Շարունակէ աղօթել՝ Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալու համար
Աստուած մարդոց տուած է յատուկ նուէր մը. աղօթքով իրեն հետ հաղորդակցելու եւ իրենց զգացումները արտայայտելու կարողութիւնը։ Դաւիթ մարգարէն աղօթեց. «Ո՛վ աղօթքի լսող, քեզի պիտի գայ ամէն մարմին» (Սաղմոս 65։2)։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք աղօթել, որ Աստուած մեզ լսէ եւ օրհնէ։
ԽՈՆԱՐՀԱԲԱՐ ԵՒ ՍՐՏԱՆՑ ԱՂՕԹԷ
Անձնական աղօթքներուդ միջոցաւ, կրնաս Աստուծոյ առջեւ սիրտդ բանալ ու ներքին զգացումներդ արտայայտել (Սաղմոս 62։8)։ Ամենակարողը կ’արժեւորէ սրտանց ու անկեղծ աղօթքները։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԱՆՈՒՆԸ ԳՈՐԾԱԾԷ
Թէեւ Աստուած բազմաթիւ տիտղոսներ ունի, ինչպէս՝ «Տէր», «Ստեղծիչ» եւ «Բարձրեալ», բայց միայն մէկ անձնական անուն ունի։ Ան մեզի կ’ըսէ. «Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է» (Եսայի 42։8)։ Եհովա անունը շուրջ 7000 անգամ գրուած է Սուրբ Գրութիւններուն մէջ։ Բազմաթիւ մարգարէներ իրենց խօսքը Աստուծոյ ուղղեցին, իր անձնական անունը գործածելով։ Օրինակ, Աբրահամ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Եհովա, ինծի ի՞նչ պիտի տաս, քանի որ առանց զաւակի կը մնամ» (Ծննդոց 15։2)։ Մենք ալ աղօթելու ատեն պէտք է գործածենք Աստուծոյ անունը՝ Եհովա։
ՔՈՒ ԼԵԶՈՒՈՎԴ ԱՂՕԹԷ
Աստուած մեր մտածումներն ու զգացումները կը հասկնայ, ի՛նչ որ ալ ըլլայ մեր խօսած լեզուն։ Իր Խօսքը մեզ կը վստահեցնէ. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։34, 35)։
Սակայն Աստուծոյ կողմէ օրհնուելու համար, պէտք է աղօթելէ աւելին ընենք։ Յաջորդ յօդուածներուն մէջ, պիտի քննարկենք թէ ի՛նչ պէտք է ընենք։