Եհովային գովերգենք. նոր երգեր
Եհովա Աստուած փառաբանելու եւ պաշտելու նոր երգերը մտիկ ըրէ։ Անոնց երաժշտութիւնն ու բառերը բեռնէ։
ԵՐԳ 136
Թագաւորութիւնը կ’իշխէ. կ’աղօթենք՝ «Թող գա՛յ»
Այս վսեմ երգը Եհովա Աստուած կը փառաբանէ, Քրիստոս Յիսուսի Թագաւորութեան իշխանութիւնը ընդունելով։
ԵՐԳ 137
Մեզի համարձակութիւն տուր
Այս երգը Եհովային ուղղուած կոչ մըն է, որ մեզի քաջութիւն տայ իր անուան մասին համարձակօրէն վկայելու։
ԵՐԳ 138
Անունդ Եհովա է
Գովերգէ՛ Եհովայի փառաւորեալ անունը եւ թող բոլոր մարդիկ գիտնան, թէ ի՛նքն է Բարձրեալը։
ԵՐԳ 139
Սորվեցուր անոնց որ հաստատուն կայնին
Եհովա Աստուծմէ խնդրէ, որ քեզ պաշտպանէ եւ օգնէ, որ կեանքի մրցավազքին մէջ հաւատարմօրէն յարատեւես։
ԵՐԳ 141
Խաղաղասէր մարդիկը փնտռենք
Ուրախ երգ մարդոց հանդէպ մեր սիրոյն մասին, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ թանկարժէք ոչխարները փնտռելու մասին։
ԵՐԳ 142
Ամէն տեսակ մարդոց քարոզենք
Եհովայի բարութեան մասին երգ մը։ Անիկա նաեւ կ’ընդգծէ թէ ինչպէ՛ս ամէն տեսակ մարդիկ կը հրաւիրենք որ Աստուած պաշտեն։
ԵՐԳ 145
Պատրաստուինք քարոզելու
Երբեմն կ’ըսենք որ ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ տունը պառկած մնանք։ Բայց կրնա՛նք ոյժ առնել եւ երթալ քարոզելու։
ԵՐԳ 146
Ինծի ըրիք
Յիսուս կ’ըսէ որ երբ մենք իր օծեալ եղբայրները սիրենք եւ անոնց օգնենք, իրեն օգնած ու սիրած կ’ըլլանք։
ԵՐԳ 147
Յատուկ սեփականութիւն
Եհովա Աստուած շատ կը սիրէ իր օծեալ որդիները։ Իսկ անոնք կ’ընեն ամէն բան որ Անոր հաճելի է։
ԵՐԳ 148
Քու անգին Որդիդ տուիր
Եհովային շնորհակալութիւն յայտնէ իր տուած ամէնէն թանկարժէք նուէրին համար։
ԵՐԳ 149
Փրկանքին համար երախտապարտ ենք
Յիսուսի ըրած կամաւ զոհողութիւնը կարեւոր պատճառ մըն է՝ Եհովային առյաւէտ երախտապարտ մնալու։
ԵՐԳ 150
Ծառայենք հոն՝ ուր մեծ կարիք կայ
Ցոյց տուր թէ պատրաստ ես Եհովային ծառայելու հոն՝ ուր որ ան յարմար կը տեսնէ։
ԵՐԳ 151
Աստուծոյ որդիները կը յայտնուին
Անհամբեր կը սպասենք այն օրուան, երբ Եհովան Քրիստոսին եղբայրները երկինք պիտի առնէ, որ միասնաբար յաղթեն եւ իրեն պէս վարձատրուին։
ԵՐԳ 152
Մեր Վէմը, մեր Յոյսը, մեր Ապաւէնը
Երբ կեանքի հոգերը վախ պատճառեն, Աստուած կրնայ մեր վէմը, յոյսը եւ ապաւէնը ըլլալ։
ԵՐԳ 154
Շարունակենք տոկալ
Այս երգը մեզի կ’օգնէ որ դժուարութիւններուն տոկանք եւ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայենք մինչեւ վերջ։