ՍԱՂՄՈՍ 112։1-10

112  Ալէլուիա՜։ Երանի՜ այն մարդուն, որ Տէրոջմէն կը վախնայՈւ անոր պատուիրանքներուն շատ կը հաւնի։   Անոր սերունդը զօրաւոր պիտի ըլլայ երկրի վրայ եւՈւղիղներուն ցեղը պիտի օրհնուի։   Առատութիւն ու հարստութիւն պիտի ըլլայ անոր տանը մէջՈւ անոր արդարութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։   Խաւարին մէջ լոյս կը ծագի ուղիղներուն, քանզիՈղորմած ու գթած եւ արդար է։   Բարի մարդը կ’ողորմի ու փոխ կու տայ,Իր բաները իրաւունքով կը կատարէ։   Յիրաւի անիկա յաւիտեան պիտի չսասանի եւԱրդարին յիշատակը յաւիտեան պիտի մնայ։   Անիկա գէշ լուրէն չի վախնար.Անոր սիրտը հաստատ է ու Տէրոջը կը յուսայ։   Անոր սիրտը հաստատուած է, պիտի չվախնայ,Մինչեւ իր թշնամիներուն կորուստը տեսնէ։   Բաշխեց եւ աղքատներուն տուաւ.Անոր արդարութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։Անոր եղջիւրը փառքով պիտի բարձրանայ։ 10  Ամբարիշտը պիտի տեսնէ ու բարկանայ։Իր ակռաները պիտի կրճտէ ու պիտի հալի։Ամբարիշտներուն ցանկութիւնը պիտի կորսուի։

Ստորանիշներ