեցէք ու այս երկիրը ձեր առջեւ թող ըլլայ. անոր մէջ բնակեցէք ու առուտուր ըրէք եւ անոր մէջ կալուածներ ստացէք»։ 11  Սիւքէմ ըսաւ աղջկան հօրը ու անոր եղբայրներուն. «Թող ձեր առջեւ շնորհք գտնեմ եւ ինչ որ ինծի ըսէք, կու տամ։ 12  Խնդրեցէ՛ք ինձմէ խիստ շատ օժիտ ու ընծայ ու ինծի ըսածնուդ պէս պիտի տամ. միայն թէ աղջիկը ինծի տուէք՝ կին ըլլալու համար»։ 13  Եւ Յակոբին որդիները խաբէութեամբ պատասխան տուին Սիւքէմին ու անոր հօրը Եմովրին, քանի որ անիկա իրենց Դինա քոյրը պղծեց, ու ըսին. 14  «Մենք այս բանը չենք կրնար ընել, որ մեր քոյրը անթլփատ մարդու մը տանք. վասն զի այդ մեզի ամօթ բան է. 15  Բայց միայն այն ատեն կը հաճինք ձեզի, երբ ձեր ամէն արուն թլփատուելով՝ մեզի պէս ըլլաք. 16  Այն ատեն մեր աղջիկները ձեզի կու տանք եւ ձեր աղջիկները մեզի կ’առնենք ու ձեզի հետ կը բնակինք ու ձեզի հետ մէկ ժողովուրդ կ’ըլլանք։ 17  Բայց եթէ մեզի մտիկ չընելով՝ չթլփատուիք, այն ատեն մենք մեր աղջիկը կ’առնենք ու կ’երթանք»։ 18  Անոնց խօսքը հաճելի եղաւ Եմովրին ու Եմովրի որդիին Սիւքէմին։ 19  Այն պատանին այս բանը ընելու չուշացաւ, քանզի Յակոբին աղջկանը զմայլած էր եւ իր հօրը տանը մէջ եղողներուն ամենէն պատուականն էր անիկա։ 20  Եմովր եւ անոր որդին Սիւքէմ իրենց քաղաքին դուռը եկան ու իրենց քաղաքին մարդոցը հետ խօսեցան՝ ըսելով. 21  «Այս մարդիկը խաղաղութեամբ կը վարուին մեզի հետ. ուստի թող այս երկրին մէջ բնակին ու անոր մէջ առուտուր ընեն, քանզի ահա երկիրը ընդարձակ է անոնց առջեւ. եկէ՛ք, անոնց աղջիկները մեզի կին առնենք եւ մեր աղջիկներն ալ անոնց տանք։ 22  Բայց այն մարդիկը մեզի հետ բնակելու, մէկ ժողովուրդ ըլլալու համար միայն այս բանը կը պահանջեն մեզմէ, որ իրենց թլփատուելուն պէս, մեր ամէն արուն թլփատուի. 23  Անոնց հօտերը ու անոնց ստացուածքը եւ ամէն անասունները մերը չե՞ն ըլլար. միայն թէ մենք անոնց հաճինք, որ մեզի հետ բնակին»։ 24  Եմովրին եւ անոր որդիին Սիւքէմին մտիկ ըրին անոնք՝ որ անոր քաղաքին դռնէն դուրս կ’ելլէին։ Ամէն արու, որ անոր քաղաքին դռնէն դուրս կ’ելլէր, թլփատուեցաւ։ 25  Երրորդ օրը երբ անոնք ցաւի մէջ էին, Յակոբին երկու որդիները, Շմաւոն ու Ղեւի՝ Դինային եղբայրները՝ ամէն մէկը իր սուրը առաւ եւ համարձակ քաղաքը մտան ու սպաննեցին բոլոր արուները։ 26  Եւ Եմովրը եւ անոր որդին Սիւքէմը սուրի բերնէ անցուցին եւ Սիւքէմին տունէն առին Դինան ու դուրս ելան։ 27  Եւ Յակոբին որդիները սպաննուածներուն վրայ եկան ու քաղաքը կողոպտեցին իրենց քոյրը պղծելնուն համար։ 28  Անոնց հօտերը ու անոնց արջառները ու էշերը եւ քաղաքին մէջ եղածը ու դաշտին մէջ եղածը առին 29  Եւ անոնց բոլոր տղաքները ու կիները գերի առին եւ տուներուն մէջ բոլոր գտնուածը կողոպտեցին։ 30  Յակոբ ըսաւ Շմաւոնին ու Ղեւիին. «Զիս այս երկրին բնակիչներուն, Քանանացիներուն ու Փերեզացիներուն մէջ ատելի ընելով՝ զիս փորձանքի մէջ ձգեցիք եւ ինծի հետ քիչ մարդիկ ըլլալով՝ անոնք իմ վրաս պիտի հաւաքուին ու զիս պիտի զարնեն եւ ես ու իմ տունս պիտի կորսուինք»։ 31  Անոնք ըսին. «Հապա պէ՞տք էր, որ մեր քոյրը բոզի պէս գործածէին»։

Ստորանիշներ

34։3 Եբր., սրտին