Գիտէի՞ր
Աստուածաշունչի ժամանակներուն ինչպէ՞ս տարիներն ու ամիսները կ’որոշուէին
ԱՒԵՏԵԱՑ երկրին մէջ, եբրայեցիներուն համար տարին կը սկսէր մեր ներկայ օրացոյցով սեպտեմբեր/հոկտեմբերին, երբ կը հերկէին ու կը ցանէին։
Մարդիկ ամսուան տեւողութիւնը կ’որոշէին, հիմնուելով լուսինի շրջանին վրայ, որ 29 կամ 30 օր կը տեւէ։ Իսկ տարուան տեւողութիւնը կ’որոշէին արեւին համաձայն։ Սակայն լուսինի շրջանին համաձայն հաշուըուած տարին աւելի կարճ է, քան՝ արեւին համաձայն հաշուըուած տարին։ Անոր համար, պէտք եղաւ որ մեթոտ մը գտնէին, որպէսզի հաշուելու երկու կերպերը իրարու համապատասխան ըլլային։ Ասիկա ըրին օրեր աւելցնելով, կամ ատեն–ատեն ամիս մը աւելցնելով, թերեւս՝ նոր տարին չսկսած։ Այսպիսով օրացոյցը պիտի համապատասխանէր ցանելու եւ հնձելու եղանակներուն։
Սակայն Մովսէսի օրերուն, Աստուած Իր ժողովուրդին ըսաւ որ կրօնական տարին պէտք էր սկսէր ապիպ (կամ՝ նիսան) ամսուն, այսինքն՝ գարնան (Ել. 12։2. 13։4)։ Այդ ամիս տօն մը կար, որ կապ ունէր գարիի հունձքին հետ (Ել. 23։15, 16)։
Ուսումնական Էմիլ Շիւրըր գրեց. «Շատ պարզ էր այն կանոնը, որուն համաձայն կ’որոշուէր օրեր աւելցնել կամ ոչ։ Պասեքը, որ պէտք է տօնուի նիսան ամսուն մէջ՝ լիալուսնի ատեն (նիսան 14), պէտք է միշտ գայ գիշերահաւասարէն ետք։ Ատոր համար, եթէ նկատուէր տարուան վերջաւորութեան, թէ Պասեքը գարնանային գիշերահաւասարէն առաջ պիտի գայ, կ’որոշուէր [13–րդ] ամիս մը աւելցնել նիսան ամիսէն առաջ» (The History of the Jewish People in the Age of Jesus Christ, (175 B.C.–A.D. 135))։
Եհովայի վկաները այս կանոնը նկատի կ’առնեն, երբ պիտի որոշեն Տէրունական ընթրիքին թուականը, որ կ’ըլլայ գարնան եւ եբրայական օրացոյցի նիսան 14–ին կը համապատասխանէ։ Եւ այդ թուականը առաջուընէ կ’ըսուի բոլոր ժողովքներուն։
Սակայն եբրայեցիները ինչպէ՞ս կը գիտնային, թէ ե՛րբ մէկ ամիսը պիտի վերջանար եւ միւսը պիտի սկսէր։ Այսօր, պարզապէս կրնաս օրացոյցի մը վրայ աչք նետել կամ ելեկտրոնային սարքիդ վրայ օրացոյցը բանալ եւ գիտնալ։ Բայց Աստուածաշունչի ժամանակներուն հարցը այդքան դիւրին չէր։
Նոյի ժամանակ, իւրաքանչիւր ամիս սեպուեցաւ թէ 30 օր է (Ծն. 7։11, 24. 8։3, 4)։ Իսկ յետագային, եբրայեցիներուն քով ամիսը կա՛մ 29 օր եւ կամ 30 օր էր, եւ ամիսը կը սկսէր նոր լուսինը տեսնուելով։
Անգամ մը, Դաւիթ ու Յովնաթան նոր ամսուան սկսելուն մասին խօսելով՝ ըսին. «Վաղը ամսագլուխ է» (Ա. Թագ. 20։5, 18)։ Ուստի, այնպէս կ’երեւի թէ իրենց ապրած ատեն ամիսները առաջուընէ կը հաշուըուէին։ Միշնան, որ հրէական բերանացի օրէնքներու եւ սովորութիւններու հաւաքածոյ է, գաղափար մը կու տայ, որ իսրայէլացիները ինչպէ՛ս կ’որոշէին թէ նոր ամիսը ե՛րբ պիտի սկսէր։ Անիկա ցոյց կու տայ, թէ բաբելոնական գերութենէն ետք, Սենետրիոնը (հրէական բարձրագոյն ատեանը) այս որոշումը կ’առնէր։ Այն եօթը ամիսներուն ընթացքին, երբ տօներ կ’ըլլային, ատեանը ամսուան 30–րդ օրը ժողով կ’ընէր։ Անոնց պատասխանատուութիւնն էր որոշել, թէ ե՛րբ յաջորդ ամիսը պիտի սկսէր։ Ինչի՞ հիման վրայ կ’որոշէին։
Երուսաղէմի շուրջ, բարձր տեղերուն վրայ տղամարդիկ կը կենային եւ գիշերուան երկինքը կը քննէին տեսնելու համար նոր լուսինին երեւիլը։ Անոնք շուտով Սենետրիոնին լուր կու տային։ Երբ Սենետրիոնը զգար, որ բաւարար վկայութիւն ստացաւ, թէ նոր լուսինը տեսնուեցաւ, կը յայտարարէր նոր ամսուան սկսիլը։ Իսկ եթէ ամպերը կամ մշուշը արգելք ըլլային որ նոր լուսինը տեսնուէր, Սենետրիոնը իր ժողովին օրը ամսուան վերջին օրը կը սեպէր ու կը յայտարարէր, որ յաջորդ օրը նոր ամսուան առաջին օրն է։
Միշնան կը բացատրէ, թէ Սենետրիոնի որոշումը
կը յայտարարուէր Ձիթենեաց լերան վրայ կրակ վառելով։ Իսկ լուրը տարածելու համար, ամբողջ Իսրայէլի մէջ բարձր տեղերու վրայ կրակ կը վառէին։ Եւ աւելի ուշ ժամանակներուն, սկսան պատգամաւորներ ուղարկել։ Այսպէս, հրեաները Երուսաղէմի մէջ, Իսրայէլի տարածքին եւ անկէ դուրս, տեղեակ կ’ըլլային որ նոր ամիսը սկսաւ։ Ասիկա կարելի դարձուց, որ բոլորն ալ տօները նոյն ժամանակին տօնէին։Յօդուածին ընկերակցող ցուցակը կրնայ քեզի օգնել հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս եբրայական ամիսները, տօները եւ եղանակները իրարու հետ կապ ունէին։