Գիտէի՞ր
Հնագիտութիւնը ինչպէ՞ս կը հաստատէ Բաբելոնի Բաղտասարին դերը։
ԵՐԿԱՐ տարիներ, Աստուածաշունչի քննադատներ կ’ըսէին, որ Դանիէլ գիրքին մէջ նշուած Բաղտասար թագաւորը գոյութիւն չէ ունեցած (Դան. 5։1) Անոնք այդ կարծիքը ունէին, քանի որ հնագէտները չէին կրցած գտնել որեւէ փաստ, թէ ան իրապէս ապրած է։ Սակայն, 1854–ին այս մէկը փոխուեցաւ։ Ինչո՞ւ։
Այդ տարի, Բրիտանիոյ հիւպատոս Ճ. Ճ. Թէյլըր հետազօտեց այժմու Իրաքի հարաւը գտնուող Ուր քաղաքի աւերակները։ Մեծ աշտարակի մը մէջ, ան քանի մը կաւէ գլաններ գտաւ։ Իւրաքանչիւր գլան շուրջ 10 սմ. երկարութիւն ունի, եւ անոնց վրայ սեպագիր գրութիւններ փորագրուած են։ Գլաններէն մէկուն գրութիւնը կը բովանդակէ աղօթք մը, Բաբելոնի Նաբունիտոս թագաւորի եւ անոր երիցագոյն որդիին՝ Բաղտասարի համար, խնդրելով որ երկար կեանք ունենան։ Նոյնիսկ քննադատները համաձայնեցան, որ այս յայտնաբերումը կը փաստէ, թէ Բաղտասար իրապէս գոյութիւն ունեցած է։
Սակայն Աստուածաշունչը ոչ միայն կ’ըսէ որ Բաղտասար գոյութիւն ունէր, այլեւ թէ ան թագաւոր էր։ Քննադատները ասիկա նոյնպէս հարցականի տակ առած էին։ Օրինակ, 19–րդ դարու անգլիացի գիտնական Ուիլիամ Թալպոթ գրեց, որ ոմանց կարծիքով՝ «Բել–սար–ուշուր [Բաղտասար] իր հօր՝ Նաբունիտոսին հետ միեւնոյն ատեն իշխեց։ Բայց ասոր նոյնիսկ ամենաչնչին փաստը չկայ»։
Այդ հակաճառութիւնը վերջ գտաւ, երբ ուրիշ կաւէ գլաններու գրութիւնները յայտնեցին, թէ Բաղտասարին հայրը՝ Նաբունիտոս թագաւոր, ատեն մը քանի մը տարի մայրաքաղաքէն հեռու էր։ Ի՞նչ պատահեցաւ անոր բացակայութեան ընթացքին։ Encyclopaedia Britannica կ’ըսէ. «Երբ Նաբունիտոս ուրիշ երկրի մէջ էր, ան Բաղտասարին վստահեցաւ գահը եւ բանակին մեծ մասը»։ Ուրեմն, Բաղտասար այդ ժամանակամիջոցին իշխանակից էր Բաբելոնի մէջ։ Այդ պատճառով, հնագէտ եւ լեզուաբան Ալէն Միլարտ նշեց, թէ «Դանիէլ գիրքին մէջ Բաղտասարը ‘թագաւոր’ կոչելը» տեղին էր։
Անշուշտ, Աստուծոյ ծառաներուն համար գլխաւոր ապացոյցը, թէ Դանիէլ գիրքը վստահելի է եւ Աստուծմէ ներշնչուած է, կը գտնուի Աստուածաշունչի՛ն մէջ (Բ. Տիմ. 3։16)։