Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 89

Եհովայի ջերմ կոչը. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր»

Եհովայի ջերմ կոչը. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր»

(Առակաց 27։11)

1. Երիտասարդնե՛ր, ձեր սիրտերն ինծի տուէք։

Զիս անարգող չար թշնամին պիտի տեսնէ,

որ ձեր ամբողջ կեանքը ինծի կը նուիրէք

ու կամքս կատարելով զիս շատ կը սիրէք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Իմ որդեակս, իմաստուն եղի՛ր

եւ իմ սիրտս ուրախացո՛ւր։

Սրտա՛նց ծառայէ, անվախ եղի՛ր

եւ իմ անունս սրբացո՛ւր։

2. Միշտ ուրախութեա՛մբ ծառայէ, պիտի օգնեմ.

նոյնիսկ եթէ իյնաս, քեզ ոտքի պիտ’ հանեմ։

Եւ եթէ ոմանք քեզ լքեն, դաւաճանեն,

դուն մխիթարուէ, ես քեզ մի՛շտ պիտի սիրեմ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Իմ որդեակս, իմաստուն եղի՛ր

եւ իմ սիրտս ուրախացո՛ւր։

Սրտա՛նց ծառայէ, անվախ եղի՛ր

եւ իմ անունս սրբացո՛ւր։