ՍԱՂՄՈՍ 53։1-6

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը 53  Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ. «Աստուած չկայ»։Ապականեցան պիղծ անօրէնութիւն ընելով։Մէ՛կը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։   Աստուած երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն վրայ,Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը,Որ Աստուած փնտռէ։   Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան.Աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ։   Միթէ չե՞ն ճանչնար անօրէնութիւն ընողները,Որոնք հաց ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ’ուտենՈւ Աստուծոյ չեն կանչեր։   Անոնք հո՛ն շատ վախցան՝ ուր վախ չկար.Վասն զի քեզ պաշարողներուն ոսկորները ցրուեց Աստուած։Անոնք պիտի ամչնան եւ ամօթով մնան, վասն զի Աստուած անարգեց զանոնք։   Երանի՜ թէ Սիօնէն գար Իսրայէլի փրկութիւնը։Աստուծոյ՝ իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը՝Յակոբ պիտի ցնծայ ու Իսրայէլ ուրախ պիտի ըլլայ։

Ստորանիշներ