ԴԻՏԱՐԱՆ (ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) Յունուար 2017

Այս թիւը կը բովանդակէ 2017–⁠ի փետրուար 27–⁠ապրիլ 2 նկատի առնուելիք ուսումնասիրութեան յօդուածները։

Անձնուրաց ծառայողներ

Բազմաթիւ ամուրի քոյրեր սկիզբը վարանեցան արտասահման ծառայելու։ Անոնք ինչպէ՞ս հարկ եղած քաջութիւնը հաւաքեցին ու ի՞նչ դասեր քաղեցին։

«Եհովայի՛ն վստահէ եւ բարի՛ք ըրէ»

2017–⁠ի տարուան համարը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ Եհովան մեզի համար կ’ընէ ինչ որ չենք կրնար ընել, բայց կ’ակնկալէ որ մեր ձեռքէն եկածը ընենք։

Արժեւորէ ազատ կամքի պարգեւդ

Ազատ կամքը ի՞նչ է, եւ Աստուածաշունչը անոր մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ինչպէ՞ս կրնաս ցուցնել թէ ուրիշներու ազատ կամքը կը յարգես։

Ինչո՞ւ պէտք է համեստ ըլլանք

Համեստութիւնը ի՞նչ է եւ ի՞նչ կապ ունի խոնարհութեան հետ։ Ինչո՞ւ կարեւոր է որ զայն մշակենք։

Կրնա՛ս համեստ մնալ փորձութեան մէջ

Ինչպէ՞ս կրնանք համեստ մնալ, երբ մեր պարագաները փոխուին, երբ մէկը մեզ քննադատէ կամ գովէ, եւ երբ անորոշութեան առջեւ գտնուինք։

‘Այն բաները հաւատարիմ մարդոց յանձնէ’

Տարիքով աւելի մեծ եղողները ինչպէ՞ս կրնան ուրիշներու օգնել, որ աւելի պատասխանատուութիւններ շալկեն։ Իսկ երիտասարդները ինչպէ՞ս կրնան ցոյց տալ թէ զիրենք կ’արժեւորեն։

Գիտէի՞ր

Աստուածաշունչի ժամանակներուն, մարդիկ ինչպէ՞ս կրակ կը վառէին երբ կը ճամբորդէին։