Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 2

Ռեբեկան ուզեց Եհովան ուրախացնել

Ռեբեկան ուզեց Եհովան ուրախացնել

Ռեբեկան Եհովան կը սիրէր։ Իր ամուսինին անունը Իսահակ էր։ Ա՛ն ալ Եհովան կը սիրէր։ Ի՞նչ եղաւ որ Ռեբեկան Իսահակին հետ ամուսնացաւ։ Ռեբեկան ի՞նչ ըրաւ որ Եհովան ուրախացնէ։ Եկուր իր պատմութիւնը կարդանք։

Ռեբեկայի ամուսինին՝ Իսահակին պապային անունը Աբրահամ էր, իսկ մամային անունը Սառա։ Անոնք Քանանի երկրին մէջ կ’ապրէին։ Բայց Քանանի մարդիկը Եհովան չէին պաշտեր։ Իսկ Աբրահամ կ’ուզէր որ իր տղան ամուսնանար աղջիկի մը հետ որ Եհովան կը պաշտէր։ Անոր համար, Աբրահամ իր քով աշխատող մարդուն՝ Եղիազարին, ըսաւ որ Խառան երթայ եւ ա՛յդ տեղէն աղջիկ մը գտնէ Իսահակին համար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աբրահամի կարգ մը ազգականները Խառանի մէջ կ’ապրէին։

Ռեբեկան յոգնեցաւ, բայց ուրա՛խ էր որ ուղտերուն ջուր տուաւ

Եղիազար Աբրահամի միւս մարդոց հետ ճամբայ ելաւ։ Անոնք տասը ուղտերու վրայ ճաշ եւ նուէրներ դրին, եւ երկա՜ր ատեն ճամբորդեցին որ Խառան հասնին։ Եղիազար ուրկէ՞ պիտի գիտնար թէ ո՛ր աղջիկը զատէր Իսահակին համար։ Երբ անոնք Խառան հասան, ջրհոր մը տեսան. ջրհորը բան մըն է, որուն մէջէն ջուր կը հանես։ Եղիազար միւս մարդոց ըսաւ որ ջրհորին քով կենան եւ սպասեն, քանի որ գիտէր թէ շուտով աղջիկներ պիտի գային ջուր լեցնելու։ Ան Եհովային աղօթեց ըսելով. «Եթէ աղջիկէ մը ջուր ուզեմ, եւ ան թէ՛ ինծի եւ թէ ուղտերուս ջուր տայ, ա՛յն ատեն պիտի գիտնամ թէ անիկա է այն աղջիկը որ դուն զատեր ես»։

Քիչ մը վերջ, Ռեբեկան ջրհորին քով եկաւ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ ան շա՜տ գեղեցիկ էր։ Եղիազար իրեն հարցուց. «Ինծի ջուր կու տա՞ս»։ Աղջիկն ալ պատասխանեց. «Ա՛նշուշտ։ Թէ՛ քեզի եւ թէ ուղտերուդ ջուր պիտի տամ»։ Վայրկեան մը մտածէ՛։ Ծարաւ ուղտերը շատ ջուր կը խմեն. անոր համար ալ Ռեբեկան ջրհորին մէջէն լեցուն ջուր պէտք է հանէր։ Նկարին մէջ կը տեսնե՞ս թէ Ռեբեկան ո՛րքան աշխատեցաւ։— Այս կերպով, Եհովան Եղիազարին աղօթքին պատասխանեց. Եղիազար ալ զարմացաւ։

Եղիազար Ռեբեկային շատ անուշիկ նուէրներ տուաւ։ Իսկ Ռեբեկան անոր եւ միւս մարդոց ըսաւ, որ իրեն հետ իր պապային տունը երթան։ Երբ տուն մտան, Եղիազար բացատրեց թէ Աբրահամ ինչո՛ւ իրեն ըսած էր որ Խառան երթար։ Ան նաեւ ըսաւ թէ Եհովան ի՞նչ կերպով իր աղօթքին պատասխանած էր։ Ռեբեկային պապան ու մաման երբ ասիկա գիտցան, ուրախութեամբ ըսին որ իրենց աղջիկը կրնա՛յ Իսահակին հետ ամուսնանալ։

Ռեբեկան Եղիազարին հետ Քանան գնաց եւ Իսահակին հետ ամուսնացաւ

Ի՞նչ կ’ըսես. Ռեբեկան ի՞նչ ըրաւ։— Ան գիտցաւ որ Եհովա՛ն ղրկած էր Եղիազարը։ Անոր համար, երբ իր պապան ու մաման իրեն հարցուցին. «Ռեբեկա՛, կ’ուզե՞ս Քանան երթալ եւ Իսահակին հետ ամուսնանալ», ան պատասխանեց. «Այո՛, կ’ուզեմ»։ Ռեբեկան շուտով Եղիազարին հետ գնաց։ Եւ երբ Քանան եկան, ան Իսահակին հետ ամուսնացաւ։

Քանի որ Ռեբեկան Եհովային ուզածը ըրաւ, Եհովան զինք օրհնեց։ Տարինե՜ր ետք, Ռեբեկայի ընտանիքէն Յիսո՛ւսը ծնաւ։ Դուն ալ եթէ Ռեբեկային պէս Եհովա՛ն ուրախացնես, Եհովան քե՛զ ալ պիտի օրհնէ։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻԴ ՄԷՋԷՆ ԿԱՐԴԱ՛