Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած ի՛նչ ըրաւ մարդկութիւնը փրկելու համար

Աստուած ի՛նչ ըրաւ մարդկութիւնը փրկելու համար

Գլուխ 7

Աստուած ի՛նչ ըրաւ մարդկութիւնը փրկելու համար

1, 2. (ա) Հռովմէացի հարիւրապետ մը ինչպէ՞ս կրցաւ գնահատել Աստուծոյ Որդւոյն ո՛վ ըլլալը։ (բ) Եհովա ինչո՞ւ թոյլ տուաւ որ Յիսուս մեռնի։

ՇՈՒՐՋ 2,000 տարիներ առաջ, գարնանային յետմիջօրէ մը, Հռովմէացի հարիւրապետ մը երեք մարդոց դանդաղ ու տանջալից մահը կը դիտէր։ Անոնցմէ մէկը՝ Յիսուս Քրիստոս, որ փայտէ ցիցի մը վրայ գամուած էր, այդ զինուորին մասնաւոր ուշադրութիւնը գրաւեց։ Մինչ անոր մահուան պահը կը մօտենար, կէսօրուան երկինքը խաւարեցաւ։ Երբ ան մեռաւ, գետինը ուժգին շարժեցաւ եւ այդ զինուորը բացագանչեց. «Արդարեւ Որդի Աստուծոյ էր այս մարդը»։—Մարկոս 15։39

2 Աստուծոյ Որդի՛ն։ Այդ զինուորը իրաւունք ունէր։ Ան երկրի վրայ պատահած ամենէն կարեւոր ու անկրկնելի դէպքի մը ականատես եղած էր։ Ասկէ առաջ, Աստուած զանազան առիթներով Յիսուսը իր սիրելի Որդին կոչած էր։ (Մատթէոս 3։17. 17։5) Եհովա ինչո՞ւ թոյլատրեց իր Որդւոյն մահը։ Քանի որ ասիկա մարդկութիւնը մեղքէն ու մահէն փրկելու Աստուծոյ միջոցն էր։

ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՆՊԱՏԱԿԻ ՀԱՄԱՐ ԸՆՏՐՈՒԱԾ

3. Ինչո՞ւ պատշաճ էր որ Աստուծոյ միածին Որդին ընտրուէր մարդկութեան վերաբերեալ մասնաւոր նպատակ մը իրագործելու համար։

3 Ինչպէս նախապէս սորվեցանք այս գրքին մէջ, Յիսուս նախամարդկային գոյութիւն մը ունեցած էր։ Ան Աստուծոյ «միածին Որդին» կոչուած է, քանի որ ուղղակիօրէն Եհովայի կողմէ ստեղծուած է։ Անկէ ետք, Աստուած Յիսուսը գործածեց միւս բոլոր բաները մէջտեղ բերելու համար։ (Յովհաննու 3։18. Կողոսացիս 1։16) Յիսուս մասնայատուկ սէր ունէր մարդկութեան հանդէպ։ (Առակաց 8։30, 31) Զարմանալի չէ որ երբ մարդկութիւնը մահուան դատապարտութեան ներքեւ եկաւ, Եհովա իր միածին Որդի՛ն ընտրեց, որպէսզի մասնաւոր նպատակ մը իրագործէ։

4, 5. Յիսուս երկիր գալէն առաջ, Աստուածաշունչը ի՞նչ յայտնած էր Մեսիական Սերունդին մասին։

4 Երբ Եդեմի պարտէզին մէջ Ադամի, Եւայի ու Սատանային վրայ իր դատաստանը արտասանեց, Աստուած ապագայ Փրկիչի մը մասին խօսեցաւ որպէս «Սերունդ»։ Այս «Սերունդը» Բանսարկու Սատանային՝ «առաջին օձին»՝ բերած ահաւոր չարիքները պիտի չէզոքացնէր։ Խոստացեալ Սերունդը իրապէս պիտի ջախջախէր Սատանան եւ անոր բոլոր հետեւորդները։—Ծննդոց 3։15. Ա. Յովհաննու 3։8. Յայտնութիւն 12։9

5 Դարերու ընթացքին, Աստուած աստիճանաբար աւելի լայն տեղեկութիւն տուաւ Սերունդին մասին, որ նաեւ կոչուեցաւ Մեսիա։ Ինչպէս ցոյց տրուած է 37–րդ էջի ցուցակին վրայ, բազմաթիւ մարգարէութիւններ երկրի վրայ իր կեանքի շատ մը երեսակներուն մասին մանրամասնութիւններ տուին։ Օրինակ, Ան ահաւոր չարչարանքներու պիտի ենթարկուէր, որպէսզի Աստուծոյ նպատակին մէջ իր դերը կատարէր։—Եսայեայ 53։3–5

ՄԵՍԻԱՆ Ի՛ՆՉՈՒ ՊԷՏՔ ԷՐ ՄԵՌՆԷՐ

6. Ըստ Դանիէլ 9։24–26–ի Մեսիան ի՞նչ պիտի իրագործէր եւ ի՛նչպէս։

6 Դանիէլ 9։24–26–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութիւնը կը գուշակէր որ Մեսիան՝ Օծեալը՝ վեհ նպատակ մը պիտի իրագործէր։ Ան երկիր պիտի գար՝ «յանցանքը վերջացնելու ու մեղքը հատցնելու եւ անօրէնութիւնը քաւելու ու յաւիտենական արդարութիւնը բերելու» համար։ Մեսիան հաւատարիմ մարդոց վրայէն պիտի վերցնէր մահուան դատապարտութիւնը։ Բայց ինչպէ՞ս պիտի ընէր ասիկա։ Մարգարէութիւնը կը բացատրէ որ ան պիտի կտրուէր, կամ սպաննուէր։

7. Հրեաները ինչո՞ւ անասնական զոհեր կը մատուցանէին եւ անոնք ի՛նչ բանի նախաշուքն էին։

7 Վաղեմի Իսրայելացիներուն ծանօթ էր յանցանքի համար քաւութիւն ընելու գաղափարը։ Մովսէսի միջոցով Աստուծոյ տուած Օրէնքին ներքեւ, անոնք միշտ անասնական զոհեր կը մատուցանէին։ Ասիկա Իսրայէլ ժողովուրդին կը յիշեցնէր որ մարդիկ իրենց մեղքերը քաւելու կամ ծածկելու համար, բանի մը կարիքը ունին։ Պօղոս առաքեալ այս սկզբունքը ամփոփեց հետեւեալ կերպով. «Արիւն չթափուած թողութիւն չըլլար»։ (Եբրայեցիս 9։22) Քրիստոնեաները Մովսիսական Օրէնքին ու անոր պահանջներուն ներքեւ չեն, որոնց մաս կը կազմէին զոհերը։ (Հռովմայեցիս 10։4. Կողոսացիս 2։16, 17) Անոնք գիտեն նաեւ որ անասնական զոհերը չեն կրնար մեղքերու մնայուն եւ ամբողջական թողութիւն բերել։ Այդ զոհերը կը նախագուշակէին շատ աւելի արժէքաւոր զոհ մը՝ Մեսիայի կամ Քրիստոսի զոհը։ (Եբրայեցիս 10։4, 10. տես Գաղատացիս 3։24։) Սակայն կրնաք հարց տալ. Իրապէս անհրաժե՞շտ էր Մեսիային մահը։

8, 9. Ադամն ու Եւան ի՞նչ թանկարժէք բաներ կորսնցուցին եւ անոնց արարքը ինչպէ՞ս ազդեց իրենց սերունդին։

8 Այո, Մեսիան պէ՛տք էր մեռնէր, որպէսզի մարդկութիւնը փրկուէր։ Ասոր պատճառը հասկնալու համար, պէտք է վերադառնանք Եդեմի պարտէզը եւ փորձենք ըմբռնել թէ Ադամն ու Եւան Աստուծոյ դէմ ըմբոստանալով ի՛նչ մեծ բան կորսնցուցին։ Անոնց դիմաց դրուած էր յաւիտենական կեանքը։ Աստուծոյ Որդիները ըլլալով, անոր հետ ուղղակի յարաբերութիւն մը կը վայելէին։ Բայց երբ Եհովայի իշխանութիւնը մերժեցին, այդ բոլորը կորսնցուցին եւ մարդկային ցեղին վրայ բերին մեղքն ու մահը։—Հռովմայեցիս 5։12

9 Մեր առաջին ծնողները որպէս թէ հսկայ հարստութիւն մը մսխեցին եւ հսկայական պարտքի տակ մտան։ Ադամն ու Եւան այդ պարտքը փոխանցեցին իրենց սերունդին։ Քանի որ կատարեալ ու անմեղ չենք ծնած, բոլորս ալ մեղաւոր ու մահկանացու ենք։ Երբ հիւանդանանք կամ վիրաւորական բան մը ըսենք, որու համար ետքը կը զղջանք, մեր ժառանգած պարտքին՝ մարդկային անկատարութեան՝ պտուղն է որ կը քաղենք։ (Հռովմայեցիս 7։21–25) Մեր միակ յոյսը Ադամին կորսնցուցածը վերագտնելու մէջ կը կայանայ։ Սակայն մենք չենք կրնար մարդկային կատարեալ կեանք մը շահիլ։ Քանի որ բոլոր անկատար անհատները մեղք կը գործեն, հետեւաբար բոլորս ալ մահուան արժանի ենք եւ ոչ թէ՝ կեանքի։—Հռովմայեցիս 6։23

10. Ադամի կորսնցուցածը վերագնելու համար ի՞նչ բանի կարիքը կար։

10 Սակայն, Ադամի կորսնցուցած կեանքին փոխարէն կարելի՞ է բան մը մատուցանել։ Աստուծոյ արդարութեան չափանիշը հաւասարակշռութիւն կը պահանջէր՝ «անձի տեղ՝ անձ»։ (Ելից 21։23) Ուստի, կորսուած կեանքին փոխարէն՝ կեանք պէտք էր տրուէր. բայց ո՛չ՝ որեւէ կեանք։ Սաղմոս 49։7, 8–ն անկատար մարդոց մասին կ’ըսէ. «Մէկը բնաւ չի կրնար փրկել իր եղբայրը, ո՛չ ալ անոր փրկանքը Աստուծոյ հատուցանել. (քանզի սուղ է անոնց անձին փրկութեան գինը, երբեք կարելի չէ գոհացնել)»։ Արդ, կացութիւնը անյո՞յս էր։ Ո՛չ, արդարեւ։

11. (ա) Եբրայերէնի մէջ «փրկանք» բառը ի՞նչ կը նշանակէ։ (բ) Միմիայն ո՞վ կրնար մարդկութիւնը փրկել եւ ի՛նչու։

11 Եբրայերէն լեզուին մէջ «փրկանք» բառը կը նշանակէ, գերի մը փրկելու համար վճարուած գումար, բայց համազօրութեան գաղափարն ալ կը պարունակէ։ Միմիայն կատարեալ մարդկային կեանք ունեցող մը կրնար մատուցանել Ադամի կորսնցուցածին համազօր եղող բան մը։ Ադամէն ետք, երկրի վրայ ծնած միակ կատարեալ մարդը Յիսուս Քրիստոսն էր։ Անոր համար Աստուածաշունչը Յիսուսը կը կոչէ «Վերջին Ադամ»ը, մեզ հաւաստիացնելով որ Քրիստոս «ինքզինք համապատասխան փրկանք տուաւ բոլորին համար»։ (Ա. Կորնթացիս 15։45. Ա. Տիմոթէոս 2։5, 6. ՆԱ) Թէեւ Ադամ մահ փոխանցեց իր զաւակներուն, բայց Յիսուս յաւիտենական կեանք կտակեց։ Առաջին Կորնթացիս 15։22–ը կը բացատրէ. «Ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան»։ Ուստի շատ տեղին ըլլալով Յիսուս կոչուած է «Յաւիտենականութեան Հայր»։—Եսայեայ 9։6, 7

ՓՐԿԱՆՔԸ Ի՛ՆՉՊԷՍ ՎՃԱՐՈՒԵՑԱՒ

12. Յիսուս ե՞րբ Մեսիան եղաւ եւ անկէ ետք ի՞նչ կենցաղ հետապնդեց։

12 Հ.Դ. 29–ի աշնան, Յիսուս իր ազգականին՝ Յովհաննէսի՝ քով գնաց, որպէսզի մկրտուի եւ Աստուծոյ կամքը կատարելու համար ինքզինք ներկայացնէ։ Այդ առթիւ, Եհովա սուրբ հոգիով օծեց Յիսուսը։ Այս կերպով, Յիսուս Աստուծոյ կողմէ օծուած Մեսիան, կամ Քրիստոսը եղաւ։ (Մատթէոս 3։16, 17) Անկէ ետք Յիսուս իր երեքուկէս տարուան ծառայութեան ձեռնարկեց։ Ան իր ծննդավայրին չորս կողմը պտըտեցաւ, Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզելով եւ հաւատարիմ հետեւորդներ հաւաքելով։ Սակայն, ինչպէս նախագուշակուած էր, իր դէմ հակառակութիւնը շուտով գլուխ ցցեց։—Սաղմոս 118։22. Գործք 4։8–11

13. Ի՞նչ եղելութիւններ ուղղամիտ Յիսուսը մահուան առաջնորդեցին։

13 Յիսուս խիզախօրէն քօղազերծեց կրօնական առաջնորդներուն կեղծաւորութիւնը, որոնք զինք սպաննելու առիթ փնտռեցին։ Անոնք վերջապէս ստորին դաւադրութիւն մը նիւթեցին. զինք մատնել տուին, անիրաւօրէն ձերբակալեցին, անօրէն կերպով դատեցին եւ որպէս մոլորեցուցիչ ամբաստանեցին։ Յիսուսը ապտակեցին, վրան թքեցին, ծաղրեցին եւ իր մարմինը պատռելու մտոք պատրաստուած խառազանով ծեծեցին։ Ապա, Հռովմէացի կառավարիչ՝ Պոնտացի Պիղատոս՝ ցիցի մը վրայ մեռնելու դատապարտեց զինք։ Ան փայտէ գերանի մը վրայ գամուեցաւ եւ անոր վրայ ուղիղ կախուեցաւ։ Իւրաքանչիւր շնչառութիւն, իրեն համար տանջանք մըն էր. ժամեր տեւեց իր մահը։ Այս ամբողջ չարչարանքի ընթացքին, Յիսուս Աստուծոյ հանդէպ կատարեալ ուղղամտութիւն պահեց։

14. Աստուած ինչո՞ւ թոյլատրեց որ իր Որդին տանջուի ու մեռնի։

14 Ուստի, Հ.Դ. 33, Նիսան 14–ին էր որ Յիսուս իր կեանքը «շատերուն համար իբր փրկանք» տուաւ։ (Մարկոս 10։45. Ա. Տիմոթէոս 2։5, 6) Եհովա երկինքէն տեսաւ իր սիրելի Որդւոյն տառապանքն ու մահը։ Աստուած ինչո՞ւ թոյլ տուաւ որ այս ահաւոր բանը պատահի։ Քանի որ մարդկութիւնը կը սիրէր։ Յիսուս ըսաւ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ (Յովհաննու 3։16) Յիսուսի մահը մեզի կը սորվեցնէ նաեւ, որ Եհովա կատարեալ արդարութիւն ունեցող Աստուած մըն է։ (Բ. Օրինաց 32։4) Ոմանք կրնան հարց տալ թէ Աստուած ինչո՛ւ անձի տեղ անձ պահանջող արդարութեան իր սկզբունքները ժամանակաւորապէս մէկդի չդրաւ եւ Ադամի մեղաւոր ընթացքին գինը՝ չանտեսեց։ Պատճառը այն է որ Եհովա մի՛շտ իր օրէնքներուն համաձայն կը վարուի եւ զանոնք կը յարգէ, նոյնիսկ եթէ անոր համար բարձր գին մը պիտի վճարէ։

15. Քանի որ Յիսուսի գոյութեան ընդմիշտ ընդհատուիլը անիրաւութիւն պիտի ըլլար, Եհովա ի՞նչ ըրաւ։

15 Եհովայի արդարութիւնը նաեւ կը պահանջէր որ Յիսուսի մահը ուրախ նպատակի ծառայէր։ Արդեօք արդարութիւն պիտի ըլլա՞ր ձգել որ հաւատարիմ Յիսուս յաւիտեան մահուան քունի մէջ մնար։ Անշուշտ ո՛չ։ Եբրայերէն Գրութիւնները մարգարէացած էին որ Աստուծոյ արդար ծառան գերեզմանին մէջ պիտի չմնար։ (Սաղմոս 16։10. Գործք 13։35) Ան մահուան մէջ քնացաւ ու երրորդ օրը (ոչ՝ լման օրեր) Եհովա Աստուած յարուցանեց զինք որպէս հզօր հոգեղէն էակ մը։—Ա. Պետրոս 3։18

16. Յիսուս երկինք վերադառնալէ ետք ի՞նչ ըրաւ։

16 Իր մահուան ատեն, Յիսուս իր մարդկային կեանքը ընդմիշտ յանձնեց։ Երկնային կեանքի յարուցուելէ ետք, ան կենարար հոգի մը եղաւ։ Ասկէ զատ, երբ Յիսուս տիեզերքի ամենասուրբ տեղը բարձրացաւ, ան իր սիրելի Հօրը վերամիացաւ եւ պաշտօնապէս Անոր ներկայացուց իր մարդկային կատարեալ կեանքին արժէքը։ (Եբրայեցիս 9։23–28) Անկէ ետք, այդ թանկագին կեանքին արժէքը կարելի էր կիրարկել հնազանդ մարդկութեան ի նպաստ։ Ասիկա ի՞նչ իմաստ կը կրէ ձեզի համար։

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՓՐԿԱՆՔԸ ԵՒ ԴՈՒՔ

17. Քրիստոսի փրկանքի զոհին հիման վրայ ինչպէ՞ս կրնանք մեղքերու թողութիւն ստանալ։

17 Տեսնենք թէ հիմակուընէ իսկ ի՛նչ երեք կերպերով Քրիստոսի փրկանքի զոհէն օգուտ կը քաղէք։ Առաջին. անիկա մեղքերու թողութիւն կու տայ։ Յիսուսի թափած արեան հաւատք ընծայելով, «փրկութիւն ունինք մենք իր արեան միջոցով», այո, «մեղքի թողութիւն»։ (Եփեսացիս 1։7) Ուստի, նոյնիսկ եթէ լուրջ մեղք մը գործած ենք, կրնանք Աստուծմէ թողութիւն խնդրել՝ Յիսուսի անունով։ Եթէ իրապէս զղջանք, Եհովա մեզի ի նպաստ կը կիրարկէ իր Որդւոյն փրկանքի զոհին արժէքը։ Աստուած կը ներէ եւ լաւ խղճմտանք կը շնորհէ մեզի, փոխանակ մահուան պատիժը գործադրելու, որու արժանի ենք մեր մեղքերուն պատճառաւ։—Գործք 3։19. Ա. Պետրոս 3։21

18. Յիսուսի զոհը ի՞նչ կերպով մեզի յոյս կու տայ։

18 Երկրորդ. Քրիստոսի փրկանքի զոհը ապագայի յոյսի հիմ մը կու տայ մեզի։ Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքի մէջ տեսաւ որ «մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել» կը վերապրի իրերու այս դրութեան եղերական վախճանէն։ Ինչո՞ւ անոնք պիտի վերապրին, երբ Աստուած ուրիշ շատեր կը կործանէ։ Հրեշտակ մը Յովհաննէսի ըսաւ որ այդ մեծ բազմութեան անդամները «իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին [Յիսուս Քրիստոսի] արիւնովը ճերմկցուցին»։ (Յայտնութիւն 9, 14) Այնքան ատեն որ Յիսուս Քրիստոսի թափած արեան հաւատք ընծայենք եւ աստուածային պահանջներուն համաձայն կեանք մը վարենք, Աստուծոյ աչքին մաքուր պիտի ըլլանք եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը պիտի ունենանք։

19. Քրիստոսի զոհը ի՞նչպէս կը փաստէ թէ ինք եւ իր Հայրը ձեզ կը սիրեն։

19 Երրորդ. փրկանքի զոհը Եհովայի սիրոյն գերագոյն փաստն է։ Քրիստոսի մահը տիեզերքի պատմութեան մէջ երկու մեծագոյն սիրոյ արարքներու խտացումն է. (1) Աստուծոյ սէրը, որ իր Որդին ղրկեց մեզի համար մեռնելու. (2) Յիսուսի սէրը, որ յօժարակամօրէն ինքզինք մատուցանեց որպէս փրկանք։ (Յովհաննու 15։13. Հռովմայեցիս 5։8) Եթէ իրապէս հաւատք ընծայենք, այս սէրը իւրաքանչիւրիս ալ մատչելի կ’ըլլայ։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Աստուծոյ Որդին ... զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց»։—Գաղատացիս 2։20. Եբրայեցիս 2։9. Ա. Յովհաննու 4։9, 10

20. Ինչո՞ւ Յիսուսի փրկանքի զոհին հաւատք պէտք է ընծայենք։

20 Ուստի, Աստուծոյ ու Քրիստոսի կողմէ ցուցաբերուած սիրոյ հանդէպ մեր գնահատութիւնը ցոյց տանք, Յիսուսի փրկանքի զոհին հաւատք ընծայելով։ Այս ընթացքը յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։ (Յովհաննու 3։36) Սակայն, Յիսուսի երկրային կեանքին ու մահուան գլխաւոր պատճառը մեր փրկութիւնը չէր։ Անոր գլխաւոր մտահոգութիւնը շատ աւելի մեծ՝ տիեզերական կարեւորութիւն ունեցող, հարց մըն էր։ Յաջորդ գլուխին մէջ պիտի տեսնենք որ այդ հարցին մէջ բոլորս պարփակուած ենք, քանի որ անիկա ցոյց կու տայ թէ Աստուած ի՛նչու թոյլատրած է որ աշխարհի մէջ չարութիւնը ու տառապանքը այսքան ժամանակ գոյատեւեն։

ՁԵՐ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈՐՁԵՑԷՔ

Յիսուս ինչո՞ւ պէտք էր մեռնէր մարդկութիւնը փրկելու համար։

Փրկանքը ինչպէ՞ս վճարուեցաւ։

Ի՞նչ կերպերով փրկանքէն կ’օգտուիք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 67]