ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 20։1-34

20  «Երկնքի թագաւորութիւնը տանտէրի մը նման է, որ առտուն կանուխ ելաւ՝ իր այգիին համար բանուորներ բռնելու։  Եւ բանուորներուն հետ օրը մէկ դահեկանի համաձայնեցաւ ու զանոնք ղրկեց իր այգին։  Ժամը երեքին ատենները ելաւ՝ ուրիշներ տեսաւ, որոնք շուկային մէջ պարապ կայներ էին,  Ըսաւ անոնց. «Դուք ալ գացէք իմ այգիս եւ ինչ որ արժան է՝ կու տամ ձեզի»։  Անոնք ալ գացին։ Ապա ժամը վեցին եւ ժամը իննին ատենները ելաւ՝ նոյնը ըրաւ։  Ժամը տասնըմէկին ատենները ելաւ, ուրիշներ գտաւ՝ որոնք պարապ կայներ էին, անոնց ալ ըսաւ. «Ինչո՞ւ հոս բոլոր օրը պարապ կայներ էք»։  Ըսին իրեն. «Անոր համար որ մէ՛կը մեզ վարձքով չբռնեց»։ Ըսաւ անոնց. «Դուք ալ այգին գացէք ու ինչ որ արժան է՝ պիտի առնէք»։  Իրիկունը, այգիին տէրը իր տնտեսին ըսաւ. «Բանուորները կանչէ եւ անոնց վարձքը տուր՝ վերջիններէն սկսելով մինչեւ առաջինները»։  Երբ եկան անոնք որ ժամը տասնըմէկին գացեր էին, մէյ մէկ դահեկան առին։ 10  Առաջինները գալով՝ կը կարծէին թէ աւելի պիտի առնեն, բայց անոնք ալ առին մէյ մէկ դահեկան։ 11  Երբ առին՝ տանտիրոջ դէմ տրտունջ ըրին ու ըսին. 12  «Այդ վերջինները մէկ ժամ գործեցին, բայց մեզի հաւասար ըրիր, որ օրուան ծանրութիւնը ու տաքութիւնը քաշեցինք»։ 13  Անիկա պատասխան տուաւ անոնցմէ մէկուն ու ըսաւ. «Ընկե՛ր, ես քեզ չեմ զրկեր. չէ՞ որ դուն ինծի հետ մէկ դահեկանի համաձայնեցար. 14  Ա՛ռ քուկդ ու գնա՛. կ’ուզեմ որ այս վերջինին քեզի տուածիս չափ տամ։ 15  Միթէ ես իշխանութիւն չունի՞մ իմ բաներուս վրայ՝ ինչ որ ուզեմ ընելու. կամ թէ քու աչքդ չա՞ր է՝ որ ես բարերար եմ»։ 16  Այսպէս յետինները առաջին պիտի ըլլան եւ առաջինները յետին. վասն զի կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները քիչ»։ ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ ԵՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԿԸ ԽՕՍԻ (Մարկ. 10։32-34. Ղուկ. 18։31-34) 17  Ու երբ Յիսուս Երուսաղէմ կ’ելլէր, ճամբան տասներկու աշակերտները իրեն հետ առաւ առանձին ու ըսաւ անոնց. 18  «Ահա Երուսաղէմ կ’ելլենք եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի քահանայապետներուն ու դպիրներուն եւ զանիկա մահուան պիտի դատապարտեն, 19  Հեթանոսներուն պիտի մատնեն՝ ծաղրուելու, ծեծուելու եւ խաչը հանուելու. բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։ ՄՕՐ ՄԸ ԽՆԴՐԱՆՔԸ (Մարկ. 10։35-45) 20  Այն ատեն Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը որդիներուն հետ եկաւ անոր, երկրպագութիւն կ’ընէր ու բան մը կը խնդրէր անկէ։ 21  Ան ալ ըսաւ անոր. «Ի՞նչ կ’ուզես»։ Ըսաւ անոր. «Ըսէ՛ որ այս իմ երկու որդիներս մէկը աջ կողմդ եւ միւսը ձախ կողմդ նստին քու թագաւորութեանդ մէջ»։ 22  Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ. «Չէք գիտեր թէ ի՛նչ կը խնդրէք։ Կրնա՞ք խմել այն գաւաթը որ ես պիտի խմեմ, կամ այն մկրտութիւնով մկրտուիլ, որով ես պիտի մկրտուիմ»։ Ըսին իրեն. «Կրնանք»։ 23  Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ գաւաթս պիտի խմէք եւ այն մկրտութիւնով որ ես մկրտուելու եմ, պիտի մկրտուիք. բայց իմ աջ ու ձախ կողմս նստիլը ես չեմ կրնար որոշել, հապա անոնց որ պատրաստուած է իմ Հօրմէս»։ 24  Երբ միւս տասը աշակերտները լսեցին՝ այն երկու եղբայրներուն նեղուեցան։ 25  Իսկ Յիսուս իրեն կանչեց զանոնք ու ըսաւ. «Գիտէք թէ ազգերուն իշխանները կը տիրեն անոնց եւ մեծամեծները կ’իշխեն անոնց. 26  Բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ, 27  Ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր ծառան ըլլայ. 28  Ինչպէս Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։ ՅԻՍՈՒՍ ԵՐԿՈՒ ԿՈՅՐԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ (Մարկ. 10։46-52. Ղուկ. 18։35-43) 29  Երբ անոնք Երիքովէն ելան, մեծ բազմութիւն անոր ետեւէն գնաց։ 30  Ճամբուն քով երկու կոյր նստած էին. երբ լսեցին թէ Յիսուս կ’անցնի, աղաղակեցին ու ըսին. «Ողորմէ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի Որդի»։ 31  Բազմութիւնը կը յանդիմանէր զանոնք, որ լռեն, բայց անոնք՝ ա՛լ աւելի կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ողորմէ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի Որդի»։ 32  Յիսուս կանգ առնելով կանչեց զանոնք ու ըսաւ. «Ի՞նչ կ’ուզէք որ ձեզի ընեմ»։ 33  Ըսին անոր. «Տէ՛ր, աչքերնիս բաց»։ 34  Յիսուս խղճալով անոնց աչքերուն դպաւ։ Շուտ մը անոնց աչքերը բացուեցան ու անոր ետեւէն գացին։

Ստորանիշներ