Օրհնութիւններ՝ կարիքաւորներու օգնողներուն
Աշխարհի տարածքին շատեր ուտելիքի եւ ապաստանարանի պէտք ունին։ Ուրիշներ ալ պարզապէս ապագային նկատմամբ յոյսի պէտք ունին։ Երբ ջանք ընենք այսպիսիներու օգնելու, Աստուծոյ հաւանութիւնը եւ օրհնութիւնը պիտի ունենանք։ Ինչպէ՞ս։
ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԵՆ
«Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ» (ԱՌԱԿԱՑ 19։17)։
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐԻ ՄԸ ՕԳՆԵԼ
Յիսուս առակ մը պատմեց մարդու մը մասին, որուն վրայ աւազակներ յարձակեցան եւ զինք վիրաւորելով կիսամեռ ձգեցին–գացին (Ղուկաս 10։29-37)։ Բարեացակամ օտար մը անոր քով կանգ առաւ ու անոր հոգ տարաւ։ Ան ասիկա ըրաւ, թէեւ անոր ազգէն չէր։
Այս ազնիւ մարդը ոչ միայն վիրաւորին անմիջապէս բժշկական օգնութիւն տուաւ եւ նիւթական գետնի վրայ օգտակար դարձաւ, հապա նաեւ զինք մխիթարեց եւ նեղութիւնը թեթեւցուց։
Այս առակէն ի՞նչ կը սորվինք։ Յիսուս ցոյց տուաւ, որ կարիքաւորներուն պէտք է օգնենք որեւէ կերպով որ կրնանք (Առակաց 14։31)։ Սուրբ Գրութիւնները կը սորվեցնեն, թէ Աստուած շատ մօտ ատենէն աղքատութեան ու տառապանքին վերջ պիտի դնէ։ Բայց թերեւս հարց տանք, թէ ան ասիկա ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ պիտի ընէ։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ այն օրհնութիւնները, որ սիրառատ Ստեղծիչդ քեզի համար վերապահած է։