Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք

Այս գրքոյկը պատրաստուած է քեզի օգնելու որ հմտանաս կարդալու, խօսելու եւ սորվեցնելու մէջ։

Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն

Մենք ամէնէն կարեւոր պատգամը կը սորվեցնենք մարդոց։

ԴԱՍ 1

Հետաքրքրական բացում պատրաստել

Հետաքրքրական բացում պատրաստելը 3 բան պիտի իրագործէ։

ԴԱՍ 2

Բնական եւ անկեղծ ոճով խօսիլ

Բնական եւ անկեղծ ոճով խօսիլը քեզի մտիկ ընողները կը հանգստացնէ եւ անոնց կ’օգնէ, որ ըսածներուդ ընդառաջեն։

ԴԱՍ 3

Հարցումներ գործածել

Քաղաքավարօրէն հարցումներ հարցուր՝ հետաքրքրութիւն արթնցնելու եւ կարեւոր կէտեր շեշտելու համար։

ԴԱՍ 4

Համար կարդալէ առաջ՝ գետին պատրաստել

Տես, թէ ինչպէս կրնաս քեզի մտիկ ընողներուն միտքը պատրաստել՝ համար մը կարդալէ առաջ։

ԴԱՍ 5

Ճիշդ կերպով կարդալ

Ճիշդ կերպով կարդալը կարեւոր է, երբ Եհովային մասին տեղեկութիւն կը փոխանցենք։

ԴԱՍ 6

Համարին կիրարկումը յստակացնել

Քեզի մտիկ ընողներուն օգնէ, որ կարդացուած համարին եւ քննարկուած կէտին միջեւ եղած կապը տեսնեն։

ԴԱՍ 7

Ճշգրիտ տեղեկութիւն փոխանցել

Ճշգրիտ եւ վստահելի տեղեկութիւններ փոխանցելը քեզի մտիկ ընողներուն կ’օգնէ, որ ճիշդ եզրակացութեան հասնին։

ԴԱՍ 8

Օրինակներ գործածել

Սորվեցնելու կերպդ բարելաւել պարզ օրինակներ տալով, որոնք քեզի մտիկ ընողները կը հետաքրքրեն եւ կարեւոր դասեր կը սորվեցնեն։

ԴԱՍ 9

Վիտէօ եւ պատկեր գործածելով սորվեցնել

Վիտէօներով եւ պատկերներով սորվեցնելու կերպդ աւելի ազդու դարձուր։

ԴԱՍ 10

Ձայներանգ ունենալ

Ձայնդ բարձրացուր կամ ցածցուր, ձայնիդ թոնը եւ խօսելու արագութիւնդ փոխէ՝ քեզի մտիկ ընողներուն զգացումները շարժելու եւ անոնք գործի մղելու համար։

ԴԱՍ 11

Խանդավառութեամբ խօսիլ

Երբ խանդավառութեամբ խօսիս, ներքին զգացումներդ կ’արտայայտես եւ քեզի մտիկ ընողներուն կ’օգնես որ նիւթով հետաքրքրուած մնան։

ԴԱՍ 12

Սրտանց խօսիլ եւ կարեկցիլ

Երբ սրտանց կը խօսիս, քեզի մտիկ ընողներուն ցոյց պիտի տաս որ անոնցմով իսկապէս հետաքրքրուած ես։

ԴԱՍ 13

Նիւթին գործնական ըլլալը յստակացնել

Քեզի մտիկ ընողներուն օգնէ, որ հասկնան թէ նիւթը ինչպէ՛ս կ’ազդէ իրենց կեանքին եւ իրենց սորվածը ինչպէ՛ս կրնան գործադրել։

ԴԱՍ 14

Գլխաւոր կէտերը աչքառու դարձնել

Քեզի մտիկ ընողին օգնէ, որ քեզի հետեւի, մինչ նիւթդ կը ներկայացնես։ Ինչպէս նաեւ յստակ դարձուր, որ ինչպէս ամէն մէկ գլխաւոր կէտ կապուած է նիւթիդ եւ անոր նպատակին հետ։

ԴԱՍ 15

Համոզումով խօսիլ

Համոզումով խօսէ։ Ցոյց տուր որ համոզուած ես որ ըսածներդ ճշմարտութիւնն են եւ կարեւոր են։

ԴԱՍ 16

Շինիչ եւ դրական ըլլալ

Շինիչ եղիր եւ ոչ թէ քննադատող։ Աստուծոյ Խօսքը լաւ կերպով գործածէ։

ԴԱՍ 17

Նիւթը հասկնալի կերպով ներկայացնել

Քեզի մտիկ ընողներուն օգնէ որ պատգամդ հասկնան։ Գլխաւոր կէտերը յստակօրէն փոխանցէ։

ԴԱՍ 18

Արժէքաւոր տեղեկութիւն տալ

Քեզի մտիկ ընողներուն օգնէ, որ նիւթին մասին մտածեն եւ զգան որ շատ կարեւոր բան մը կը սորվին։

ԴԱՍ 19

Ջանալ սրտին հասնիլ

Քեզի մտիկ ընողներուն օգնէ որ սիրեն Աստուած եւ անոր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը։

ԴԱՍ 20

Լաւ եզրափակել

Լաւ եզրափակելը քեզի մտիկ ընողներուն պիտի օգնէ որ իրենց սորվածը ընդունին եւ գործադրեն։

Գրի առ յառաջդիմութիւնդ

Գրի առ յառաջդիմութիւնդ, մինչ ջանք կ’ընես որ աւելի լաւ կարդաս եւ սորվեցնես։

Թերեւս քեզ հետաքրքրէ

ՎԻՏԷՕՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք (վիտէօներ)

Հանրապէս կարդալու եւ սորվեցնելու ձիրքեր զարգացուր։