Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ

«Յաջորդ համաժողովը ե՞րբ պիտի ըլլայ»

«Յաջորդ համաժողովը ե՞րբ պիտի ըլլայ»

1932–Ի ՆՈՅԵՄԲԵՐԻ վերջերն է։ Միայն մէկ շաբաթ առաջ, առաջին անգամ ըլլալով երթեւեկի լոյսեր դրուեցան Մեքսիքոյի մէջ, ուր աւելի քան մէկ միլիոն մարդիկ կ’ապրին։ Բայց հիմա մարդիկ ուրիշ բանի մը նիւթը կ’ընեն։ Լրագրողները շոգեկառքի կայանը գացած են եւ իրենց քամերաները պատրաստած են։ Անոնք կը սպասեն յատուկ հիւրի մը՝ Ժոզեֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ, որ այդ ժամանակ Դիտարանի ընկերութեան նախագահն էր։ Տեղացի Վկաներն ալ կը սպասեն որ եղբայր Ռատըրֆորտը դիմաւորեն, որ եկած է ներկայ ըլլալու իրենց երեք օրուան համաժողովին։

Ոսկեդար–ը ըսաւ. «Խօսք չ’ուզեր որ այս համաժողովը պատմութեան մէջ պիտի յիշուի որպէս Ճշմարտութեան յառաջդիմութեան մէջ վերջին ծայր կարեւոր դէպք մը Մեքսիքայի Հանրապետութեան մէջ»։ Բայց այս համաժողովը ինչո՞ւ յատուկ էր, թէեւ միայն շուրջ 150 հոգիներ ներկայ եղան։

Այդ համաժողովէն առաջ, ճշմարտութիւնը Մեքսիքայի մէջ շատ չէր տարածուած։ 1919–էն ի վեր պզտիկ համաժողովներ եղած էին, բայց ժողովքներուն թիւը երթալէն կը պակսէր։ Երբ 1929–ին մասնաճիւղ մը բացուեցաւ Մեքսիքոյի մէջ, այնպէս երեւցաւ որ վիճակը պիտի լաւանար, բայց տակաւին կարգ մը դժուարութիւններ կային։ Երբ ըսուեցաւ որ հրատարակութիւններ բաշխողները (ռահվիրաները) առեւտուր չընեն քարոզչութեան ատեն, անոնցմէ մէկը այնքա՛ն ջղայնացաւ, որ ճշմարտութիւնը ձգեց եւ Սուրբ Գիրքը ուսումնասիրելու ուրիշ խումբ մը կազմեց։ Մինչ այդ, մասնաճիւղի տեսուչը սխալ վարք ունեցաւ եւ պէտք էր որ նոր մէկը գար իր տեղը։ Մեքսիքայի մէջ հաւատարիմ Վկաները քաջալերութեան պէտք ունէին։

Եղբայր Ռատըրֆորտը երկու դասախօսութիւն տուաւ համաժողովին ընթացքին, իսկ ռատիոյին միջոցաւ հինգ զօրաւոր դասախօսութիւն տուաւ, եւ այսպիսով շատ քաջալերեց այս հաւատարիմ մնացողները։ Ասիկա առաջին անգամն էր որ եղբայրները ռատիոյի կայանները գործածեցին որ բարի լուրը տարածեն Մեքսիքայի մէջ։ Համաժողովէն ետք, մասնաճիւղի նոր տեսուչ մը նշանակուեցաւ որ գործը կազմակերպէ։ Վկաները այժմ նախանձախնդրութեամբ լեցուած էին եւ Եհովային օրհնութեամբ շարունակեցին քարոզել։

1941–ի համաժողովը Մեքսիքոյի մէջ

Յաջորդ տարին, երկու համաժողովներ տեղի ունեցան երկրին մէջ, մէկը՝ Վերագրուզի մէջ, իսկ միւսը՝ Մեքսիքոյի մէջ։ Թաղամասին մէջ եղբայրներուն թափած մեծ ջանքերը սկսան լաւ արդիւնք տալ։ Օրինակ, 1931–ին՝ 82 հրատարակիչներ կային, իսկ տասը տարի ետք՝ այս թիւը տասը անգամ աւելցաւ։ 1941–ին, շուրջ 1000 անհատներ Մեքսիքօ եկան, որպէսզի ներկայ գտնուին «Աստուածպետական համաժողով»ին։

«ՓՈՂՈՑՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ»

1943–ին, Վկաները իրենց կուրծքին եւ կռնակին վրայ կախուած պաստառներով ծանուցանեցին Աստուածպետական համաժողովը, որուն բնաբանն էր՝ «Ազատ ազգ» եւ տեղի ունեցաւ Մեքսիքայի 12 քաղաքներու մէջ *։ Վկաները ծանուցման այս մեթոտը կը գործածէին 1936–էն ի վեր։

1944–ի պարբերաթերթէ մը կտրուած էջ, որ ցոյց կու տայ Մեքսիքոյի մէջ եղբայրներ, որոնց կուրծքին եւ կռնակին վրայ ծանուցման պաստառներ կան

Այս ծանուցման արշաւը այնքան յաջող էր որ La Nación պարբերաթերթը ըսաւ. «[Համաժողովին] առաջին օրը, [Վկաներէն] խնդրուեցաւ որ աւելի մարդիկ հրաւիրեն։ Յաջորդ օրը, այլեւս բաւարար տեղ չկար բոլոր ներկաներուն համար»։ Կաթողիկէ եկեղեցին ուրախ չէր այս արդիւնքով, եւ ասոր համար սկսաւ հակառակիլ Վկաներուն։ Հակառակ ասոր, անվախ եղբայրներն ու քոյրերը շարունակեցին համաժողովը ծանուցանել։ La Nación տեղեկագրեց. «Ամբողջ քաղաքը տեսաւ զանոնք»։ Ան աւելցուց թէ եղբայրներն ու քոյրերը «վերածուած էին ծանուցանող ‘սանտուիչներու’»։ Յօդուածին մէջ կար մեր եղբայրներուն մէկ նկարը, որոնք Մեքսիքոյի փողոցներն էին։ Նկարին տակ գրուած էր՝ «Փողոցներուն վրայ յարձակում»։

«ԿԱՐԾՐ ԳԵՏԻՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ՓԱՓՈՒԿ ԵՒ ՏԱՔՈՒԿ» ԱՆԿՈՂԻՆՆԵՐ

Այդ տարիներուն, Վկաներուն մեծամասնութիւնը մեծ զոհողութիւններ պէտք էր ընէր, որ Մեքսիքայի մէջ տեղի ունեցած քիչ համաժողովներուն ներկայ գտնուէր։ Բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր կու գային հեռաւոր գիւղերէ, որոնք շոգեկառքի գիծերէն կամ նոյնիսկ ճամբաներէն շա՜տ հեռու էին։ Ժողովք մը գրեց. «Միակ գիծը որ այստեղէն կ’անցնի՝ հեռագիրի գիծն է»։ Այս պատճառով, պատուիրակները կը ստիպուէին օրերով քալել կամ ջորիով երթալ՝ միայն որպէսզի հասնին այն շոգեկառքին, որ զիրենք պիտի տանէր համաժողովին քաղաքը։

Վկաներէն շատեր աղքատ էին եւ հազիւ կրնային դրամ ապահովել որ համաժողովին երթային։ Շատեր, երբ հասնէին, տեղացի Վկաներու քով կը մնային, որոնք իրենց տուները սրտանց կը բանային եղբայրներուն։ Ուրիշներ Թագաւորութեան սրահներու մէջ կը պառկէին։ Անգամ մը, շուրջ 90 պատուիրակներ մնացին մասնաճիւղը եւ իւրաքանչիւրը պառկեցաւ գիրքերու յատկացուած 20 քարդոններու վրայ։ Տարեգիրք–ը ըսաւ թէ եղբայրները երախտապարտ էին, քանի որ այս «անկողինները կարծր գետինէն աւելի փափուկ եւ տաքուկ էին»։

Այդ Վկաները այնքա՛ն երախտապարտ էին որ եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ հաւաքուած էին, որ իրենց աչքին չէին երեւնար իրենց ըրած զոհողութիւնները։ Ներկայիս, աւելի քան 850,000 Վկաներ կան Մեքսիքայի մէջ եւ անոնք նոյն երախտապարտ ոգին ունին *։ 1949–ի Տարեգիրք–ին մէկ տեղեկագրութիւնը ըսաւ, թէ եղբայրներուն ըրած զոհողութիւնները պատճառ չեղան, որ անոնց նախանձախնդրութիւնը պակսի Եհովայի պաշտամունքին հանդէպ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «ամէն համաժողովէ ետք, երկար ժամանակ համաժողովին նիւթը կ’ըլլար, եւ եղբայրները միշտ կը հարցնէին թէ յաջորդ համաժողովը ե՞րբ պիտի ըլլայ»։ Այս տեղեկագրութեան խօսքերը մեր օրերուն ալ կը կիրարկուին (Կեդրոնական Ամերիկայի մեր արխիւէն

^ պարբ. 9 Ըստ 1944–ի Տարեգիրք–ին, այս համաժողովը ձգեց որ Եհովայի վկաները լաւ ճանչցուին Մեքսիքայի մէջ։

^ պարբ. 14 2016–ին, Մեքսիքայի մէջ 2,262,646 հոգի ներկայ եղան Յիշատակատօնին։