ՍԱՂՄՈՍ 50։1-23
Սաղմոս Ասափի
50 Աստուածներուն Աստուածը, Տէրը, խօսեցաւՈւ երկիրը կանչեց արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք։
2 Սիօնէն, գեղեցկութեան կատարելութենէն,Աստուած փայլեցաւ։
3 Մեր Աստուածը պիտի գայ ու պիտի չլռէ.Անոր առջեւ մաշող կրակ,Ու բոլորտիքը սաստիկ փոթորիկ պիտի ըլլայ։
4 Վերէն պիտի կանչէ երկինքըՈւ երկիրը՝ իր ժողովուրդը դատելու համար։
5 «Ինծի հաւաքեցէք իմ սուրբերսՈւ ինծի հետ զոհով ուխտ ընողները»։
6 Երկինքները անոր արդարութիւնը պիտի պատմեն,Վասն զի Աստուած ինք դատաւոր է։ (Սէլա։)
7 «Լսէ՛, ով իմ ժողովուրդս ու խօսիմ,Ով Իսրայէլ ու քեզի վկայութիւն ընեմ,Թէ ես եմ Աստուած, քու Աստուածդ։
8 Ոչ թէ քու զոհերուդ համար քեզ կը յանդիմանեմՈւ քու ողջակէզներուդ համար՝ որոնք միշտ իմ առջեւս են։
9 Քու տունէդ զուարակ չեմ առներ,Ոչ ալ քու գոմերէդ՝ նոխազներ։
10 Վասն զի իմս են անտառին բոլոր գազանները,Հազարաւոր լեռներուն անասունները։
11 Ես կը ճանչնամ լեռներուն բոլոր թռչուններըՈւ դաշտի գազանները իմ քովս են*։
12 Եթէ անօթենամ՝ քեզի պիտի չըսեմ.Վասն զի աշխարհ ու անոր լիութիւնը իմս է։
13 Միթէ ես ցուլերու միս կ’ուտե՞մԿամ նոխազներու արիւն կը խմե՞մ։
14 Շնորհակալութեան զոհ մատուցանէ Աստուծոյ,Ու քու ուխտերդ կատարէ Բարձրելոյն
15 Ու նեղութեան օրը ինծի կանչէ.Ես քեզ պիտի ազատեմ ու դուն զիս պիտի փառաւորես»։
16 Սակայն Աստուած ամբարշտին կ’ըսէ.«Քեզի ի՞նչ՝ որ դուն իմ օրէնքներս կը պատմեսՈւ իմ ուխտս բերանդ կ’առնես։
17 Վասն զի դուն խրատը ատեցիրՈւ իմ խօսքերս ետիդ ձգեցիր.
18 Գողը տեսնելով՝ անոր հետ միաբանեցարՈւ շնացողներուն հետ բաժին ունեցար.
19 Քու բերանդ չարութեան տուիր,Ու քու լեզուդ նենգութիւն կը հնարէ.
20 Կը նստիս եղբօրդ դէմ կը խօսիս,Մօրդ որդիին դէմ չարախօսութիւն կ’ընես։
21 Այս բաները ըրիր ու ես լռեցի.Կարծեցիր թէ ես բոլորովին քեզի կը նմանիմ,Բայց քեզ պիտի յանդիմանեմՈւ աչքերուդ առջեւ պիտի շարեմ քու ըրածներդ։
22 Արդ, իմացէ՛ք ասիկա, ո՛վ դուք Աստուած մոռցողներ,Չըլլայ որ ձեզ պատռեմ եւ ազատող մըն ալ չգտնուի։
23 Շնորհակալութիւն մատուցանողը զիս կը փառաւորէ.Ու իր ճամբուն զգուշութիւն ընողինՊիտի ցուցնեմ Աստուծոյ փրկութիւնը»։
Ստորանիշներ
^ 50։11 Կամ, առատութիւնը իմ քովս է