ՍԱՂՄՈՍ 126։1-6

Աստիճաններուն երգը 126  Երբ Տէրը Սիօնին գերութիւնը դարձուց,Երազ տեսնողներու* պէս եղանք։   Այն ժամանակ մեր բերանը խնդութիւնով լեցուեցաւՈւ մեր լեզուն՝ ցնծութիւնով։Այն ժամանակ հեթանոսներուն մէջ ըսին.«Տէրը մեզի համար մեծ բաներ ըրաւ»։   Տէրը մեզի համար մեծ բաներ ըրաւՈւ մենք ուրախացանք։   Ո՛վ Տէր, դարձուր մեր գերութիւնըՀարաւի առուներուն պէս։   Անոնք որ արցունքով կը ցանեն,Ցնծութիւնով պիտի հնձեն։   Ան որ լալով կ’երթայ,Ցանելու սերմը տանելով,Անշուշտ ցնծութեամբ ետ պիտի դառնայ,Իր ցորենի խուրձերը բերելով։

Ստորանիշներ

126։1 Կամ, Առողջացողներու