ՍԱՂՄՈՍ 63։1-11

Սաղմոս Դաւիթի, երբ ինք Յուդայի անապատին մէջ էր 63  Ո՛վ Աստուած, դո՛ւն ես իմ Աստուածս,Ես առտուն քեզ կը փնտռեմ.Հոգիս կը ծարաւի քեզի ու մարմինս քեզի կը փափաքիՉոր ու ծարաւ տեղը, ուր ջուր չկայ։   Քու զօրութիւնդ ու փառքդ տեսնելու համարԻնչպէս քեզ տեսած եմ սրբարանին մէջ։   Որովհետեւ քու ողորմութիւնդ կեանքէն աղէկ է։Իմ շրթունքներս քեզ պիտի գովեն։   Այսպէս պիտի օրհնեմ քեզ իմ կեանքիս ընթացքին,Քու անունովդ ձեռքերս վեր պիտի վերցնեմ։   Իբր թէ ճարպով ու պարարտութիւնով պիտի կշտանայ իմ անձսՈւ ցնծութեան շրթունքներով պիտի գովէ քեզ իմ բերանս։   Անկողնիս վրայ քեզ կը յիշեմ,Գիշերուան պահերուն մէջ քու վրայովդ կը մտածեմ.   Վասն զի ինծի օգնական եղարՈւ քու թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ պիտի ցնծամ։   Իմ անձս քեզի կը յարի,Քու աջ ձեռքդ զիս կը պահէ.   Բայց անոնք որ անձս կը փնտռեն զանիկա կորսնցնելու համար,Գետնին խորունկ տեղերը պիտի մտնեն, 10  Սուրի պիտի մատնուին,Աղուէսներու* բաժին պիտի ըլլան։ 11  Բայց թագաւորը Աստուծմով պիտի ուրախանայ,Բոլոր անով երդում ընողները պիտի պարծենան,Իսկ ստախօսներուն բերանը պիտի պապանձի։

Ստորանիշներ

63։10 Կամ, Չագալներու