Աչքերդ որո՞ւն կը նային
«Քեզի կը բարձրացնեմ իմ աչքերս, ով երկնքի մէջ Բնակող» (ՍԱՂ. 123։1)։
1, 2. Ի՞նչ կը նշանակէ Եհովային նայիլ։
Կ’ԱՊՐԻՆՔ «չար ժամանակներ»ու մէջ եւ կեանքը երթալէն աւելի դժուար պիտի ըլլայ, մինչեւ որ Եհովան այս չար աշխարհը կործանէ եւ իսկական խաղաղութիւն բերէ (Բ. Տիմ. 3։1)։ Այս պատճառով, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Որո՞ւն կը դիմեմ օգնութիւն եւ ուղղութիւն ստանալու համար’։ Թերեւս շուտով պատասխանենք՝ «Եհովային»։ Ճի՛շդ է, ասիկա լաւագոյն պատասխանն է։
2 Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ դիմել, կամ իրեն նայիլ՝ օգնութիւն ստանալու համար։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք մեր աչքերը իրեն վրայ կեդրոնացած պահել, մինչ դժուարութիւններ կ’ունենանք։ Դարեր առաջ, Աստուածաշունչի գրող մը բացատրեց թէ որքա՜ն կարեւոր է, որ Եհովային նայինք երբ օգնութեան պէտք ունենանք (կարդա՛ Սաղմոս 123։1-4)։ Ան ըսաւ որ երբ Եհովային կը նայինք, կը նմանինք այն ծառային որ իր տիրոջ կը նայի։ Ինչպէ՞ս։ Ծառան ոչ միայն իր տիրոջմէ կը սպասէ որ զինք կերակրէ եւ պաշտպանէ, հապա նաեւ պէտք է միշտ իր տիրոջ նայի, որպէսզի գիտնայ թէ ան ինչ կ’ուզէ որ ինք ընէ, եւ ետքը ընէ զայն։ Մենք ալ պէտք է ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը լաւ սերտենք, որպէսզի գիտնանք թէ ի՛նչ է Եհովային կամքը, եւ ետքը հետեւինք իր ուղղութեան։ Այսպիսով կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Եհովան մեզի պիտի օգնէ երբ պէտք ունենանք (Եփ. 5։17)։
3. Ի՞նչը կրնայ մեր աչքերը շեղեցնել Եհովայէն։
3 Թէեւ գիտենք որ շարունակ պէտք է Եհովային նայինք, բայց կրնայ ըլլալ որ ատեններ մեր աչքերը շեղին։ Ասիկա պատահեցաւ Յիսուսի մտերիմ բարեկամուհիին՝ Մարթային, երբ տարուեցաւ սպասաւորութիւն ընելով (Ղուկ. 10։40-42)։ Եթէ ասիկա Մարթային պէս հաւատարիմ անձի մը պատահեցաւ, հակառակ որ Յիսուս իր քովն էր, պէտք չէ զարմանանք եթէ նոյն բանը մեզի ալ պատահի։ Ի՞նչը կրնայ մեր աչքերը շեղեցնել Եհովայէն։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք որ ինչպէ՛ս ուրիշներուն ըրածները կրնան մեր կեդրոնացումը խանգարել։ Նաեւ պիտի տեսնենք որ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովային վրայ կեդրոնացած մնալ։
ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԱՆՁ ՄԸ ԱՌԱՆՁՆԱՇՆՈՐՀՈՒՄ ՄԸ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ
4. Թերեւս ինչո՞ւ զարմանանք որ Մովսէս առանձնաշնորհում մը կորսնցուց։
4 Մովսէս վստահաբար Եհովային կը նայէր ուղղութիւն ստանալու համար։ Սուրբ Գիրքը մեզի կ’ըսէ, որ ան «համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր» (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։24-27)։ Նաեւ կ’ըսէ որ «անկէ յետոյ Իսրայէլի մէջ ուրիշ մարգարէ մը չելաւ Մովսէսին պէս, որը Տէրը երես առ երես ճանչցաւ» (Բ. Օր. 34։10)։ Թէեւ Մովսէս մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունէր Եհովային հետ, բայց կորսնցուց Աւետեաց երկիրը մտնելու առանձնաշնորհումը (Թւ. 20։12)։ Ան ի՞նչ սխալ ըրաւ։
5-7. ա) Ի՞նչ խնդիր ծագեցաւ։ բ) Մովսէս ի՞նչ ըրաւ։
5 Իսրայէլացիները Եգիպտոսը ձգելէ ետք երկու ամիս չանցած,– եւ նոյնիսկ Սինա լեռը չհասած,– լուրջ խնդիր մը ծագեցաւ։ Ժողովուրդը սկսաւ գանգատիլ որ ջուր չկար։ Անոնք սկսան տրտնջալ Մովսէսին դէմ, եւ հարցը այնքա՛ն լուրջ դարձաւ, որ Մովսէս Եհովային աղաղակեց. «Ի՞նչ ընեմ այս ժողովուրդին. գրեթէ պատրաստ են զիս քարկոծելու» (Ել. 17։4)։ Եհովան յստակ ուղղութիւններ տուաւ Մովսէսին։ Իրեն ըսաւ որ իր գաւազանը առնէ եւ Քորեբի մէջ ժայռին զարնէ, եւ այսպիսով անկէ ջուր պիտի ելլէր։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Մովսէս այնպէս ըրաւ Իսրայէլի ծերերուն առջեւ»։ Իսրայէլացիները կշտանալու չափ խմեցին եւ խնդիրը լուծուեցաւ (Ել. 17։5, 6)։
6 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Մովսէս «այն տեղին անունը Մասսա ու Մերիպա դրաւ», քանի որ հոն իսրայէլացիները վիճեցան եւ Եհովան փորձեցին, ըսելով. «Արդեօք Տէրը մեր մէ՞ջ է» (Ել. 17։7)։ Այս անունները տեղին էին, որովհետեւ կը նշանակեն՝ «Փորձութիւն» եւ «Վիճաբանութիւն»։
7 Եհովային կարծիքը ի՞նչ էր Մերիպային մէջ պատահածին նկատմամբ։ Ան զգաց որ իսրայէլացիները իրե՛ն դէմ եւ ի՛ր հեղինակութեան դէմ ըմբոստացած էին, եւ ոչ թէ միայն Մովսէսին դէմ (կարդա՛ Սաղմոս 95։8, 9)։ Խօսք չ’ուզեր որ իսրայէլացիներուն ըրածը սխալ էր։ Բայց Մովսէսին ըրածը ճիշդ էր։ Ան Եհովային նայեցաւ եւ ուշադրութեամբ հետեւեցաւ անոր ուղղութեան։
8. Անապատին մէջ իսրայէլացիներուն ճամբորդութեան վերջաւորութեան ի՞նչ խնդիր ելաւ։
8 Բայց ի՞նչ պատահեցաւ երբ նման բան մը եղաւ շուրջ 40 տարի ետք՝ անապատին մէջ իսրայէլացիներուն ճամբորդութեան վերջաւորութեան։ Անոնք հասան Կադէսի մօտ գտնուող տեղ մը, որ Աւետեաց երկրին մօտ էր։ Յետագային, *։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ հոն իսրայէլացիները անգամ մը եւս գանգատեցան որ ջուր չկար (Թւ. 20։1-5)։ Բայց այս առիթով, Մովսէս լուրջ սխալ մը ըրաւ։
այդ տեղն ալ «Մերիպա» կոչուեցաւ9. Եհովան Մովսէսին ի՞նչ ուղղութիւններ տուաւ, բայց Մովսէս ի՞նչ ըրաւ (տե՛ս բացման նկարը)։
9 Մովսէս ի՞նչ ըրաւ երբ ժողովուրդը ըմբոստացաւ։ Ան անգամ մը եւս Եհովային նայեցաւ, ուղղութիւն ստանալու համար։ Բայց այս անգամ Եհովան իրեն չըսաւ, որ ապառաժին կամ ժայռին զարնէ։ Իրեն ըսաւ որ իր գաւազանը առնէ, ժողովուրդը հաւաքէ եւ ետքը ժայռին խօսի (Թւ. 20։6-8)։ Սակայն Մովսէս ժայռին չխօսեցաւ, հապա ջղայնութեամբ ըսաւ ժողովուրդին. «Լսեցէ՛ք հիմա, ո՛վ ապստամբներ, ձեզի այս ապառաժէ՞ն ջուր պէտք է հանենք»։ Ետքը, ան երկո՛ւ անգամ զարկաւ ժայռին (Թւ. 20։10, 11)։
10. Եհովան ինչպէ՞ս հակազդեց Մովսէսին ըրածին։
10 Եհովան շատ բարկացաւ Մովսէսին դէմ (Բ. Օր. 1։37. 3։26)։ Ինչո՞ւ։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ Մովսէս չհետեւեցաւ Եհովային տուած նոր ուղղութիւններուն։
11. Ինչո՞ւ կրնայ ըլլալ որ Մովսէս Եհովային ըրած հրաշքին արժէքը իջեցուց երբ ժայռին զարկաւ։
11 Ուրիշ հաւանականութիւն ալ կայ։ Ժայռերը շատ կարծր են առաջին Մերիպային մէջ։ Մէկը որքա՛ն ալ զարնէ ատոնց, ո՛չ մէկը կ’ակնկալէ որ ջուր ելլէ ատոնցմէ։ Իսկ ժայռերը շատ աւելի փափուկ են երկրորդ Մերիպային մէջ, եւ ջուրը շատ անգամ ատոնց մէջէն անցնելով կը հաւաքուի գետնին տակ։ Ետքը, մարդիկ կրնան գետինը փորելով քաշել ջուրը։ Կրնա՞յ ըլլալ որ երբ Մովսէս երկու անգամ զարկաւ ժայռին, իսրայէլացիները կարծեցին որ ջուրը բնական միջոցներով դուրս ելաւ եւ ոչ թէ քանի որ Եհովան հրաշք մը ըրաւ։ Արդեօք Մովսէս հրաշքին արժէքը իջեցո՞ւց այս բանը ընելով *։ Չենք կրնար վստահ ըլլալ։
ՄՈՎՍԷՍ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԸՄԲՈՍՏԱՑԱՒ
12. Կրնայ ըլլալ որ Եհովան ուրիշ ի՞նչ պատճառով բարկացաւ Մովսէսին եւ Ահարոնին դէմ։
12 Կրնայ ըլլալ որ Եհովան ուրիշ պատճառով մըն ալ բարկացաւ Մովսէսին դէմ, ինչպէս նաեւ Ահարոնին դէմ։ Նկատէ թէ Մովսէս ի՛նչ ըսաւ ժողովուրդին. «Ձեզի այս ապառաժէ՞ն ջուր պէտք է հանենք»։ Ան այս խօսքով հաւանաբար հասկցուց, որ ինք եւ Ահարոն այդ հրաշքը պիտի ընէին ու ոչ թէ Եհովան, եւ այսպիսով յարգանքի պակաս ցուցուց Եհովային հանդէպ։ Այս հաւանականութիւնը ձեւով մը կը փաստուի սաղմոսերգուին խօսքէն. «Բարկացուցին զԱնիկա Մերիպայի ջուրերուն քով։ Անոնց համար Մովսէսին գէշ եղաւ, վասն զի դառնացուցին անոր հոգին։ Ան ալ անխորհրդաբար խօսեցաւ իր շրթունքներովը» (Սաղ. 106։32, 33. Թւ. 27։14) *։ Մովսէս Եհովային չտուաւ այն փառքը, որուն արժանի էր։ Եհովան Մովսէսին ու Ահարոնին ըսաւ, որ ‘իր հրամանին դէմ ապստամբութիւն ըրին’ (Թւ. 20։24)։ Ասիկա շատ լուրջ մեղք մըն էր։
13. Մովսէսին ստացած պատիժը ինչո՞ւ յարմար եւ արդար էր։
13 Եհովան ուրիշներէ աւելի Մովսէսէն ու Ահարոնէն հաշիւ կը պահանջէր, քանի Ղուկ. 12։48)։ Նախապէս, Եհովան իսրայէլացիներու լման սերունդ մը զրկած էր Աւետեաց երկիրը մտնելէ, որովհետեւ իրեն դէմ ըմբոստացած էին (Թւ. 14։26-30, 34)։ Ուրեմն թէ՛ յարմար էր եւ թէ արդար էր, որ Եհովան նոյն կերպով պատժէր Մովսէսը իր ըմբոստութեան համար։ Ան միւս ըմբոստներուն պէս զրկուեցաւ Աւետեաց երկիրը մտնելէ։
որ իր ժողովուրդին առաջնորդներն էին (ԽՆԴՐԻՆ ԵՏԻՆ ԵՂՈՂ ՊԱՏՃԱՌԸ
14, 15. Մովսէս ինչո՞ւ ըմբոստացաւ Եհովային դէմ։
14 Մովսէս ինչո՞ւ ըմբոստացաւ Եհովային դէմ։ Դարձեալ նկատէ թէ Սաղմոս 106։32, 33–ը ի՛նչ կ’ըսէ. «Բարկացուցին զԱնիկա Մերիպայի ջուրերուն քով։ Անոնց համար Մովսէսին գէշ եղաւ, վասն զի դառնացուցին անոր հոգին։ Ան ալ անխորհրդաբար խօսեցաւ իր շրթունքներովը»։ Իսրայէլացիները Եհովա՛ն բարկացուցին, բայց Մովսէսն էր որ դառնացաւ։ Ան առանց ինքնազսպումի խօսեցաւ, հաշիւ չընելով հետեւանքները։
15 Մովսէս ձգեց որ ուրիշներուն ըրածները իր կեդրոնացումը շեղեն Եհովայէն։ Առաջին դէպքին որ իսրայէլացիները գանգատեցան, Մովսէս ճիշդը ըրաւ (Ել. 7։6)։ Բայց թերեւս ան տարիներու ընթացքին այնքա՛ն ձանձրացաւ եւ յոգնեցաւ իսրայէլացիներուն ըմբոստ ոգիէն, որ երկրորդ դէպքին սխալ ըրաւ։ Կրնայ ըլլալ որ ան իր զգացումներո՛ւն վրայ կեդրոնացած էր, եւ ոչ թէ՝ Եհովային փառք բերելու վրայ։
16. Ինչո՞ւ պէտք է խոկանք Մովսէսին օրինակին վրայ։
16 Եթէ Մովսէսին պէս հաւատարիմ մարգարէ մը իր կեդրոնացումը կորսնցուց, նոյն բանը դիւրութեամբ կրնայ պատահիլ մեզի։ Մովսէս Աւետեաց երկիրը մտնելու վրայ էր, իսկ մենք նոր աշխարհը մտնելու վրայ ենք (Բ. Պետ. 3։13)։ Մեզմէ ո՛չ մէկը կ’ուզէ այս յատուկ առանձնաշնորհումը կորսնցնել։ Բայց նոր աշխարհը մտնելու համար, պէտք է մեր աչքը կեդրոնացած պահենք Եհովային վրայ եւ միշտ հնազանդինք իրեն (Ա. Յովհ. 2։17)։ Ի՞նչ դասեր պէտք է սորվինք Մովսէսէն։
ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ԸՐԱԾՆԵՐԸ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄԴ ԹՈՂ ՉԽԱՆԳԱՐԵՆ
17. Ինչպէ՞ս կրնանք ինքնազսպում ունենալ երբ յուսախաբ ըլլանք։
17 Ինքնազսպում ունեցիր երբ յուսախաբ ըլլաս։ Նոյնիսկ երբ ամէն անգամ նոյն խնդիրները ունենանք, «բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք» (Գաղ. 6։9. Բ. Թես. 3։13)։ Երբ բանէ մը կամ մէկէ մը յուսախաբ ըլլանք, մեր լեզուն եւ ջղայնութիւնը կը զսպե՞նք (Առ. 10։19. 17։27. Մատ. 5։22)։ Երբ ուրիշներ մեր ջիղերուն հետ խաղան, պէտք է ‘բարկութեան տեղի տանք’, այսինքն՝ Եհովային առիթ տանք որ իր բարկութիւնը յայտնէ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։17-21)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Փոխանակ բարկանալու, Եհովան կը յարգենք, համբերութեամբ սպասելով որ մեր խնդրին համար բան մը ընէ, երբ պէտք տեսնէ։ Եթէ ջանանք վրէժ առնել՝ փոխանակ իրեն նայելու, յարգանքի պակաս ցուցուցած կ’ըլլանք իրեն։
18. Ուղղութիւններուն հետեւելու նկատմամբ ի՞նչ պէտք է ընենք։
18 Ամենանոր ուղղութիւններուն մանրամասնօրէն հետեւէ։ Հաւատարմօրէն կը հետեւի՞նք Եհովային տուած ամենանոր ուղղութիւններուն։ Եթէ ա՛յո, ուրեմն պիտի չջանանք ամէն բան ընել ճիշդ ինչպէս որ նախապէս Եբ. 13։17)։ Միեւնոյն ատեն, ուշադիր կ’ըլլանք որ ‘գրուածէն աւելի բան մը չխորհինք’ (Ա. Կոր. 4։6)։ Այսպիսով, մեր աչքերը կեդրոնացած կը պահենք Եհովային վրայ։
կ’ընէինք, պարզապէս քանի որ այդ կերպով ընելու վարժուած ենք։ Ընդհակառակը, շուտով պիտի հետեւինք նոր ուղղութիւններուն, որ Եհովան իր կազմակերպութեան միջոցաւ կու տայ (19. Ինչպէ՞ս չենք ձգեր որ ուրիշներուն սխալները վնասեն Եհովային հետ ունեցած մեր բարեկամութեան։
19 Մի՛ ձգեր որ ուրիշներուն սխալները վնասեն Եհովային հետ ունեցած բարեկամութեանդ։ Եթէ մեր աչքերը կեդրոնացած են Եհովային վրայ, չենք ձգեր որ ուրիշներուն ըրածները մեզ բարկացնեն կամ Եհովային հետ մեր ունեցած բարեկամութեան վնասեն։ Ասիկա կարեւոր է մանաւանդ եթէ Մովսէսին պէս որոշ պատասխանատուութիւն ունինք Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ։ Ճիշդ է որ պէտք է ‘ահով ու դողով մեր անձին փրկութիւնը գործենք’, բայց միեւնոյն ատեն պատասխանատուութիւն ունեցողները պէտք չէ մոռնան, որ Եհովան խիստ չէ եւ ճկուն է երբ մեզ կը դատէ (Փլպ. 2։12)։ Որքա՛ն աւելի պատասխանատուութիւն ունենանք, այնքան աւելի հաշիւ պիտի տանք Եհովային (Ղուկ. 12։48)։ Եթէ իրապէս կը սիրենք Եհովան, բան մը չկայ որ կրնայ մեզ գայթակղեցնել կամ մեզ զատել իր սէրէն (Սաղ. 119։165. Հռով. 8։37-39)։
20. Ամէն գնով ի՞նչ պէտք է ընենք։
20 Թող որ այս դժուար օրերուն մէջ շարունակենք նայիլ Եհովային՝ «երկնքի մէջ Բնակող»ին, որպէսզի իր կամքը գիտնանք։ Բնա՛ւ պէտք չէ ձգենք որ ուրիշներուն ըրածները վնասեն Եհովային հետ մեր ունեցած բարեկամութեան։ Ի՛նչ որ Մովսէսին պատահեցաւ մեզի կը սորվեցնէ այս շատ կարեւոր դասը։ Փոխանակ չափէ դուրս հակազդելու ուրիշներուն սխալներուն, պէտք է ամէն գնով ‘մեր աչքերը Տէրոջը՝ մեր Աստուծոյն՝ նային, մինչեւ մեզի ողորմի’ (Սաղ. 123։1, 2)։
^ պարբ. 8 Այս «Մերիպա»ն տարբեր էր Ռափիդիմի մօտ գտնուող «Մերիպա»էն, որ նաեւ կը կոչուէր «Մասսա»։ Բայց երկու տեղերն ալ կոչուեցան «Մերիպա», քանի որ իսրայէլացիները վիճեցան այդ վայրերուն մէջ (տե՛ս Աստուծոյ Խօսքը սերտելու ուղեցոյց գրքոյկին Մաս 7–ի քարտէսը)։
^ պարբ. 11 Փրոֆէսոր Ճոն Ա. Պէք այս դէպքին մասին կ’ըսէ. «Ըստ հրէական աւանդութեան մը, ըմբոստները Մովսէսը քննադատեցին հետեւեալ խօսքերով. ‘Մովսէս այս մասնայատուկ ժայռին յատկութիւնները գիտէ։ Եթէ կ’ուզէ փաստել որ հրաշքներ ընելու կարողութիւն ունի, թող միւս ժայռէն ջուր հանէ մեզի’»։ Բայց ասիկա պարզապէս աւանդութիւն մըն է։
^ պարբ. 12 Տե՛ս «Հարցումներ՝ ընթերցողներէն» յօդուածը Դիտարան–ի 15 հոկտեմբեր 1987 թիւին մէջ (անգլերէն)։