Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 12

Պօղոսին քոյրիկին տղան քաջ էր

Պօղոսին քոյրիկին տղան քաջ էր

Եկուր սորվինք տղայի մը մասին, որ իր քեռին ազատեց։ Այս տղային քեռին Պօղոս առաքեալն էր։ Տղային անունը չենք գիտեր, բայց գիտենք թէ ան շատ քաջ բան մը ըրաւ։ Կ’ուզե՞ս գիտնալ թէ ան ի՛նչ ըրաւ։—

Պօղոս Երուսաղէմ, բանտի մը մէջ էր, քանի որ Յիսուսի մասին կը քարոզէր։ Կարգ մը չար մարդիկ Պօղոսը չէին սիրեր. անոր համար մտածեցին իրեն չարութիւն ընել։ Անոնք ըսին. «Եկէք զինուորներուն մեծին երթանք եւ իրմէ բան մը խնդրենք։ Իրեն ըսենք. ‘Զինուորներ ղրկէ որ Պօղոսը բանտէն առնեն եւ դատարան տանին’։ Մենք ալ ճամբան կը պահուըտինք, եւ երբ Պօղոս անցնի՝ զինք կը մեռցնենք»։

Պօղոսի քոյրիկին տղան թէ՛ Պօղոսին եւ թէ զինուորներու մեծին պատմեց, թէ չար մարդիկը ինչ կը մտածէին ընել

Պօղոսի քոյրիկին տղան ասիկա լսեց։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ Ան բանտ գնաց եւ Պօղոսին ամէն ինչ պատմեց։ Պօղոս իրեն ըսաւ. «Շո՛ւտով զինուորներուն մեծին քով գնա՛ եւ անոր պատմէ թէ չար մարդիկը ի՛նչ կ’ուզեն ընել ինծի»։ Ի՞նչ կ’ըսես. դիւրի՞ն էր որ Պօղոսի քոյրիկին տղան զինուորներուն մեծին հետ խօսէր։— Ո՛չ, դիւրին չէր. քանի որ զինուորներուն մեծը կարեւոր մարդ մըն էր։ Բայց Պօղոսի քոյրիկին տղան քա՛ջ էր. ան գնաց ու խօսեցա՛ւ անոր հետ։

Զինուորներուն մեծը գիտցա՛ւ ինչ պիտի ընէր։ Ան 500 զինուորներ առաւ եւ անոնց ըսաւ որ Պօղոսը պաշտպանեն։ Ան զինուորներուն ըսաւ որ այդ նոյն գիշերը Պօղոսը բանտէն հանեն եւ Կեսարիա տանին։ Պօղոս ազատեցա՞ւ։— Այո՛, քանի որ չար մարդիկը չկրցան զինք մեռցնել։ Անոնց մտածած չար բանը չեղաւ։

Այս պատմութենէն ի՞նչ կը սորվիս։— Դո՛ւն ալ կրնաս քաջ ըլլալ, ճիշդ Պօղոսի քոյրիկին տղային պէս։ Մենք պէտք է քաջ ըլլանք, երբ ուրիշներուն կը խօսինք Եհովային մասին։ Քաջ պիտի ըլլա՞ս եւ Եհովային մասին միշտ պիտի խօսի՞ս։— Եթէ Եհովային մասին միշտ խօսիս, թերեւս դո՛ւն ալ մէկը ազատես։