ՍԱՂՄՈՍ 105։1-45
105 Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, անոր անունը կանչեցէ՛ք,Անոր գործերը ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէ՛ք։
2 Երգեցէ՛ք անոր, սաղմոս ըսէ՛ք անոր,Պատմեցէ՛ք անոր բոլոր հրաշքները։
3 Անոր սուրբ անունովը հպարտացէ՛ք։Տէրը խնդրողներուն սիրտը թող ուրախ ըլլայ։
4 Տէրը ու անոր զօրութիւնը խնդրեցէ՛ք,Ամէն ժամանակ անոր երեսը փնտռեցէ՜ք.
5 Յիշեցէ՛ք անոր ըրած հրաշքները,Անոր նշանները ու բերնին դատաստանները։
6 Ո՛վ անոր ծառային՝ Աբրահամին՝ սերունդ,Ո՛վ Յակոբի որդիներ, անոր ընտրեալները։
7 Եհովան ինքն է մեր Աստուածը.Անոր դատաստանները բոլոր երկրի մէջ են։
8 Անիկա իր ուխտը յաւիտեան կը յիշէՈւ իր պատուիրած խօսքը՝ մինչեւ հազար ազգ.
9 Այն ուխտը որ Աբրահամին ըրաւՈւ իր երդումը որ Իսահակին ըրաւ,
10 Յակոբին ալ հաստատեց զանիկա՝ օրէնք մը ըլլալուՈւ Իսրայէլին՝ իբրեւ յաւիտենական ուխտ մը,
11 Ըսելով. «Քեզի պիտի տամ Քանանի երկիրը,Ձեր ժառանգութեան վիճակը»։
12 Երբ անոնք սակաւաթիւ էին,Քիչուոր ու պանդուխտ՝ անոր մէջ
13 Ու մէկ ազգէ ուրիշ ազգի գացին,Մէկ թագաւորութենէ ուրիշ ժողովուրդի,
14 Անիկա մէկո՛ւն թող չտուաւ, որ զանոնք նեղէ.Թագաւորներ ալ յանդիմանեց անոնց համար,
15 Ըսելով. «Իմ օծեալներուս մի՛ դպչիքՈւ իմ մարգարէներուս չարութիւն մի՛ ընէք»։
16 Երբ սով բերաւ երկրի վրայ,Հացին բոլոր զօրութիւնը կոտրեց։
17 Անոնց առջեւէն մարդ ղրկեց,Յովսէփը՝ որ ծառայութեան ծախուեցաւ։
18 Անոր ոտքերը կապանքով նեղեցին,Անոր անձը երկաթի մէջ դրուեցաւ՝
19 Մինչեւ այն ժամանակ, երբ անոր խօսքը եկաւ,Տէրոջը խօսքը փորձեց զանիկա։
20 Թագաւորը ղրկեց ու արձակեց զանիկա։Ժողովուրդներուն իշխանը ազատեց զանիկա։
21 Իր տանը վրայ տէր կեցուց զանիկաԵւ իր բոլոր ունեցածին վրայ՝ իշխան,
22 Որպէս զի անոր իշխանները իր ուզածին պէս կապէՈւ անոր ծերերը իմաստուն ընէ։
23 Իսրայէլ Եգիպտոս եկաւՈւ Յակոբ պանդուխտ եղաւ Քամի երկրին մէջ։
24 Տէրը իր ժողովուրդը խիստ շատցուցՈւ զանոնք իրենց թշնամիներէն աւելի զօրաւոր ըրաւ։
25 Անոնց սիրտը դարձուց*, որպէս զի իր ժողովուրդը ատենՈւ իր ծառաներուն նենգութիւն ընեն։
26 Իր ծառան Մովսէսը ղրկեցԵւ իր ընտրած Ահարոնը,
27 Որոնք անոնց մէջ իր նշանները ըրինՈւ հրաշքներ՝ Քամի երկրին մէջ։
28 Խաւար ղրկեց ու խաւարեցուցԵւ անոր խօսքին դէմ չկեցան։
29 Անոնց ջուրերը արիւնի դարձուցՈւ անոնց ձուկերը սպաննեց։
30 Անոնց երկիրը առատօրէն գորտեր դուրս բերաւ,Մինչեւ անոնց թագաւորներուն ներքին սենեակներուն մէջ։
31 Ըսաւ՝ ու շանաճանճը եւ մուներըԱնոնց բոլոր սահմաններուն մէջ եկան։
32 Անձրեւի տեղ կարկուտ տուաւ անոնցՈւ կրակի բոցեր՝ անոնց երկրին մէջ։
33 Անոնց որթատունկերը ու թզենիները զարկաւԵւ անոնց սահմաններուն ծառերը կոտրտեց։
34 Ըսաւ՝ ու եկան մարախըԵւ ջորեակը՝ առանց համրանքի,
35 Որոնք անոնց երկրին մէջի բոլոր խոտըԵւ անոնց արտերուն պտուղը կերան։
36 Անոնց երկրին բոլոր անդրանիկներըՈւ անոնց բոլոր զօրութեանը սկիզբը զարկաւ։
37 Զանոնք ոսկիով ու արծաթով հանեցՈւ անոնց ցեղերուն մէջ տկար մարդ չկար։
38 Եգիպտոս ուրախացաւ անոնց դուրս ելլելուն,Վասն զի անոնց ահը իրենց վրայ ինկած էր։
39 Ցորեկը՝ հովանի ըլլալու համար ամպՈւ գիշերը՝ լոյս տալու համար կրակ տարածեց։
40 Խնդրեցին ու լորամարգիներ բերաւՈւ երկնքի հացով կշտացուց զանոնք։
41 Վէմը պատռեց ու ջուրերը վազեցին,Գետի պէս հոսեցան չոր տեղերուն մէջէն։
42 Վասն զի իր սուրբ խոստումը յիշեց,Որ իր Աբրահամ ծառային ըրեր էր։
43 Ժողովուրդը ցնծութիւնով հանեցԵւ իր ընտրածները՝ ուրախութիւնով։
44 Հեթանոսներուն երկիրները անոնց տուաւԵւ անոնք ժողովուրդներուն վաստակները ժառանգեցին,
45 Որպէս զի անոր պատուիրանքները պահենՈւ անոր օրէնքները կատարեն։ Ալէլուիա՜։
Ստորանիշներ
^ 105։25 Կամ, դարձաւ