ՍԱՂՄՈՍ 135։1-21

135  Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը,Օրհնեցէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը ծառաներ,   Որ Տէրոջը տունը կը կենաք,Մեր Աստուծոյն տանը սրահներուն մէջ։   Օրհնեցէ՛ք Տէրը, վասն զի Տէրը բարի է.Սաղմո՛ս ըսէք անոր անուանը, վասն զի քաղցր է։   Վասն զի Տէրը իրեն համար ընտրեց ՅակոբըՈւ Իսրայէլը՝ իրեն սեփական ժողովուրդ ըլլալու։   Վասն զի ես իմացայ, թէ Եհովան մեծ էՈւ մեր Տէրը՝ բոլոր աստուածներէն։   Տէրը ամէն ինչ որ ուզեց ըրաւ երկնքի ու երկրի մէջ,Ծովերուն ու բոլոր անդունդներուն մէջ։   Երկրի ծայրերէն շոգիներ կը հանէ,Անձրեւի համար փայլակներ կը շինէՈւ հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։   Անիկա Եգիպտոսի անդրանիկները զարկաւՄարդէն մինչեւ անասուն։   Նշաններ ու հրաշքներ ղրկեց քու մէջդ, ո՛վ Եգիպտոս,Փարաւոնին ու անոր բոլոր ծառաներուն վրայ։ 10  Շատ ազգեր զարկաւՈւ զօրեղ թագաւորներ սպաննեց։ 11  Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորը,Բասանի Ովգ թագաւորըԵւ Քանանի բոլոր թագաւորութիւնները 12  Ու անոնց երկիրը ժառանգութիւն տուաւ,Իր Իսրայէլ ժողովուրդին ժառանգութիւն։ 13  Ո՛վ Տէր, քու անունդ մինչեւ յաւիտեան պիտի մնայ.Ո՛վ Տէր, քու յիշատակդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։ 14  Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը կը դատէԵւ իր ծառաներուն կ’ողորմի։ 15  Հեթանոսներուն կուռքերը արծաթ ու ոսկի են,Մարդու ձեռքի գործեր են։ 16  Բերան ունին, բայց չեն խօսիր.Աչքեր ունին, բայց չեն տեսներ. 17  Ականջներ ունին, բայց չեն լսերՈւ շունչ չկայ անոնց բերնին մէջ։ 18  Անոնց նման կ’ըլլան զանոնք շինողներըՈւ բոլոր անոնց յուսացողները։ 19  Ո՛վ Իսրայէլի տուն, օրհնեցէ՛ք Տէրը.Ո՛վ Ահարոնի տուն, օրհնեցէ՛ք Տէրը. 20  Ո՛վ Ղեւիի տուն, օրհնեցէ՛ք Տէրը.Ո՛վ Տէրոջմէն վախցողներ, օրհնեցէ՛ք Տէրը։ 21  Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրը Սիօնէն,Որ Երուսաղէմի մէջ կը բնակի։ Ալէլուիա՜։

Ստորանիշներ