Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ՏԱՍԸ

Ան պաշտպանեց մաքուր պաշտամունքը

Ան պաշտպանեց մաքուր պաշտամունքը

1, 2. ա) Իսրայէլացիները ի՞նչ կերպով կը տառապէին։ բ) Եղիան ի՞նչ հակառակութիւն դիմագրաւեց Կարմեղոս լերան վրայ։

ԵՂԻԱ կը դիտէ թէ բազմութիւնը ինչպէ՛ս դժուարութեամբ կը բարձրանայ Կարմեղոս լեռը։ Նոյնիսկ արեւածագի աղօտ լոյսին տակ, կարելի է տեսնել ժողովուրդին աղքատութիւնն ու անօթութիւնը։ Երեքուկէս տարի տեւած երաշտը՝ ջախջախիչ ազդեցութիւն ունեցած էր իսրայէլացիներուն վրայ։

2 Անոնց հետ ինքնավստահօրէն եւ հպարտութեամբ կը մագլցէին Բահաղի 450 մարգարէները, որոնք մեծ ատելութեամբ լեցուած էին Եհովայի Եղիա մարգարէին հանդէպ։ Հակառակ անոր որ Յեզաբէլ թագուհին Եհովայի ծառաներէն շատերը սպաննել տուած էր՝ այս մարգարէն տակաւին կը շարունակէր ընդդիմանալ Բահաղի պաշտամունքին։ Բայց Եղիան որքա՞ն ատեն պիտի դիմանար։ Այդ քահանաները թերեւս կը խորհէին թէ այդ միայնակ մարդը բնաւ պիտի չկարենար իրենց դէմ յաղթական դուրս գալ (Գ. Թագ. 18։4, 19, 20)։ Նաեւ իր արքայական կառքով եկած էր Աքաաբ թագաւորը, որ նոյնպէս չէր սիրեր Եղիան։

3, 4. ա) Եղիայի մէջ ինչո՞ւ թերեւս քիչ մը վախ արթնցաւ, մինչ կարեւոր օր մը կը սկսէր։ բ) Ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։

3 Այս միայնակ մարգարէն իր կեանքին մէջ շատ արտասովոր դէպքերով լի օր մը պիտի տեսնէր։ Մինչ Եղիան բազմութիւնը կը դիտէր, անդին կը պատրաստուէր թատերաբեմ մը, որուն վրայ պիտի խաղարկուէր մինչեւ օրս աշխարհի ականատես եղած մեծագոյն բախումներէն մէկը բարիի ու չարի միջեւ։ Այդ առաւօտ, Եղիան ի՞նչ զգաց։ Ան զերծ չէր վախի զգացումներէ, քանի որ «մեզի պէս կրքերու [«զգացումներու», ՆԱ] ենթակայ մարդ մըն էր» (կարդա՛ Յակոբոս 5։17Մէկ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ. Եղիան ինքզինք բոլորովին առանձին զգաց, քանի որ իր շուրջը կային անհաւատ իսրայէլացիները, իրենց հաւատուրաց թագաւորը եւ այդ արիւնահեղ քահանաները (Գ. Թագ. 18։22

4 Սակայն ի՞նչը պատճառ եղաւ որ իսրայէլ այս ծանր վիճակին հասնէր։ Եւ այս արձանագրութիւնը ի՞նչ կապ ունի քեզի հետ։ Նկատի առ Եղիայի հաւատքը եւ թէ զայն ընդօրինակելը ինչպէ՛ս կրնայ գործնական ըլլալ մեզի համար։

Երկարատեւ պայքար մը իր գագաթնակէտին կը հասնի

5, 6. ա) Իսրայէլ ի՞նչ պայքար կը մղէր։ բ) Աքաաբ թագաւորը ինչպէ՞ս խստիւ բարկացուցած էր Եհովան։

5 Իր կեանքին մեծ մասը, Եղիան տեսած էր իր հայրենիքին եւ ժողովուրդին կարեւորագոյն երեսակին՝ ճշմարիտ պաշտամունքին անտեսուիլն ու ոտնակոխուիլը եւ չէր կրցած կացութիւնը փոխել։ Իսրայէլ երկար ատեն պայքարի մէջ էր մաքուր եւ կեղծ կրօնքին միջեւ,– Եհովա Աստուծոյ պաշտամունքին եւ շրջապատող ազգերուն կռապաշտութեան միջեւ։ Եղիայի օրերուն, այդ պայքարը աւելի սաստկացեր էր։

6 Աքաաբ թագաւորը Եհովան խստիւ բարկացուցած էր։ Ան ամուսնացած էր Յեզաբէլի հետ, որ Սիդոնի թագաւորին աղջիկն էր։ Յեզաբէլ վճռած էր Բահաղի պաշտամունքը ամբողջ Իսրայէլի մէջ տարածել, իսկ Եհովայի պաշտամունքը վերացնել։ Աքաաբ շուտով Յեզաբէլի ազդեցութեան ենթարկուեցաւ։ Ան Բահաղին համար տաճար եւ զոհասեղան մը կառուցանեց եւ այս հեթանոսական աստուծոյն երկրպագութիւն ընելու մէջ նախաձեռնութիւնը առաւ (Գ. Թագ. 16։30-33

7. ա) Բահաղի պաշտամունքը ինչո՞ւ այդքան դաժան էր։ բ) Ինչ կը վերաբերի Եղիայի օրերուն պատահած երաշտին տեւողութեան, ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուածաշունչին մէջ հակասութիւն չկայ (պարփակէ  շրջանակը

7 Բահաղի պաշտամունքը ինչո՞ւ այդքան բարկացուցած էր Եհովան։ Անիկա իսրայէլը մոլորեցուցած էր՝ շատերը ճշմարիտ Աստուծմէն հեռացնելով։ Անիկա նաեւ գարշելի եւ վայրագ կրօնք մըն էր։ Բահաղի պաշտամունքը կը պարփակէր տղամարդոց ու կիներու կողմէ տաճարին մէջ պոռնկութիւն, տռփագրգիռ ու սանձարձակ խնճոյքներ եւ մինչեւ իսկ մանուկներու ողջակիզում։ Առ ի հակազդեցութիւն, Եհովա Աստուած Եղիան ղրկեց, որպէսզի Աքաաբին յայտնէր թէ երաշտ մը պիտի ըլլար, որ պիտի դադրէր միայն, երբ մարգարէն անոր աւարտը ծանուցանէր (Գ. Թագ. 17։1)։ Տարինե՜ր անցան եւ Եղիան անգամ մը եւս երեւցաւ Աքաաբին, ըսելու համար, որ թագաւորը Կարմեղոս լերան վրայ պէտք էր հաւաքէր ժողովուրդը եւ Բահաղի մարգարէները *։

Առումով մը, Բահաղի պաշտամունքի ամէնէն ազդու երեսակները տակաւին ի զօրու են

8. Բահաղի պաշտամունքին մասին այս արձանագրութիւնը ի՞նչ նշանակութիւն ունի մեզի համար։

8 Սակայն այս պայքարը մեզի համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի այսօր։ Ոմանք թերեւս ըսեն, թէ Բահաղի պաշտամունքին մասին գրուած դէպք մը ժամանակայարմար չէ, քանի որ մեր շուրջը չկան Բահաղի նուիրուած տաճարներ եւ զոհասեղաններ։ Բայց այս արձանագրութիւնը պարզապէս վաղեմի պատմութիւն մը չէ (Հռով. 15։4)։ «Բահաղ» բառը կը նշանակէ «տէր» կամ «տիրակալ»։ Չե՞ս համաձայնիր, որ այսօր ալ մարդիկ Ամենակալ Աստուծմէն զատ ուրիշ բազմաթիւ տէրերու կը ծառայեն։ Արդարեւ, երբ մարդիկ իրենց կեանքը կը նուիրեն դրամին, գործին, զուարճութեան, սեռային հաճոյքին կամ ոեւէ ա՛յլ աստուծոյ, որ կը պաշտուի Եհովային տեղ, իրենց համար տէր մը ընտրած կ’ըլլան (Մատ. 6։24. կարդա՛ Հռովմայեցիս 6։16)։ Առումով մը, Բահաղի պաշտամունքին ամէնէն ազդու երեսակները տակաւին ի զօրու են այսօր։ Եհովայի եւ Բահաղի միջեւ եղած այդ վաղեմի պայքարին վրայ խոկալը, կրնայ մեզի օգնել իմաստուն որոշում կայացնելու, թէ որո՛ւն պիտի ծառայենք։

Ինչպէ՞ս կը կաղային

9. ա) Կարմեղոս լերան միջավայրը ինչո՞ւ ընտիր տեղ մըն էր Բահաղի պաշտամունքը քօղազերծելու (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։ բ) Եղիան ի՞նչ ըսաւ ժողովուրդին։

9 Կարմեղոս լերան բարձունքներէն, ընդարձակ տեսարան մը կը պարզուէր՝ վարը գտնուող Կիսոն հեղեղատէն դէպի մօտակայ Մեծ ծովը (Միջերկրական ծով) եւ դէպի հիւսիսային հեռաւոր հորիզոնին վրայ գտնուող Լիբանանի լեռները *։ Բայց այդ օրուան արեւածագին, երկիրը դժուար կացութեան մէջ էր։ Մահաբեր վարագոյր մը կախուած էր, ատեն մը ծաղկուն եղող այս երկրին վրայ, զոր Եհովան տուած էր Աբրահամի որդիներուն։ Անգութ արեւէն խանձուած, այժմ այդ երկիրը կործանման եզրին կանգնած էր՝ Աստուծոյ ժողովուրդին յիմարութեան պատճառով։ Երբ ժողովուրդը մէկտեղ հաւաքուեցաւ, Եղիան մօտենալով ըսաւ. «Դուք մինչեւ ե՞րբ երկու մտքի վրայ պիտի կաղաք. եթէ Եհովա Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք, իսկ եթէ Բահաղ Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք» (Գ. Թագ. 18։21

10. ա) Իսրայէլացիները ինչպէ՞ս ‘երկու մտքի վրայ կը կաղային’։ բ) Անոնք ի՞նչ հիմնական ճշմարտութիւն մը մոռցած էին։

10 Եղիան ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ երկու մտքի վրայ պիտի կաղաք»։ Ժողովուրդը չէր գիտակցեր, թէ ընտրութիւն պիտի ընէր Եհովայի պաշտամունքին եւ Բահաղի պաշտամունքին միջեւ։ Անոնք կը կարծէին որ կրնան երկուքն ալ պաշտել,– հանդարտեցնել Բահաղը իրենց գարշելի արարողութիւններով եւ միեւնոյն ատեն Եհովա Աստուծոյ հաճութիւնը փնտռել։ Անոնք թերեւս կը խորհէին թէ Բահաղ պիտի օրհնէր իրենց բերքն ու հօտերը, մինչ ‘զօրութեան Տէրը, զօրքերու Աստուածը’ պիտի պաշտպանէր զիրենք պատերազմի ատեն (Ա. Թագ. 17։45)։ Անոնք հիմնական ճշմարտութիւն մը մոռցած էին, ճշմարտութիւն մը զոր ներկայիս շատեր տակաւին չեն հասկնար. Եհովան իր պաշտամունքը ոեւէ անձի հետ չի բաժներ։ Ան բացարձակ նուիրուածութիւն կը պահանջէ եւ ասոր արժանի է։ Իրեն մատուցուած որեւէ պաշտամունք, որ խառնուած է պաշտամունքի ա՛յլ կերպի մը հետ, անընդունելի եւ նոյնիսկ անարգական է իրեն համար (կարդա՛ Ելից 20։5

11. Կարծիքովդ, Կարմեղոս լերան վրայ Եղիային կոչը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել՝ մեր առաջնահերթութիւններն ու պաշտամունքը վերաքննելու։

11 Ուստի այդ իսրայէլացիները կը ‘կաղային’, ինչպէս որ մարդ մը կը փորձէ միեւնոյն ատեն երկու ճամբայով երթալ։ Այսօր շատեր նոյնանման սխալ մը կը գործեն, թոյլ տալով որ ուրիշ «բահաղներ» աննկատ կերպով իրենց կեանքէն ներս մտնեն եւ Աստուծոյ պաշտամունքը մէկ կողմ հրեն։ Կաղալէ դադրելու Եղիային կոչին անսալը կրնայ մեզի օգնել վերաքննելու մեր առաջնահերթութիւններն ու պաշտամունքը։

Վճռական փորձ մը

12, 13. ա) Եղիան ի՞նչ փորձ մը առաջարկեց։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ Եղիային պէս Եհովային կը վստահինք։

12 Եղիան առաջարկեց փորձ մը ընել. պարզ փորձ մը, որ յստակօրէն ցոյց պիտի տար թէ ո՛վ էր ճիշդը։ Բահաղի քահանաները զոհասեղան մը պիտի կանգնեցնէին եւ անոր վրայ զոհ մը դնէին, ապա պիտի աղօթէին իրենց աստուծոյն, որ կրակը վառէր։ Եղիան ալ նոյնը պիտի ընէր։ Ան ըսաւ. «Այն Աստուածը, որ կրակով պատասխան տայ, ա՛ն է Աստուածը»։ Եղիան շատ լաւ գիտէր թէ ո՛վ էր ճշմարիտ Աստուածը։ Իր հաւատքը այնքա՛ն զօրաւոր էր, որ առանց վարանելու թոյլ տուաւ, որ իր հակառակորդները ամէն պատեհութենէ օգտուին։ Ան թոյլ տուաւ որ նա՛խ Բահաղի մարգարէները ընտրեն իրենց ցուլը եւ աղօթեն Բահաղին * (Գ. Թագ. 18։24, 25

13 Այսօր հրաշքներ տեղի չեն ունենար։ Սակայն Եհովան չէ փոխուած։ Մենք կրնանք Եղիային պէս իրեն վստահիլ։ Օրինակ, երբ ուրիշներ համակարծիք չեն Աստուածաշունչի ուսուցումներուն, պէտք չէ վախնանք թոյլ տալու, որ նախ իրե՛նք արտայայտեն իրենց գաղափարը։ Կրնանք Եղիային պէս թոյլ տալ, որ ճշմարիտ Աստուա՛ծը լուծէ հարցը։ Մենք ասիկա կ’ընենք ոչ թէ մեր անձին ապաւինելով, այլ՝ իր ներշնչեալ Խօսքին, որ գրուած է հարցերը «շտկելու» համար (Բ. Տիմ. 3։16

Եղիան Բահաղին պաշտամունքը կը սեպէր ծիծաղելի խաբկանք մը եւ կ’ուզէր որ Աստուծոյ ժողովուրդը հասկնար անոր կեղծ ըլլալը

14. Եղիան ի՞նչ կերպով ծաղրեց Բահաղի մարգարէները եւ ինչո՞ւ։

14 Բահաղի մարգարէները իրենց զոհը դրին զոհասեղանին վրայ եւ իրենց աստուծոյն աղաղակեցին։ Անոնք կրկին ու կրկին կանչելով ըսին. «Ո՛վ Բահաղ, մեզի պատասխան տուր»։ Անոնք շարունակեցին աղաղակել, մինչ վայրկեաններ, նոյնիսկ ժամեր կ’անցնէին։ «Բայց ձայն չկար։ Պատասխան տուող չկար», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ Կէսօրուան դէմ, Եղիան սկսաւ ծաղր ընել, հեգնական ոճով պնդելով, թէ Բահաղ չափազանց զբաղած ըլլալու է որ չի պատասխաներ, թէ ճամբորդութիւն կ’ընէ կամ ալ քնացեր է եւ մէկը պէտք է զինք արթնցնէ։ «Բա՛րձր ձայնով կանչեցէք», յորդորեց Եղիան այդ խաբեբաներուն։ Յստակ է որ ան Բահաղի պաշտամունքը կը սեպէր ծիծաղելի խաբկանք մը եւ կ’ուզէր որ Աստուծոյ ժողովուրդը հասկնար անոր կեղծ ըլլալը (Գ. Թագ. 18։26, 27

15. Բահաղի մարգարէներուն պարագան ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ Եհովայէն զատ ոեւէ տէր ընտրելը՝ յիմարութիւն է։

15 Առ ի պատասխան, Բահաղի քահանաները աւելի կատղեցան եւ «բարձր ձայնով կը պոռային ու իրենց սովորութեանը պէս դանակներով ու գեղարդներով իրենց մարմինները կը կտրտէին, մինչեւ որ իրենց վրայէն արիւն սկսաւ վազել»։ Սակայն ապարդիւն։ «Ձայն չկար ու պատասխան տուող չկար ու մտիկ ընող չկար» (Գ. Թագ. 18։28, 29)։ Արդարեւ, Բահաղ գոյութիւն չունէր։ Սատանա՛ն զինք հնարած էր, մարդիկը Եհովայէն հեռացնելու համար։ Իրականութիւնն այն է, որ Եհովայէն զատ ոեւէ տէր ընտրելը՝ յուսախաբութիւն եւ նոյնիսկ նախատինք կը բերէ (կարդա՛ Սաղմոս 25։3. 115։4-8

Պատասխանը

16. ա) Եղիայի՝ Կարմեղոս լերան վրայ Եհովայի զոհասեղանը վերաշինելը, հաւանաբար ի՞նչ յիշեցուց ժողովուրդին։ բ) Եղիան ի՞նչ յաւելեալ կերպով ցոյց տուաւ իր վստահութիւնը իր Աստուծոյն վրայ։

16 Երբ արդէն իրիկնադէմ էր, Եղիային կարգը եկաւ զոհ մը մատուցանելու։ Ան վերաշինեց Եհովային նուիրուած մէկ զոհասեղանը, որ անկասկած քանդուած էր մաքուր պաշտամունքի թշնամիներուն կողմէ։ Եղիա 12 քարեր գործածեց, թերեւս իսրայէլի տասը ցեղեան թագաւորութեան բնակիչներուն յիշեցնելով, որ 12 ցեղերուն տրուած Օրէնքը տակաւին ի զօրու էր։ Այնուհետեւ, ան զոհասեղանին վրայ իր զոհը դրաւ եւ ամէն բանի վրայ առատապէս ջուր թափեց, հաւանաբար զայն առնելով մօտակայ Միջերկրական ծովէն։ Ան մինչեւ իսկ զոհասեղանին շուրջ փոս մը փորեց եւ զայն ջուրով լեցուց։ Ան Բահաղի մարգարէներուն ամէն պատեհութիւն տուաւ, սակայն ի՛ր զոհը մատուցանելու ատեն ամէն բան անպատեհ դարձուց Եհովային առջեւ, քանի որ շատ մեծ վստահութիւն ունէր իր Աստուծոյն վրայ (Գ. Թագ. 18։30-35

Եղիային աղօթքը ցոյց տուաւ թէ ինք տակաւին կը մտածէր ժողովուրդին մասին, քանի որ կը տենչար տեսնել, թէ Եհովան ինչպէս ‘անոնց սիրտը ետ պիտի դարձնէր’

17. ա) Եղիային աղօթքը ինչպէ՞ս ցցուն ըրաւ իր առաջնահերթութիւնները։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք իրմէ օրինակ առնել՝ երբ կ’աղօթենք։

17 Երբ ամէն բան պատրաստ էր, Եղիան աղօթեց։ Պարզ խօսքերով արտասանուած աղօթքը, յստակօրէն ցոյց տուաւ Եղիային նախապատուութիւնները։ Իրեն համար առաջին եւ կարեւորագոյն բանն էր բոլորին գիտցնել, որ Եհովան է ‘Աստուածը Իսրայէլի մէջ’ եւ ոչ թէ Բահաղը։ Երկրորդ, Եղիան կ’ուզէր որ բոլորը իմանան, թէ ինք պարզապէս Եհովայի ծառան է. ամբողջ փառքն ու պատիւը պէտք էր Աստուծոյ տրուէր։ Ի վերջոյ, ան ցոյց տուաւ թէ տակաւին կը մտածէր իր ժողովուրդին մասին, քանի որ կը տենչար տեսնել, թէ Եհովան ինչպէս ‘անոնց սիրտը ետ պիտի դարձնէր’ (Գ. Թագ. 18։36, 37)։ Հակառակ այն ամէն տառապանքին, զոր ժողովուրդը ինքն իր վրայ բերած էր իր անհաւատութեան պատճառով, Եղիան տակաւին կը սիրէր զիրենք։ Կրնա՞նք մեր աղօթքներուն մէջ նոյնանման խոնարհութիւն ցոյց տալ, Աստուծոյ անուան նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնել եւ օգնութեան կարիք ունեցողներուն կարեկցութիւն դրսեւորել։

18, 19. ա) Եհովան ինչպէ՞ս պատասխանեց Եղիայի աղօթքին։ բ) Եղիան իսրայէլացիներուն պատուիրեց որ ի՞նչ ընեն, եւ Բահաղի քահանաները ինչո՞ւ արժանի չէին ողորմութեան։

18 Նախքան Եղիայի աղօթելը, այդտեղի բազմութիւնը հաւանաբար հարց տուաւ թէ արդեօք Եհովա՞ն ալ Բահաղին պէս սուտ պիտի ելլէր։ Սակայն աղօթքէն ետք երկար մտածելու ժամանակ չկար։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Այն ատեն Տէրոջմէ կրակ իջաւ եւ ողջակէզն ու փայտերը եւ քարերն ու հողը այրեց ու փոսին մէջի ջուրն ալ լափեց» (Գ. Թագ. 18։38)։ Ի՜նչ ազդու պատասխան մը։ Արդեօք ժողովուրդին հակազդեցութի՞ւնը ինչ էր։

«Այն ատեն Տէրոջմէ կրակ իջաւ»

19 «Եհովան է Աստուած, Եհովան է Աստուած», աղաղակեց ժողովուրդը միաբերան (Գ. Թագ. 18։39)։ Վերջապէս իսրայէլացիները ճշմարտութիւնը տեսան, սակայն տակաւին որեւէ կերպով հաւատք չէին դրսեւորած։ Իրականութեան մէջ, երբ մէկը երկինքէն թափուող կրակը տեսնելէն ետք ըսէ թէ Եհովան է ճշմարիտ Աստուածը, ասիկա հաւատքի մեծ դրսեւորում մը չըլլար։ Ուստի Եղիան իրենցմէ աւելի՛ն պահանջեց։ Ան ժողովուրդէն խնդրեց որ ընէին ինչ որ ըրած պէտք էր ըլլային շա՜տ տարիներ առաջ,– Եհովայի Օրէնքին հնազանդիլ։ Աստուծոյ Օրէնքը կ’ըսէր թէ սուտ մարգարէներն ու կռապաշտները մահուան պէտք էր դատապարտուէին (Բ. Օր. 13։5-9)։ Բահաղի այս քահանաները Եհովա Աստուծոյ բուռն թշնամիներն էին եւ դիտումնաւոր կերպով Աստուծոյ նպատակներուն դէմ կ’աշխատէին։ Արդեօք անոնք արժանի՞ էին ողորմութեան։ Իսկ ի՞նչ ողորմութիւն ցոյց տուած էին անոնք այն բոլոր անմեղ մանուկներուն հանդէպ, զորոնք ողջ–ողջ զոհաբերած էին Բահաղին (կարդա՛ Առակաց 21։13. Եր. 19։5)։ Անոնք ամե՛նեւին արժանի չէին ողորմութեան։ Ուստի Եղիան հրամայեց որ Բահաղի մարգարէները մահապատիժի ենթարկուին, եւ իրապէս ալ սպաննուեցան (Գ. Թագ. 18։40

20. Եղիայի տուած մահապատիժին մասին այժմու քննադատներուն մտահոգութիւնները ինչո՞ւ անհիմն են։

20 Այսօր, որոշ անհատներ կրնան քննադատել Կարմեղոս լերան վրայ տեղի ունեցած այդ դէպքին աւարտը։ Ոմանք, թերեւս, մտահոգուին որ մոլեռանդ կրօնականները պիտի խորհին, թէ այս դէպքը իրենց ազատութիւն կու տայ վայրագութեամբ վարուելու ուրիշ կրօնքներու պատկանող մարդոց հետ։ Ցաւօք սրտի, ներկայիս գոյութիւն ունին բազմաթիւ կրօնական մոլեռանդներ. բայց Եղիան մոլեռանդ մը չէր։ Ան Եհովայի կողքին կը գործէր, արդար դատավճիռի մը մէջ։ Աւելին, իսկական քրիստոնեաները գիտեն թէ չեն կրնար Եղիայի առած քայլին դիմել՝ չարերուն վրայ սուր բարձրացնելով։ Փոխարէն, անոնք կը հետեւին Յիսուսի բոլոր աշակերտներուն տրուած չափանիշին, զոր Քրիստոս ըսաւ Պետրոսին. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին» (Մատ. 26։52)։ Եհովան իր Որդւոյն միջոցով արդարութիւն պիտի գործէ ապագային։

21. Եղիան ինչո՞ւ յարմար օրինակ մըն է այժմու ճշմարիտ քրիստոնեաներուն համար։

21 Ճշմարիտ քրիստոնեայի մը պատասխանատուութիւնն է իր ապրելակերպով հաւատք ցոյց տալ (Յովհ. 3։16)։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է՝ Եղիայի նման հաւատքի տէր մարդիկը ընդօրինակել։ Եղիան միմիայն Եհովան պաշտեց եւ ուրիշները յորդորեց որ նոյնը ընեն։ Ինք քաջաբար քօղազերծեց այն կրօնքին կեղծ ըլլալը, որ Սատանան կ’օգտագործէր մարդիկը Եհովայէն հեռացնելու համար։ Եւ հարցերը լուծելու համար, ան Եհովայի՛ն ապաւինեցաւ եւ ոչ թէ իր կարողութիւններուն ու կամքին։ Այո, Եղիա պաշտպանեց մաքուր պաշտամունքը։ Թող որ իւրաքանչիւրս ընդօրինակենք իր հաւատքը։

^ պարբ. 9 Կարմեղոս լեռը սովորաբար ծածկուած կ’ըլլար առատ եւ կանանչ բուսականութեամբ, որովհետեւ ծովէն կը փչէին խոնաւ հովեր, որոնք լանջերուն վրայ բարձրանալով յաճախ իրենց հետ անձրեւ եւ շատ ցօղ կը բերէին։ Եւ քանի որ Բահաղ ճանչցուած էր որպէս անձրեւ բերող, այս լեռը կարեւոր վայր մըն էր Բահաղի պաշտամունքին համար։ Ուստի անբարեբեր եւ չորցած Կարմեղոսը՝ յարմար տեղ մըն էր Բահաղի պաշտամունքին կեղծ ըլլալը քօղազերծելու։

^ պարբ. 12 Յատկանշական է որ Եղիան անոնց ըսաւ. «Կրակ մի՛ դնէք» զոհին վրայ։ Որոշ ուսումնականներ կ’ըսեն, թէ այդպիսի կռապաշտներ երբեմն կ’օգտագործէին այնպիսի զոհասեղաններ, որոնց տակ թաքուն անցք մը ըլլալով, կը թուէր թէ կրակը գերբնական ձեւով կը վառուէր։