ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 4։1-25

4  Այն ատեն Յիսուս անապատը տարուեցաւ Սուրբ Հոգիէն, որպէս զի Սատանայէն փորձուի։  Քառասուն ցորեկ ու քառասուն գիշեր ծոմ պահելէն ետքը անօթեցաւ։  Փորձողը անոր մօտենալով՝ ըսաւ. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, ըսէ որ այս քարերը հաց ըլլան»։  Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Գրուած է թէ ‘Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ’»։  Այն ատեն Սատանան առաւ տարաւ զանիկա սուրբ քաղաքը եւ կայնեցուց զանիկա տաճարին աշտարակին վրայ  Ու ըսաւ անոր. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, քեզ ասկէ վար ձգէ, վասն զի գրուած է թէ Իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար, որ ձեռքերնուն վրայ վերցնեն քեզ, որպէս զի չըլլայ թէ ոտքդ քարի զարնես»։  Յիսուս ըսաւ անոր. «Դարձեալ գրուած է թէ՝ Քու Տէր Աստուածդ չփորձես»։  Սատանան նորէն առաւ հանեց զանիկա խիստ բարձր լերան մը վրայ եւ ցուցուց անոր աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ու անոնց փառքը.  Ու ըսաւ անոր. «Ասոնք ամէնը քեզի պիտի տամ, եթէ իյնաս՝ ինծի երկրպագութիւն ընես»։ 10  Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Ետիս գնա, Սատանա՛յ, վասն զի գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’»։ 11  Այն ատեն Սատանան զանիկա թողուց եւ հրեշտակները եկան ու անոր սպասաւորութիւն կ’ընէին։ ՅԻՍՈՒՍ ԳԱԼԻԼԻՈՅ ՄԷՋ ԻՐ ԳՈՐԾԸ ԿԸ ՍԿՍԻ (Մարկ. 1։14, 15. Ղուկ. 4։14, 15) 12  Երբ լսեց Յիսուս թէ Յովհաննէս մատնուեցաւ, ելաւ գնաց Գալիլիա 13  Ու ձգելով Նազարէթը, եկաւ բնակեցաւ Կափառնայում, ծովեզերեայ քաղաքը, Զաբուղոնի ու Նեփթաղիմի սահմաններուն մէջ 14  Որպէս զի կատարուի Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. 15  «Զաբուղոնի երկիրը ու Նեփթաղիմի երկիրը, ծովու ճամբով Յորդանանի անդիի կողմը, Հեթանոսներու Գալիլիան. 16  Խաւարի մէջ նստող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ եւ լոյս ծագեցաւ անոնց՝ որոնք մահուան երկրին ու շուքին մէջ կը նստէին»։ 17  Անկէ յետոյ Յիսուս սկսաւ քարոզել ու ըսել. «Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է»։ ՅԻՍՈՒՍ ՉՈՐՍ ՁԿՆՈՐՍՆԵՐ ԿԸ ԿԱՆՉԷ (Մարկ. 1։16-20. Ղուկ. 5։1-11) 18  Երբ Յիսուս Գալիլիացիներուն ծովուն քովերը կը պտըտէր, տեսաւ երկու եղբայրներ, Պետրոս կոչուած Սիմոնը եւ անոր եղբայրը Անդրէասը, որոնք ծովը ուռկան կը ձգէին, վասն զի ձկնորս էին։ 19  Ըսաւ անոնց. «Իմ ետեւէս եկէք ու ձեզ մարդոց որսորդ ընեմ»։ 20  Անոնք ալ շուտ մը ուռկանները թողուցին ու անոր ետեւէն գացին։ 21  Անկէ յառաջ երթալով՝ տեսաւ ուրիշ երկու եղբայրներ, Զեբեդեան Յակոբոսը ու անոր եղբայրը Յովհաննէսը, նաւին մէջ իրենց հօրը Զեբեդէոսի հետ, իրենց ուռկանները կը կարկտնէին ու կանչեց զանոնք. 22  Անոնք ալ շուտ մը նաւն ու հայրերնին թողուցին ու անոր ետեւէն գացին։ ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ, ԿԸ ՔԱՐՈԶԷ, ԿԸ ԲԺՇԿԷ (Ղուկ. 6։17-19) 23  Յիսուս բոլոր Գալիլիա պտըտելով, կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ եւ արքայութեան աւետարանը կը քարոզէր ու ժողովուրդին մէջի ամէն կերպ հիւանդութիւնները ու ամէն կերպ ցաւերը կը բժշկէր։ 24  Անոր համբաւը բոլոր Սուրիա տարածուեցաւ եւ բերին անոր՝ բոլոր հիւանդները, որոնք կերպ կերպ ցաւերով ու տանջանքներով կը նեղուէին եւ դիւահարներ ու լուսնոտներ եւ անդամալոյծներ ու բժշկեց զանոնք։ 25  Եւ շատ ժողովուրդներ անոր ետեւէն կ’երթային, Գալիլիայէն ու Դեկապոլիսէն եւ Երուսաղէմէն ու Հրէաստանէն եւ Յորդանանի անդիի կողմէն։

Ստորանիշներ