ԴԱՍ 11
Անոնք Յիսուսի մասին գրեցին
Նկարին մէջի մարդիկը կը տեսնե՞ս։— Անոնց անուններն են՝ Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս, Յովհաննէս, Պետրոս, Յակոբոս, Յուդա եւ Պօղոս։ Այս մարդիկը բոլորն ալ Յիսուսի ատեն ապրեցան եւ Յիսուսի մասին գրեցին։ Եկուր անոնց մասին աւելի սորվինք։
Այս մարդոց մասին ի՞նչ գիտես
Անոնցմէ երեքը առաքեալներ էին, որոնք Յիսուսի հետ քարոզեցին։ Գիտե՞ս որոնք են։— Մատթէոս, Յովհաննէս եւ Պետրոս։ Մատթէոս եւ Յովհաննէս Յիսուսը շատ լաւ գիտէին,
եւ անոնցմէ ամէն մէկը Յիսուսի մասին գիրք մը գրեց։ Յովհաննէս նաեւ գրեց Յայտնութիւն գիրքը եւ երեք նամակներ։ Նամակներուն անուններն են՝ Առաջին Յովհաննէս, Երկրորդ Յովհաննէս եւ Երրորդ Յովհաննէս։ Պետրոսն ալ երկու նամակ գրեց՝ Առաջին Պետրոս եւ Երկրորդ Պետրոս։ Իր երկրորդ նամակին մէջ, Պետրոս գրեց այն ատենուան մասին, երբ Եհովան երկինքէն Յիսուսի մասին ըսաւ. «Ասիկա իմ տղաս է։ Ես զինք կը սիրեմ եւ իրմով հպարտ եմ»։Նկարին մէջ ուրիշ մարդիկ ալ կան, որոնք Յիսուսի մասին գիրքեր գրեցին։ Անոնցմէ մէկը Մարկոսն է։ Ան թերեւս հոն էր երբ Յիսուսին ձեռքերը կը կապէին եւ ամէն բան տեսաւ։ Միւսն ալ Ղուկասն է։ Ան բժիշկ էր եւ Յիսուսի մեռնելէն վերջ քրիստոնեայ եղաւ, այսինքն՝ Յիսուսին հաւատաց։
Նկարին մէջ ուրիշ երկու հոգի ալ կան, որոնք Սուրբ Գիրքէն մաս մը գրեցին։ Անոնք Յիսուսի պզտիկ եղբայրներն էին։ Անոնց անունները գիտե՞ս։— Յակոբոս եւ Յուդա։ Անոնք առաջ Յիսուսին չէին հաւատար։ Նոյնիսկ կը կարծէին թէ ան քիչ մը խենթ է։ Բայց յետոյ, անոնք հաւատացին Յիսուսին եւ քրիստոնեաներ եղան։
Նկարին մէջ մէկ հոգի մնաց, որ նորէ՛ն Սուրբ Գիրքէն մաս մը գրած է։ Անոր անունը Պօղոս է։ Առաջ որ քրիստոնեայ ըլլար, իր անունը Սօղոս էր։ Ան քրիստոնեաները չէր սիրեր եւ անոնց գէշ բաներ կ’ընէր։ Բայց վերջը փոխուեցաւ։ Գիտե՞ս ան ինչպէս Յիսուսին հաւատաց։— Օր մը, երբ Պօղոս կը ճամբորդէր, մէկ անգամէն երկինքէն ձայն մը լսեց։ Յիսուսի՛ ձայնը։ Յիսուս Պօղոսին հարցուց. «Ինչո՞ւ այսքան չարութիւն կ’ընես ինծի հաւատացող մարդոց»։ Ասկէ ետք էր որ Պօղոս Յիսուսին հաւատաց եւ քրիստոնեայ եղաւ։ Պօղոս Սուրբ Գիրքին մէջէն 14 գիրքեր գրեց, Հռովմայեցիսէն Եբրայեցիս։
Սուրբ Գիրքը ամէն օր կը կարդանք, չէ՞։— Սուրբ Գիրքը կարդալով, Յիսուսի մասին շատ բաներ կը սորվինք։ Կ’ուզե՞ս Յիսուսի մասին աւելի սորվիլ։—