ՍԱՂՄՈՍ 9։1-20
Սաղմոս Դաւիթի
9 Գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Տէրոջը իմ բոլոր սրտովս.Քու բոլոր սքանչելիքներդ պիտի պատմեմ։
2 Քեզմով ուրախ պիտի ըլլամ ու ցնծամ.Քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ, ո՛վ Բարձրեալ։
3 Թշնամիներս ետ դառնալու ատեննինՔու երեսէդ պիտի իյնան ու կորսուին.
4 Վասն զի դատաստանս եւ իրաւունքս դուն տեսար.Աթոռին վրայ նստար իբրեւ արդարութեան դատաւոր։
5 Հեթանոսները յանդիմանեցիր,Ամբարիշտը կորսնցուցիր,Անոնց անունները ջնջեցիր յաւիտեանս յաւիտենից։
6 Թշնամիին աւերմունքները բոլորովին վերջացան.Քաղաքները աւերեցիր.Անոնց յիշատակը իրենց հետ կորսուեցաւ։
7 Բայց Տէրը յաւիտեան պիտի մնայ.Անիկա իր աթոռը պատրաստեց դատաստանի համար։
8 Ինք պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով,Ժողովուրդներուն դատաստան պիտի ընէ ուղղութիւնով։
9 Տնանկին ալ ապաւէն պիտի ըլլայ Տէրը,Ապաւէն՝ նեղութեան ժամանակները։
10 Անոնք որ քու անունդ գիտեն՝ քեզի պիտի յուսան.Վասն զի քեզ փնտռողները, ո՛վ Տէր, երեսէ չձգեցիր։
11 Սաղմո՛ս երգեցէք Տէրոջը, որ Սիօն կը բնակի,Ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէ՛ք անոր ըրածները։
12 Վասն զի արեան վրէժխնդիրը յիշեց զանոնք,Չմոռցաւ նեղեալներուն աղաղակը։
13 Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի,Տե՛ս իմ թշնամիներէս կրած նեղութիւնս,Դուն որ զիս մահուան դռներէն կը վերցնես.
14 Որպէս զի քու բոլոր օրհնութիւններդ պատմեմՍիօնի աղջկան դռներուն մէջ.Պիտի ցնծամ քու փրկութիւնովդ։
15 Հեթանոսները իրենց շինած փոսին մէջ ընկղմեցան.Իրենց գաղտուկ լարած որոգայթին մէջ իրենց ոտքը բռնուեցաւ։
16 Տէրը ճանչցուած է, վասն զի դատաստան ըրաւ.Ամբարիշտը իր ձեռքին գործերովը որոգայթը կ’իյնայ։ (Հիկկայօն*։ Սէլա։)
17 Ամբարիշտները դժոխքը պիտի դառնանԵւ այն բոլոր ազգերը, որոնք Աստուած կը մոռնան։
18 Քանզի աղքատը պիտի չմոռցուի մինչեւ վերջը.Տնանկներուն յոյսը յաւիտեան պիտի չկորսուի։
19 Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, մարդը թող չզօրանայ.Թող հեթանոսները դատուին քու առջեւդ.
20 Ո՛վ Տէր, զանոնք վախցուր*.Թող հեթանոսները գիտնան թէ իրենք մարդ են։ (Սէլա։)