Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ 6

Յոբ իր ուղղամտութիւնը կը պահէ

Յոբ իր ուղղամտութիւնը կը պահէ

Սատանան Աստուծոյ առջեւ հարցականի տակ կը դնէ Յոբի ուղղամտութիւնը, բայց Յոբ Եհովային հաւատարիմ կը մնայ։

ԱՐԴԵՕՔ կա՞յ մարդ մը որ Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի մնայ, եթէ ծայր աստիճան փորձութեան ենթարկուի, եւ այնպէս մը թուի թէ հնազանդութիւնը որեւէ նիւթական օգուտ չի բերեր։ Այս հարցումը ծագեցաւ եւ ապա պատասխանուեցաւ, Յոբ անունով մարդու մը պատմութեան միջոցով։

Երբ իսրայէլացիները տակաւին Եգիպտոսի մէջ էին, Աբրահամի մէկ ազգականը՝ Յոբ, կ’ապրէր երկրի մը մէջ, որ այժմ Արաբիա կը կոչուի։ Այդ ժամանակ, երկնքի մէջ, հրեշտակները Աստուծոյ առջեւ հաւաքուեցան. ըմբոստ Սատանան ալ անոնց հետ էր։ Այդ երկնային բազմութեան առջեւ, Եհովան իր հաւատարիմ Յոբ ծառային նկատմամբ իր վստահութիւնը յայտնեց։ Եհովան ըսաւ որ Յոբին պէս ուղղամիտ մարդ չկար։ Բայց Սատանան դաւանեցաւ թէ Յոբ Աստուծոյ կը ծառայէր միայն, քանի որ Աստուած օրհնած եւ պաշտպանած էր զինք։ Սատանան ըսաւ որ եթէ Յոբին բոլոր ունեցածը իր ձեռքէն առնուէր, ան Աստուծոյ պիտի հայհոյէր։

Աստուած թոյլ տուաւ, որ Սատանան նախ խլէր Յոբին հարստութիւնն ու զաւակները եւ ապա՝ անոր առողջութիւնը։ Յոբ, չգիտնալով թէ այս ամբողջ անցուդարձին մէջ Սատանան դեր ունէր, չէր կրնար հասկնալ թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէր որ այս փորձանքները իրեն պատահէին։ Այսուհանդերձ, ան բնաւ Աստուծոյ դէմ չելաւ։

Երեք կեղծ բարեկամներ Յոբին քով եկան։ Իրենց շարք մը խօսքերով, որոնք Յոբ գրքին մէջ գրուած են, այս մարդիկը փորձեցին սխալ կերպով համոզել Յոբը, թէ Աստուած զինք կը պատժէր իր գործած գաղտնի մեղքերուն համար։ Անոնք նոյնիսկ դաւանեցան, թէ Աստուած իր ծառաներուն ո՛չ կը հաճի, ոչ ալ կը վստահի։ Բայց Յոբ մերժեց այդ սխալ պատճառաբանութիւնը։ Ամենայն վստահութեամբ ան ըսաւ թէ իր ուղղամտութիւնը պիտի պահէր մինչեւ մահ։

Սակայն Յոբ ալ սխալեցաւ. ան չափէ դուրս ինքզինք արդարացուց։ Եղիուս, որ տարիքով աւելի փոքր էր, ամբողջ բանավէճը մտիկ ընելէ ետք սկսաւ խօսիլ։ Ան յանդիմանեց Յոբը, քանի որ Յոբ չէր գիտակցեր թէ Եհովա Աստուծոյ գերիշխանութեան ջատագովումը շա՜տ աւելի կարեւոր է քան ոեւէ մարդու ջատագովումը։ Եղիուս նաեւ խստիւ յանդիմանեց Յոբին կեղծ բարեկամները։

Ապա, Եհովա Աստուա՛ծ խօսեցաւ Յոբի հետ, անոր մտածելակերպը սրբագրելով։ Ստեղծագործութեան շատ մը հրաշալիքները մատնանշելով, Եհովան Յոբին սորվեցուց, թէ մարդը որքա՜ն աննշան է Աստուծոյ մեծութեան հետ բաղդատած։ Յոբ խոնարհաբար ընդունեց Աստուծոյ սրբագրումը։ Եհովան «բազմագութ ու ողորմած» ըլլալով, առողջացուց Յոբը, անոր նախկին հարստութեան կրկնապատիկը տուաւ եւ տասը զաւակներով օրհնեց զինք (Յակոբոս 5։11)։ Խիստ փորձութեան ներքեւ Եհովայի հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահելով, Յոբ պատասխան մը տուաւ Սատանայի ամբաստանութեան՝ թէ մարդիկ փորձութեան ներքեւ Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի չմնան։

Աղբիւրը՝ Յոբ գիրքը։