Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովային կը պատկանինք

Եհովային կը պատկանինք

«Երանի՜ այն ազգին, որուն Աստուածը Տէրն է ու այն ժողովուրդին, որ իր ժառանգութեան համար ընտրեց» (ՍԱՂ. 33։12

ԵՐԳԵՐ. 62, 58

1. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ ամէն բան Եհովային կը պատկանի (տե՛ս բացման նկարը)։

ԱՄԷՆ բան Եհովային կը պատկանի։ Իրեն են «երկինք ու երկինքներուն երկինքը, նաեւ երկիր ու բոլոր անոր մէջ եղածը» (Բ. Օր. 10։14. Յայտ. 4։10բ)։ Որովհետեւ Եհովա՛ն մարդը ստեղծեց, բոլոր մարդիկը իրեն կը պատկանին (Սաղ. 100։3)։ Բայց մարդկային պատմութեան ընթացքին, Եհովան որոշ մարդիկ ընտրած է, որ յատուկ կերպով իրեն պատկանին։

2. Ըստ Սուրբ Գիրքին, որո՞նք յատուկ կերպով Եհովային պատկանած են։

2 Օրինակ, Սաղմոս 135–ը Իսրայէլի մէջ գտնուող Եհովայի հաւատարիմ ծառաները նկարագրեց որպէս իր «սեփական ժողովուրդ»ը (Սաղ. 135։ 4)։ Նաեւ Ովսէէ մարգարէացաւ որ կարգ մը ոչ–իսրայէլացիներ պիտի դառնային Եհովային ժողովուրդը (Ով. 2։23)։ Այս մարգարէութիւնը կատարուեցաւ, երբ Եհովան սկսաւ իսրայէլացի չեղողներ ընտրել, որպէսզի Քրիստոսին հետ իշխեն (Գործք 10։45. Հռով. 9։23-26)։ Այս «սուրբ ազգ»ը յատուկ կերպով մը Եհովային «սեփական ժողովուրդ»ն է, քանի որ ատոր անդամները սուրբ հոգիով օծուած են եւ երկինքին մէջ պիտի ապրին (Ա. Պետ. 2։9, 10)։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել բոլոր այն հաւատարիմ քրիստոնեաներուն մասին, որոնք երկրային յոյս ունին։ Եհովան զանոնք ալ կը կոչէ՝ իր «ժողովուրդ»ը եւ իր «ընտրածներ»ը (Եսա. 65։22

3. ա) Ներկայիս, որո՞նք յատուկ փոխյարաբերութիւն ունին Եհովային հետ։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Ներկայիս, երկնային յոյս ունեցող «պզտիկ հօտ»ը եւ երկրային յոյս ունեցող «ուրիշ ոչխարներ»ը կը կազմեն «մէկ հօտ», եւ Եհովան զանոնք իր ժողովուրդը կը սեպէ (Ղուկ. 12։32. Յովհ. 10։16)։ Անկասկած կ’ուզենք մեր խոր գնահատանքը ցուցնել Եհովային, քանի որ յատուկ փոխյարաբերութիւն ունինք իրեն հետ։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովային ցուցնել մեր երախտապարտութիւնը այս յատուկ պատիւին համար։

ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆՔ

4. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր երախտապարտութիւնը յայտնել Եհովային, եւ Յիսուս ինչպէ՞ս յայտնեց։

4 Եհովային հանդէպ մեր երախտապարտութիւնը կը յայտնենք, երբ իրեն կը նուիրուինք եւ կը մկրտուինք։ Այսպիսով, բոլորը կը տեսնեն որ Եհովային կը պատկանինք եւ կ’ուզենք իրեն հնազանդիլ (Եբ. 12։9)։ Յիսուս ալ իր մկրտութեամբ կարծես թէ Եհովային ըսաւ. «Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ» (Սաղ. 40։7, 8)։ Յիսուս ինքզինք Եհովային ներկայացուց Իր կամքը կատարելու համար, հակառակ որ ի ծնէ կը պատկանէր ազգի մը, որ Աստուծոյ նուիրուած էր։

5, 6. ա) Եհովան ինչպէ՞ս հակազդեց երբ Յիսուս մկրտուեցաւ։ բ) Օրինակ մը տալով բացատրէ թէ Եհովան ինչո՛ւ կ’ուրախանայ երբ իրեն նուիրուինք։

5 Եհովան ի՞նչ զգաց երբ Յիսուս մկրտուեցաւ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, շուտ մը ջուրէն դուրս ելաւ եւ ահա երկինքը բացուեցաւ ու տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ’իջնէր ու կու գար իր վրայ։ Եւ ահա երկնքէն ձայն մը եկաւ որ կ’ըսէր. ‘Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ’» (Մատ. 3։16, 17)։ Թէեւ Յիսուս արդէն իսկ իր երկնաւոր Հօր կը պատկանէր, բայց Եհովան ուրախացաւ երբ տեսաւ որ Յիսուս պատրաստ էր միայն իրե՛ն ծառայելու։ Եհովան նմանապէս կ’ուրախանայ երբ իրեն նուիրուինք, եւ մեզ պիտի օրհնէ (Սաղ. 149։4

6 Յստակացնելու համար, երեւակայէ որ մարդ մը բազմաթիւ գեղեցիկ ծաղիկներ ցանած է իր պարտէզին մէջ։ Օր մը, իր պզտիկ աղջիկը ծաղիկ մը փրցնելով իրեն նուէր կու տայ։ Թէեւ ծաղիկը արդէն հօր կը պատկանի, բայց սիրալիր հայրը շատ կ’ուրախանայ, քանի որ ատիկա կը ցուցնէ, որ իր աղջիկը զինք կը սիրէ։ Այդ ծաղիկը վստահաբար բոլոր միւս ծաղիկներէն աւելի արժէքաւոր կ’ըլլայ հօր աչքին։ Եհովան ալ նոյն կերպով կ’ուրախանայ, երբ սրտանց իրեն նուիրուինք, թէեւ արդէն իրեն կը պատկանինք (Ել. 34։14

7. Մաղաքիան մեզի ինչպէ՞ս կը ցուցնէ, որ Եհովան ի՛նչ կը զգայ անոնց հանդէպ, որոնք իրեն սրտանց կը ծառայեն։

7 Կարդա՛ Մաղաքիա 3։16։ Եթէ տակաւին չես նուիրուած ու մկրտուած, նկատի առ թէ այս քայլը առնելը ինչո՛ւ շատ կարեւոր է։ Ճիշդ է որ այն վայրկեանէն որ գոյութիւն ունեցար, Եհովային կը պատկանիս, բայց մտածէ թէ Եհովան որքա՜ն պիտի ուրախանայ, երբ իր գերիշխանութիւնը ընդունիս, իրեն նուիրուիս եւ իր կամքը կատարես (Առ. 23։15)։ Իր կարգին, Եհովան կը ճանչնայ իրեն սրտանց ծառայողները, եւ անոնց անունները կը գրէ իր «յիշատակի գիրք»ին մէջ։

8, 9. Եհովան ի՞նչ կը պահանջէ անոնցմէ, որոնց անունները գրուած են իր «յիշատակի գիրք»ին մէջ։

8 Եթէ կ’ուզենք որ մեր անունը մնայ Եհովայի «յիշատակի գիրք»ին մէջ, բան մը կայ որ պէտք է ընենք։ Մաղաքիան ըսաւ որ պէտք է Եհովայէն վախնանք եւ իր անուան վրայ խոկանք։ Եթէ որեւէ ուրիշ բան կամ մէկը պաշտենք, մեր անունը պիտի ջնջուի Եհովայի գիրքէն (Ել. 32։33. Սաղ. 69։28

9 Ուրեմն, չի բաւեր որ Եհովային խոստանանք, թէ իր կամքը պիտի կատարենք, եւ ետքը մկրտուինք։ Ասոնք բաներ են որ մէկ անգամ կ’ընենք, բայց Եհովան պաշտելը կեանքի ընթացք է։ Այնքա՛ն ատեն որ կ’ապրինք, պէտք է ամէն օր գործով փաստենք, որ Եհովային կը հնազանդինք (Ա. Պետ. 4։1, 2

ԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՄԵՐԺԵՆՔ

10. Ի՞նչ յստակ տարբերութիւն պէտք է ըլլայ Եհովային ծառայողներուն եւ չծառայողներուն միջեւ։

10 Նախորդ յօդուածին մէջ նկատի առինք որ Կայէնը, Սողոմոնը եւ իսրայէլացիները կը սեպէին որ Եհովան կը պաշտեն, բայց իրեն հաւատարիմ չէին։ Այս օրինակները կը ցուցնեն թէ չի բաւեր որ ըսենք, թէ Եհովան կը պաշտենք, հապա պէտք է չարը ատենք եւ բարին սիրենք (Հռով. 12։9)։ Եհովան նշեց որ յստակ տարբերութիւն կայ «արդարին եւ ամբարիշտին, Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին» միջեւ (Մաղ. 3։18

11. Ինչո՞ւ պէտք է ամէնուն յայտնի ըլլայ, որ միայն Եհովան կը պաշտենք։

11 Ահա ուրիշ կերպ մը որ Եհովային հանդէպ մեր գնահատանքը ցուցնենք, քանի որ մեզ ընտրած է որպէս իր ժողովուրդը. մեր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը պէտք է «ամենուն յայտնի ըլլայ» (Ա. Տիմ. 4։15. Մատ. 5։16)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ուրիշները կրնա՞ն տեսնել որ Եհովային անխախտօրէն հաւատարիմ եմ։ Ուրիշներուն հպարտութեամբ կ’ըսե՞մ որ Եհովայի վկայ եմ’։ Երեւակայէ թէ Եհովան որքա՜ն պիտի նեղուի, եթէ ամչնանք ուրիշներուն ըսելու որ իրեն կը պատկանինք,– ինք որ մեզ զատած է որպէս իր ժողովուրդը (Սաղ. 119։46. կարդա՛ Մարկոս 8։38

Ապրելակերպդ ուրիշներուն յստակ կը դարձնէ՞ որ Եհովայի վկայ ես (տե՛ս պարբերութիւն 12, 13)

12, 13. Ոմանց պարագային ինչպէ՞ս յայտնի չ’ըլլար որ Եհովայի վկայ են։

12 Ցաւօք սրտի, կարգ մը Վկաներ «աշխարհի հոգի»էն ազդուած են։ Անոնց եւ Եհովան չպաշտողներուն միջեւ շատ տարբերութիւն չկայ (Ա. Կոր. 2։12)։ «Աշխարհի հոգի»ն կը ձգէ որ մարդիկ իրենց անձնասէր ցանկութիւններուն վրայ կեդրոնանան (Եփ. 2։3)։ Օրինակ, հակառակ բոլոր խրատներուն որ ստացած ենք, ոմանք տակաւին անպատշաճ կերպով կը հագուին ու կը յարդարուին։ Անոնք փակած հագուստներ կամ բաց կը հագուին նոյնիսկ ժողովներուն համար։ Կամ ալ իրենց մազերը ծայրայեղ կերպով կը կտրեն (Ա. Տիմ. 2։9, 10)։ Այս պատճառով, երբ անոնք մարդոց մէջ ըլլան, դժուար կ’ըլլայ գիտնալ, թէ Եհովայի վկայ են կամ ոչ (Յակ. 4։4

13 Ոմանք ուրիշ կերպերով աշխարհային վարմունք կ’ունենան։ Օրինակ, անոնք հաւաքոյթներուն կը պարեն եւ կը վարուին այնպիսի կերպով մը, որ քրիստոնեաներուն համար ընդունելի չէ։ Ուրիշներ ընկերային ցանցերու մէջ կը դնեն այնպիսի նկարներ կամ կը գրեն այնպիսի խօսքեր, որոնք հոգեւոր անձերուն չեն վայլեր։ Անոնք թերեւս լուրջ մեղք մը չեն գործած, բայց կրնան գէշ ազդեցութիւն ունենալ եղբայրներուն եւ քոյրերուն վրայ, որոնք շատ ջանք կը թափեն որ աշխարհէն տարբեր ըլլան (կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։11, 12

Մի՛ ազդուիր անոնցմէ, որոնք Եհովային կողմը հաստատ դիրք չեն բռնած

14. Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի Եհովային հետ մեր յատուկ բարեկամութիւնը պաշտպանենք։

14 Աշխարհին մէջ ամէն բան կը ձգէ որ կեդրոնանանք ‘մարմնի ցանկութեան ու աչքերու ցանկութեան եւ այս կեանքին ամբարտաւանութեան’ վրայ (Ա. Յովհ. 2։16)։ Բայց քանի որ Եհովային կը պատկանինք, կը մերժենք «ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները» եւ կ’ապրինք «զգաստութիւնով ու արդարութիւնով եւ բարեպաշտութիւնով» (Տիտ. 2։12)։ Մեր խօսքերը, մեր ուտելն ու խմելը, մեր հագուելակերպն ու յարդարանքը, մեր գործը եւ ամէն բան որ կ’ընենք, պէտք է բոլորին յստակ ընեն, որ Եհովային ամբողջովին նուիրուած ենք (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 10։31, 32

«ԻՐԱՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ ՍՐՏԱՆՑ ՍԷՐ» ՈՒՆԻՆՔ

15. Ինչո՞ւ պէտք է ազնիւ եւ սիրով ըլլանք եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ։

15 Եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ մեր վարուելու կերպը կը ցուցնէ, որ Եհովային բարեկամութիւնը կ’արժեւորենք կամ ոչ։ Անոնք ալ մեզի պէս Եհովային կը պատկանին։ Եթէ ասիկա մեր միտքը պահենք, անոնց հետ միշտ ազնուութեամբ եւ սիրով պիտի վարուինք (Ա. Թես. 5։15)։ Յիսուս ասոր կարեւորութիւնը ցուցուց, երբ ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։35

16. Մովսիսական օրէնքը ինչպէ՞ս կը ցուցնէ որ Եհովան ի՛նչ կը զգայ իր ժողովուրդին հանդէպ։

16 Հասկնալու համար թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուինք ժողովքի անդամներուն հետ, նկատի առնենք հետեւեալը։ Եհովայի տաճարին մէջ կային առարկաներ, որոնք միայն պաշտամունքի համար կը գործածուէին։ Մովսիսական օրէնքը մանրամասնօրէն ըսաւ, որ ղեւտացիները ինչպէ՛ս հոգ պէտք էր տանէին ատոնց։ Իսկ ան որ այդ ցուցմունքներուն չհետեւէր, պիտի մեռցուէր (Թւ. 1։50, 51)։ Եթէ Եհովան այդ առարկանե՛րը ամենայն նախանձախնդրութեամբ պաշտպանեց, որքա՜ն աւելի պիտի պաշտպանէ իր հաւատարիմ եւ նուիրուած ծառաները, որոնք զատած է որպէս իր ժողովուրդը։ Ան մեզի գիտցուց թէ որքա՛ն թանկագին ենք իրեն համար։ Մարգարէն գրեց. «Ձեզի դպչողը [Եհովայի] աչքին բիբին կը դպչի» (Զաք. 2։8

17. Եհովան ի՞նչ ‘մտիկ կ’ընէ եւ կը լսէ’։

17 Հետաքրքրական է որ Եհովան ‘մտիկ կ’ընէ եւ կը լսէ’, թէ իր ժողովուրդը ինչպէ՛ս կը վարուին իրարու հետ (Մաղ. 3։16)։ Եհովան իրապէս «կը ճանչնայ զանոնք, որ իրն են» (Բ. Տիմ. 2։19)։ Ան շատ լաւ գիտէ ամէն բան որ կ’ըսենք եւ կ’ընենք (Եբ. 4։13)։ Ան կը նկատէ երբ ազնուութեամբ չենք վարուիր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ։ Բայց կրնանք վստահ ըլլալ որ նաեւ կը նկատէ, երբ հիւրասիրութեամբ, առատաձեռնութեամբ, ներողամտութեամբ եւ քաղցրութեամբ վարուինք իրարու հետ (Եբ. 13։16. Ա. Պետ. 4։8, 9

«ՏԷՐԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԵՐԵՍԷ ՊԻՏԻ ՉՁԳԷ»

18. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր գնահատութիւնը ցուցնել Եհովային։

18 Վստահաբար կ’ուզենք մեր գնահատութիւնը ցուցնել Եհովային, քանի որ իր ժողովուրդը ըլլալու պատիւը ունինք։ Մեր կեանքը սրտանց իրեն նուիրելը իմաստութիւն է։ Թէեւ կ’ապրինք «կամակոր ու խոտորեալ» աշխարհի մը մէջ, կ’ուզենք որ մարդիկ տեսնեն, որ մենք «անբիծ ու անարատ» ենք եւ ‘լուսաւորներու պէս կը փայլինք’ (Փլպ. 2։15)։ Վճռած ենք Եհովային ատած բաները չընել (Յակ. 4։7)։ Ինչպէս նաեւ կը սիրենք եւ կը յարգենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը, քանի որ անոնք ալ Եհովային կը պատկանին (Հռով. 12։10

19. Եհովան ինչպէ՞ս կը վարձատրէ իրեն պատկանողները։

19 Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ. «Տէրը իր ժողովուրդը երեսէ պիտի չձգէ» (Սաղ. 94։14)։ Եհովային խօսքը խօսք է, ինչ որ ալ պատահի մեզի։ Նոյնիսկ եթէ մեռնինք, Եհովան պիտի չմոռնայ մեզ (Հռով. 8։38, 39)։ «Եթէ ապրինք, Տէրոջը համար կ’ապրինք եւ եթէ մեռնինք, Տէրոջը համար կը մեռնինք. ուրեմն թէ՛ ապրինք եւ թէ՛ մեռնինք, մենք Տէրոջն ենք» (Հռով. 14։8)։ Անհամբեր կը սպասենք այն օրուան, երբ Եհովան ետ կեանքի պիտի բերէ բոլոր իր հաւատարիմ բարեկամները, որոնք մահացած են (Մատ. 22։32)։ Նոյնիսկ հիմա շատ մը օրհնութիւններ կը վայելենք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Երանի՜ այն ազգին, որուն Աստուածը Տէրն է ու այն ժողովուրդին, որ իր ժառանգութեան համար ընտրեց» (Սաղ. 33։12