Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ԵՕԹԸ

Ան «Տէրոջը առջեւ մեծցաւ»

Ան «Տէրոջը առջեւ մեծցաւ»

1, 2. ա) Ի՞նչ իրավիճակի ներքեւ Սամուէլ իսրայէլացիներուն խօսեցաւ։ բ) Ան ինչո՞ւ զանոնք պէտք էր մղէր որ զղջային։

ՍԱՄՈՒԷԼ իր շուրջ հաւաքուած մարդոց դէմքերուն կը նայի։ Ժողովուրդը Գաղգաղա գիւղաքաղաքը եկած է։ Զանոնք կանչողը այս հաւատարիմ մարդն է, որ տարինե՜ր շարունակ ծառայած է որպէս մարգարէ եւ դատաւոր։ Արդի օրացոյցին համեմատ, մայիս կամ յունիս ամիսն է. չոր եղանակը սկսելուն բաւական ժամանակ անցած է։ Արտերը արդէն դեղնած են եւ ցորենը պատրաստ է հնձուելու։ Բազմութեան մէջ լռութիւն կը տիրէ։ Սամուէլ ինչպէ՞ս անոնց սրտին պիտի հասնի։

2 Ժողովուրդը իր իրավիճակին լրջութեան չէր գիտակցեր։ Անոնք պնդած էին որ իրենց վրայ մարդկային թագաւոր մը իշխէր։ Անոնք չէին հասկնար, որ մեծ անարգանք ցուցաբերած էին իրենց Աստուծոյն՝ Եհովային, եւ իր մարգարէին հանդէպ։ Իրականութեան մէջ, անոնք Եհովա՛ն կը մերժէին որպէս իրենց Թագաւորը։ Սամուէլ ինչպէ՞ս պիտի կարենար զանոնք մղել որ զղջային։

Սամուէլի մանկութենէն շատ բան կրնանք սորվիլ՝ գէշ ազդեցութիւններու դիմաց Եհովայի հանդէպ հաւատք կերտելուն նկատմամբ

3, 4. ա) Սամուէլ ինչո՞ւ իր մանկութիւնը յիշեց։ բ) Սամուէլի հաւատքի օրինակը ինչո՞ւ օգտակար է մեզի համար։

3 Սամուէլ խօսեցաւ ժողովուրդին, ըսելով. «Ես ծերացայ ու մազերս ճերմկցան»։ Իր ճերմակ մազերը կշիռք տուին իր խօսքերուն։ Մարգարէն ապա ըսաւ. «Ես իմ մանկութենէս մինչեւ այսօր ձեր առջեւ քալեցի» (Ա. Թագ. 11։14, 15. 12։2)։ Ծերացած ըլլալով հանդերձ, Սամուէլ տակաւին յստակօրէն կը յիշէր իր մանկութեան օրերը։ Այդ ատեն, որպէս մանուկ, իր կայացուցած որոշումները պատճառ եղած էին, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին հաւատարիմ ու նուիրուած մնար իր Աստուծոյն՝ Եհովային։

4 Սամուէլ իր հաւատքը պէտք էր կերտէր ու պահպանէր, հակառակ որ շատ յաճախ շրջապատուած էր անհաւատարիմ եւ անհաւատ մարդոցմով։ Այսօր ալ հաւատք կերտելը մարտահրաւէր մըն է, քանի որ կ’ապրինք անհաւատ եւ ապականուած աշխարհի մը մէջ (կարդա՛ Ղուկաս 18։8Տեսնենք թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ Սամուէլի օրինակէն՝ սկսելով իր մանկութենէն։

«Մանուկը. . . Տէրոջը առջեւ ծառայութիւն կ’ընէր»

5, 6. ա) Սամուէլի մանկութիւնը ինչո՞ւ արտասովոր էր։ բ) Իր ծնողները ինչո՞ւ վստահ էին, որ Սամուէլ հոգատարութիւն պիտի ստանար։

5 Սամուէլի մանկութիւնը արտասովոր էր։ Իր ծնողները՝ Եղկանան ու Աննան, իրենց զաւակը՝ Սամուէլը, Եհովային նուիրած էին, որպէսզի ան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին մասնաւոր ծառայութիւն մատուցանէր՝ ուխտաւոր մը ըլլալով *։ Ուստի կաթէն կտրուելէն շատ չանցած, հաւանաբար երբ Սամուէլ երեք տարեկան էր կամ քիչ մը աւելի, իր ծնողները զինք տարին Սելով, որ իրենց բնակավայրէն՝ Ռամայէն, աւելի քան 30 քմ հեռու էր, որպէսզի Եհովային ծառայէր սուրբ խորանին մէջ։ Արդեօք ասիկա նշանակե՞ց, թէ իր ծնողները իրմէ կը խուսափէին կամ չէին սիրեր զինք։

6 Բնա՛ւ երբեք։ Անոնք գիտէին որ իրենց որդին Սելովի մէջ հոգատարութիւն պիտի ստանար։ Անկասկած, Հեղի քահանայապետը կը հսկէր տղուն հոգատարութեան վրայ, քանի որ Սամուէլ իրեն հետ կը ծառայէր։ Հոն կային նաեւ կիներ, որոնք խորանին հետ կապ ունեցող որոշ ծառայութիւններ կ’ընէին (Ել. 38։8. Դատ. 11։34-40

7, 8. ա) Ամէն տարի, Սամուէլի ծնողները ինչպէ՞ս սիրալիրօրէն կը քաջալերէին զինք։ բ) Ներկայիս, ծնողներ ի՞նչ կրնան սորվիլ Սամուէլի ծնողքէն։

7 Աւելին, Աննան ու Եղկանան բնաւ չմոռցան իրենց սիրելի անդրանիկը, որուն ծնունդը աղօթքի մը պատասխանն էր։ Աննան աղօթքով որդի մը խնդրած էր եւ խոստացած էր զինք Աստուծոյ նուիրել, որպէսզի որդին իր ամբողջ կեանքի ընթացքին սուրբ ծառայութիւն մատուցանէր։ Աննան ամէն տարի Սելով կ’երթար իր տղուն այցելելու, կարած ըլլալով պատմուճան մը, որպէսզի Սամուէլ զայն հագնէր խորանին մէջ ծառայելու ատեն։ Մանչը վստահաբար կը հրճուէր տեսնելով իր ծնողները, որոնք զինք մեծապէս կը թարմացնէին, երբ քաջալերական խօսքերով ու խրատներով կը սորվեցնէին, թէ ի՜նչ առանձնաշնորհում մըն էր Եհովային ծառայել այդ առանձնայատուկ վայրին մէջ։

8 Ներկայիս, ծնողներ շատ բան կրնան սորվիլ Աննայէն եւ Եղկանայէն։ Շատ մը ծնողներ կը կեդրոնանան իրենց երեխաներուն նիւթական կարիքները հոգալու վրայ՝ անոնց հոգեւոր կարիքները անտեսելով։ Բայց, քանի որ Սամուէլի ծնողները ընտանեկան կեանքին մէջ հոգեւոր բաները առաջին տեղը դրին, այս մէկը լաւ անդրադարձ ունեցաւ Սամուէլի ամբողջ կեանքին վրայ (կարդա՛ Առակաց 22։6

9, 10. ա) Նկարագրէ՛ խորանը եւ մանչ Սամուէլի զգացումները, այդ սուրբ վայրին առնչութեամբ (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։ բ) Հաւանաբար ի՞նչ բաներ պարփակուած էին Սամուէլի պատասխանատուութիւններուն մէջ։ գ) Ըստ քեզի, ներկայիս պատանիներ ինչպէ՞ս կրնան իրմէ օրինակ առնել։

9 Կրնանք պատկերացնել, թէ հետզհետէ մեծցող մանչը ինչպէ՛ս կը զբօսնէր Սելովը շրջապատող բլուրներուն վրայ։ Մինչ դէպի վար նայելով կը դիտէր քաղաքը եւ անոր մէկ կողմը փռուած ձորը, հաւանաբար իր սիրտը ուրախութեամբ եւ պարծանքով կը լեցուէր, երբ կը տեսնէր Եհովայի խորանը՝ մեծ վրանը։ Արդարեւ այդ խորանը սուրբ վայր մըն էր *։ Մովսէսի վերահսկողութեան ներքեւ գրեթէ 400 տարի առաջ կառուցուած ըլլալով, անիկա համայն աշխարհի միակ կեդրոնատեղին էր Եհովային անարատ պաշտամունք մատուցանելու։

10 Մանուկ հասակէն, Սամուէլ սկսաւ խորանը սիրել։ Յետագային գրած իր արձանագրութեան մէջ կը կարդանք. «Սամուէլ մանուկը քթանէ եփուտը հագած՝ Տէրոջը առջեւ ծառայութիւն կ’ընէր» (Ա. Թագ. 2։18)։ Իր հագած անթեւ հագուստը ակներեւաբար ցոյց կու տար, թէ Սամուէլ խորանին մէջ քահանաներուն կ’օգնէր։ Քահանայական դասակարգէն չըլլալով հանդերձ, իր պարտականութիւնները կը պարփակէին՝ ամէն առաւօտ խորանին գաւիթը տանող դռները բանալ եւ տարեց Հեղիին սպասաւորութիւն ընել։ Թէեւ իր առանձնաշնորհումներէն հաճոյք կ’առնէր, բայց ժամանակի ընթացքին իր անմեղ սիրտը սկսաւ տանջուիլ. Եհովային տան մէջ մեծ սխալ մը կը կատարուէր։

Ապականած միջավայրի մը մէջ անարատ մնաց

11, 12. ա) Ոփնին ու Փենէհէսը գլխաւորաբար ի՞նչ բանի մէջ թերացան։ բ) Ոփնին ու Փենէհէսը ինչպիսի՞ չարութիւն եւ ապականութիւն կը գործէին խորանին մէջ (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

11 Կանուխ հասակէն, Սամուէլ իսկական անօրէնութեան եւ ապականութեան ականատես եղաւ։ Հեղին երկու որդի ունէր՝ Ոփնի եւ Փենէհէս։ Սամուէլի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Հեղիին որդիները չար մարդիկ ըլլալով՝ Տէրը չէին ճանչնար» (Ա. Թագ. 2։12)։ Համարին երկու մտքերը իրար կ’ամբողջացնեն։ «Չար» թարգմանուած բնագիր եբրայերէն բառը կրնայ բառացիօրէն նշանակել «անպիտան որդիներ»։ Եւ ասիկա տեղին նկարագրութիւն մըն էր Ոփնիի եւ Փենէհէսի համար, որովհետեւ անոնք Եհովան չէին յարգեր։ Անոնք բոլորովին անտեսեցին Աստուծոյ արդար չափանիշներն ու պահանջները, եւ իրենց այս կեցուածքը պատճառ եղաւ որ ուրիշ մեղքեր ալ գործեն։

12 Աստուծոյ օրէնքը յստակ կերպով նշած էր խորանին մէջ ծառայող քահանաներուն պարտականութիւնները եւ զոհեր մատուցանելու կերպը։ Օրէնքին մանրակրկիտ ըլլալը վաւերական պատճառներ ունէր։ Այդ զոհերը կը ներկայացնէին մեղքերը ներելու Աստուծոյ կարգադրութիւնները, որպէսզի մարդիկ կարենային իր աչքին մաքուր ըլլալ եւ իր օրհնութեան եւ առաջնորդութեան արժանանալ։ Սակայն Ոփնին ու Փենէհէսը պատճառ դարձան, որ միւս քահանաներն ալ զոհերուն առնչութեամբ՝ արհամարհանքով կամ անարգանքով վարուէին *։

13, 14. ա) Խորանին մէջ կատարուած չարութիւնը վստահաբար, ի՞նչ ազդեցութիւն բանեցուցած էր անկեղծ մարդոց վրայ։ բ) Հեղին ինչպէ՞ս թերացաւ իր պատասխանատուութիւններուն մէջ, ըլլայ որպէս հա՛յր կամ՝ քահանայապետ։

13 Երեւակայէ Սամուէլ մանուկին ապշած դէմքը, մինչ զարմանքով կը դիտէր, թէ քահանաները ինչպէ՛ս կ’ոտնակոխէին Եհովայի պատուէրները եւ չէին պատժուեր։ Քանի՜ անգամ ան կը տեսնէր խեղճուկրակ մարդիկ, որոնք մխիթարուելու եւ զօրանալու յոյսերով կը մօտենային սուրբ խորանին, սակայն կը մեկնէին յուսահատած, նուաստացած կամ վիրաւորուած զգալով։ Եւ ի՞նչ զգաց Սամուէլ, երբ գիտցաւ թէ Ոփնին ու Փենէհէսը, սեռային բարոյականութեան վերաբերեալ Եհովայի օրէնքները արհամարհելով, յարաբերութիւններ կ’ունենային կարգ մը կիներու հետ, որոնք խորանի մուտքին կը ծառայէին (Ա. Թագ. 2։22)։ Թերեւս Սամուէլ կը սպասէր որ Հեղին բան մը ընէր այդ կացութեան համար։

Սամուէլ խորապէս նեղուած ըլլալու էր, տեսնելով Հեղիի որդիներուն չարութիւնը

14 Հեղին ամենայարմար անձն էր բարդացող վիճակը կասեցնելու։ Որպէս քահանայապետ, ան պատասխանատու էր խորանին անցուդարձին։ Որպէս հայր, ան պարտաւոր էր իր որդիները ուղղելու։ Ի վերջոյ, անոնք թէ՛ իրենք իրենց կը վնասէին եւ թէ բազմաթիւ անհատներու։ Սակայն Հեղին թերացաւ իր պատասխանատուութիւններուն մէջ, ըլլայ որպէս հա՛յր կամ՝ քահանայապետ։ Ան պարզապէս մեղմ ու տկար խրատ մը տուաւ իր որդիներուն (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 2։23-25Սակայն անոնք աւելի խիստ յանդիմանութեան պէտք ունէին, որովհետեւ մահուան արժանի յանցանքներ կը գործէին։

15. ա) Եհովան Հեղիին ի՞նչ խիստ պատգամ ղրկեց։ բ) Հեղիին ընտանիքը ինչպէ՞ս հակազդեց այդ ազդարարութեան։

15 Վիճակներն այնքան բարդացան, որ Եհովան Հեղիին ղրկեց «Աստուծոյ մարդ» մը՝ անանուն մարգարէ մը, խիստ դատավճիռ մը արձակելու համար։ Եհովան Հեղիին ըսաւ. «Քու որդիներդ ինծմէ աւելի կը փառաւորես»։ Արդ, Աստուած նախագուշակեց, թէ Հեղիին չար որդիները մէկ օրուան մէջ պիտի մեռնէին եւ անոր ընտանիքը մեծ կորուստ պիտի ունենար, մինչեւ իսկ քահանայութեան առանձնաշնորհումէն զրկուելով։ Այս խիստ ազդարարութիւնը որեւէ փոփոխութիւն մտցո՞ւց այդ ընտանիքէն ներս։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Հեղին եւ իր որդիները չփոխուեցան (Ա. Թագ. 2։27–3։1

16. ա) Սամուէլ մանուկի յառաջդիմութեան մասին ի՞նչ տեղեկագրութիւններ կը կարդանք։ բ) Այդ տեղեկագրութիւնները քեզ կ’ոգեւորե՞ն. բացատրէ՛։

16 Այս ամբողջ ապականութիւնը ինչպէ՞ս ազդեց Սամուէլ մանուկին։ Այս արձանագրութեան մութ էջերուն մէջ, երբեմն լուսաւոր տողեր կը յայտնուին, երբ կը կարդանք թէ Սամուէլ ինչպէ՛ս կը մեծնար ու կը յառաջդիմէր։ Յիշէ, որ Ա. Թագաւորաց 2։18–ի մէջ կարդացինք, թէ Սամուէլ մանուկը հաւատարմօրէն «Տէրոջը առջեւ ծառայութիւն կ’ընէր»։ Նոյնիսկ այդ վաղ հասակին, Սամուէլ Աստուծոյ մատուցած իր ծառայութիւնը՝ իր կեանքին առանցքը դարձուց։ Նոյն գլուխին 21–րդ համարին մէջ, ա՛լ աւելի ոգեւորիչ բան մը կը կարդանք. «Սամուէլ մանուկն ալ Տէրոջը առջեւ մեծցաւ»։ Մինչ կը մեծնար, երկնաւոր Հօր հետ Սամուէլի փոխյարաբերութիւնը աւելի կը զօրանար։ Եհովայի հետ այդպիսի սերտ փոխյարաբերութիւն ունենալը մեծագոյն պաշտպանութիւնը կու տայ՝ որեւէ ապականութեան դէմ։

17, 18. ա) Քրիստոնեայ պատանիները ինչպէ՞ս կրնան Սամուէլի օրինակին հետեւիլ, երբ ապականութիւն դիմագրաւեն։ բ) Ի՞նչը ցոյց կու տայ, թէ Սամուէլ ճիշդ ընթացքը ընտրեց։

17 Սամուէլ թերեւս դիւրութեամբ պատճառաբանէր, որ եթէ քահանայապետն ու իր որդիները կրնային մեղքին տեղի տալ, ուրեմն ինքն ալ կրնար ընել ինչ որ ուզէր։ Բայց ուրիշներու ապականումը, ներառեալ հեղինակաւոր մարդոց, բնաւ չ’արդարացներ մեղքը։ Այսօր, բազմաթիւ քրիստոնեայ պատանիներ, Սամուէլի օրինակին կը հետեւին եւ կը շարունակեն ‘Տէրոջը առջեւ մեծնալ’, նոյնիսկ եթէ իրենց շրջապատի մարդոցմէ ոմանք լաւ օրինակ չհանդիսանան։

18 Եհովայի հնազանդելու Սամուէլի ընտրութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ իր կեանքին վրայ։ Կը կարդանք. «Սամուէլ մանուկը օրէ օր կը մեծնար եւ Տէրոջը ու մարդոց հաճոյ էր» (Ա. Թագ. 2։26)։ Ուստի Սամուէլ սիրուած էր, գոնէ անոնցմէ, որոնց կարծիքը կարեւոր էր իրեն համար։ Եհովան արժեւորեց այս մանուկը, իր հաւատարիմ ընթացքին համար։ Սամուէլ վստահաբար գիտէր, թէ իր Աստուածը Սելովի մէջ տեղի ունեցող բոլոր չար արարքներուն վերջ պիտի դնէր, բայց թերեւս հարց կու տար, թէ ասիկա ե՛րբ պիտի ըլլար։ Գիշեր մը, այդ հարցին պատասխանը տրուեցաւ։

«Խօսէ, Տէ՛ր, քանզի քու ծառադ մտիկ կ’ընէ»

19, 20. ա) Նկարագրէ՛ թէ գիշերով մը խորանին մէջ Սամուէլին հետ ի՛նչ պատահեցաւ։ բ) Սամուէլ պատգամին ուրկէ՛ ըլլալը ինչպէ՞ս գիտցաւ եւ ինչպէ՞ս վարուեցաւ Հեղիին հետ։

19 Արշալոյսը կը բացուէր. խորանին մէջ մեծ ճրագակալին լոյսը իր վերջին կայծերը կ’արձակէր։ Լռութեան մէջ Սամուէլ ձայն մը լսեց. մէկը զինք կը կանչէր։ Ան կարծեց թէ կանչողը Հեղին էր, որ արդէն ծերացած էր ու լաւ չէր տեսներ։ Սամուէլ «վազելով» տարեց մարդուն քով գնաց։ Կրնա՞ս մտապատկերել, թէ մանուկը ինչպէ՛ս աճապարանօք եւ ոտաբոպիկ կը վազէր տեսնելու թէ Հեղին ի՛նչ կ’ուզէր։ Հեղիին հանդէպ ցուցաբերած Սամուէլի յարգանքն ու ազնուութիւնը մեր սրտին կը դպչին։ Հակառակ անոր գործած բոլոր մեղքերուն, Հեղին տակաւին Եհովային քահանայապետն էր (Ա. Թագ. 3։2-5

20 Սամուէլ Հեղին արթնցնելով ըսաւ. «Ահա հոս եմ. քանզի զիս կանչեցիր»։ Բայց Հեղին ըսաւ որ ինք չէր կանչած եւ տղան ետ անկողին ղրկեց։ Նոյն բանը կրկին անգամ պատահեցաւ։ Ի վերջոյ, Հեղին ըմբռնեց պատահածը։ Այդ ժամանակ, հազուադէպ էր որ Եհովան իր ժողովուրդին տեսիլք կամ մարգարէական պատգամ մը տար, եւ ասոր պատճառը ակնյայտ է։ Սակայն Հեղին գիտցաւ որ Եհովան դարձեալ կը խօսէր,– այս անգամ՝ այս տղուն։ Հեղին տղուն ըսաւ որ երթար եւ պառկէր՝ պատասխանելու պատշաճ կերպը սորվեցնելով անոր։ Սամուէլ հնազանդեցաւ։ Շատ չանցած, ան լսեց ձայնը, որ կը կանչէր. «Սամուէ՛լ, Սամուէ՛լ»։ Մանչը պատասխանեց. «Խօսէ, Տէ՛ր, քանզի քու ծառադ մտիկ կ’ընէ» (Ա. Թագ. 3։1, 5-10

21. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային ձայնը լսել, եւ ասիկա ընելը ինչո՞ւ կ’արժէ։

21 Վերջապէս, Եհովան Սելովի մէջ ունեցաւ ծառայ մը, որ պատրաստ էր մտիկ ընելու։ Այդ մանչը մինչեւ իր կեանքին աւարտը մտիկ ըրաւ Եհովային. իսկ դո՞ւն։ Պէտք չունինք սպասելու, որ գիշերը գերբնական ձայն մը մեզի հետ խօսի։ Այսօր, Աստուծոյ ձայնը, առումով մը, միշտ լսելի է մեզի, իր ամբողջացած Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցով։ Ո՛րքան աւելի Աստուծոյ մտիկ ընենք ու ընդառաջենք, ա՛յնքան աւելի մեծ հաւատք պիտի ունենանք։ Սամուէլին հաւատքը այդպիսով զօրացաւ։

Վախնալով հանդերձ, Սամուէլ համարձակօրէն Հեղիին յայտնեց Եհովայի դատավճիռը

22, 23. ա) Ինչպէ՞ս իրականացաւ այն պատգամը, որ Սամուէլ սկիզբը կը վարանէր հաղորդելու։ բ) Սամուէլի համբաւը ինչպէ՞ս շարունակաբար մեծցաւ։

22 Այդ դէպքը Սամուէլի կեանքին մէջ մեծ նշանակութիւն ունեցաւ. ան սկսաւ Եհովան աւելի մօտէն ճանչնալ, անոր մարգարէն ու խօսնակը դառնալով։ Սկիզբը տղան կը վախնար Եհովային պատգամը Հեղիին հաղորդելէ, քանի որ պատգամը վերջնական դատավճիռ մըն էր, որ այդ ընտանիքին դէմ ըսուած մարգարէութիւնը շուտով պիտի կատարուէր։ Բայց Սամուէլ համարձակութեամբ Հեղիին խօսեցաւ. իսկ Հեղին խոնարհութեամբ ընդունեց Աստուծոյ դատավճիռը։ Կարճ ժամանակ ետք, ամէն ինչ որ Եհովան ըսած էր՝ կատարուեցաւ։ Իսրայէլ փղշտացիներուն դէմ պատերազմելու ելաւ, նոյն օրը Ոփնին ու Փենէհէսը սպաննուեցան, իսկ Հեղին մահացաւ, երբ տեղեկացաւ թէ Եհովային սուրբ տապանակը գրաւուած էր (Ա. Թագ. 3։10-18. 4։1-18

23 Սակայն Սամուէլի համբաւը, որպէս հաւատարիմ մարգարէ, հետզհետէ մեծցաւ։ «Տէրը անոր հետ էր», կ’ըսէ Աստուածաշունչը, աւելցնելով որ Եհովան Սամուէլի մարգարէութիւններէն մէ՛կը գետին չձգեց (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 3։19

«Սամուէլ Տէրոջը աղաղակեց»

24. Ժամանակի ընթացքին, իսրայէլացիները ի՞նչ որոշում կայացուցին, եւ ասիկա ինչո՞ւ լուրջ մեղք մըն էր։

24 Իսրայէլացիները Սամուէլի առաջնորդութեան հետեւեցա՞ն եւ հաւատարիմ ու հոգեւոր անհատներ դարձա՞ն։ Ո՛չ։ Ժամանակի ընթացքին իրենք չուզեցին որ պարզապէս մարգարէ մը զիրենք դատէր, այլ փափաքեցան միւս ազգերուն պէս թագաւոր մը ունենալ։ Եհովայի ուղղութեան հետեւելով, Սամուէլ համաձայնեցաւ անոնց փափաքը կատարել։ Բայց ինք պէտք էր ցոյց տար իսրայէլին, որ իրենց այս խնդրանքը լուրջ մեղք մըն էր։ Անոնք ոչ թէ պարզ մարդ մը կը մերժէին, այլ՝ Եհովա Աստուած։ Ուստի Սամուէլ ժողովուրդը Գաղգաղա կանչեց։

Սամուէլ հաւատքով աղօթեց. իսկ Եհովան իրեն պատասխանեց՝ որոտախառն անձրեւ ղրկելով

25, 26. Գաղգաղայի մէջ, տարեց Սամուէլը ինչպէ՞ս իր ժողովուրդին օգնեց, որ Եհովային դէմ իրենց գործած մեղքին լրջութիւնը տեսնեն։

25 Վերադառնանք այդ պահը, երբ Սամուէլ Գաղգաղայի մէջ իսրայէլ ժողովուրդին պիտի խօսէր։ Հոն, տարեց մարգարէն անոնց յիշեցուց իր ուղղամտութեան ստոյգ արձանագրութիւնը։ Ապա կը կարդանք. «Սամուէլ Տէրոջը աղաղակեց»։ Ան Եհովայէն որոտախառն անձրեւ խնդրեց (Ա. Թագ. 12։17, 18

26 Որոտախառն անձրե՞ւ. . . չոր եղանակի՞ն։ Ասիկա չլսուած բան էր։ Ոմանք թերեւս իրենց լսածին չհաւատացին կամ մարգարէին խօսքերը ծաղրանքի առին, բայց ատիկա երկար չտեւեց։ Յանկարծ երկինքը ծածկուեցաւ մութ ամպերով։ Արտերուն մէջի ցորենի հասկերը հողմակոծ եղան։ Որոտումը իր խլացուցիչ ձայները արձակեց եւ տեղատարափ անձրեւ սկսաւ։ Առ ի հակազդեցութիւն, «ժողովուրդը Տէրոջմէն ու Սամուէլէն խիստ վախցաւ»։ Անոնք վերջապէս հասկցան թէ ի՜նչ լուրջ մեղք մը գործած էին (Ա. Թագ. 12։18, 19

27. Եհովան ինչպէ՞ս կը զգայ անոնց մասին, որոնք կ’ընդօրինակեն Սամուէլին հաւատքը։

27 Եհովա՛ն էր որ անոնց ըմբոստացած սրտին հասաւ եւ ոչ թէ Սամուէլը։ Իր մանկութենէն մինչեւ ծերութիւն, Սամուէլ իր Աստուծոյն հաւատք ընծայեց. Եհովան ալ զինք վարձատրեց։ Եհովան մինչեւ օրս չէ փոխուած։ Ան տակաւին կ’օգնէ անոնց, որոնք կ’ընդօրինակեն Սամուէլին հաւատքը։

^ պարբ. 5 Ուխտաւորները երդումի տակ էին. անոնց չէր արտօնուած ոգելից ըմպելիներ խմել եւ մազերնին կտրել։ Մեծամասնութիւնը երդում կ’ընէր ուխտաւոր ըլլալու միայն որոշ ժամանակի մը համար, բայց մէկ քանիներ, ինչպէս՝ Սամփսոն, Սամուէլ եւ Յովհաննէս Մկրտիչ, ուխտաւոր մնացին իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին։

^ պարբ. 9 Խորանը փայտէ ուղղանկիւնաձեւ կառոյցի վրայ լարուած մեծ վրան մըն էր։ Զայն պատրաստելու համար գործածուած էին բարձրորակ նիւթեր, ինչպէս՝ փոկի կաշի, գեղեցիկ ասեղնագործուած կտորներ եւ արծաթով ու ոսկիով պատուած թանկարժէք փայտեր։ Խորանը կանգնած էր ուղղանկիւնաձեւ գաւիթի մը մէջ, ուր կը գտնուէր նաեւ մեծ զոհասեղանը։ Ժամանակի ընթացքին, խորանին կողմերը բացայայտօրէն ուրիշ վրաններ ալ լարուեցան քահանաներուն համար։ Այնպէս կը թուի թէ Սամուէլ այդ վրաններէն մէկուն մէջ կը գիշերէր։

^ պարբ. 12 Արձանագրութիւնը անարգանքի երկու կերպեր կը նշէ։ Առաջին՝ Օրէնքը նշած էր, թէ զոհուած անասունի մը ո՛ր մասերը պէտք էր քահանաներուն տրուէր (Բ. Օր. 18։3)։ Բայց խորանին մէջ, չար քահանաները բոլորովին տարբեր բան մը կ’ընէին։ Անոնք իրենց սպասաւորները կը ղրկէին, որ միսը եփուած ատեն մեծ մսահան մը խոթէին կաթսային մէջ եւ առնէին այն լաւ մասերը որ մսահանը կը հանէր։ Երկրորդ՝ երբ մարդիկ իրենց զոհերը զոհասեղանին վրայ այրուելու կը բերէին, չար քահանաները կը ղրկէին սպասաւոր մը, որ սպառնալով հում միսը պահանջէր, նոյնիսկ նախքան ճարպը Եհովային մատուցուիլը (Ղեւ. 3։3-5. Ա. Թագ. 2։13-17