Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՄԽԻԹԱՐՈՒԻԼ

Աստուած ինչպէ՞ս կը մխիթարէ

Աստուած ինչպէ՞ս կը մխիթարէ

Պօղոս առաքեալ Ստեղծիչը կը նկարագրէ որպէս՝ «ամէն մխիթարութեան Աստուածը, որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ» (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4)։ Յստակ է որ Սուրբ Գիրքը մեզի կը վստահեցնէ, թէ մեր երկնաւոր Հայրը կրնայ մխիթարել ոեւէ անհատ եւ որեւէ նեղութեան ընթացքին, որքան ալ մեծ ըլլայ։

Անշուշտ, եթէ կ’ուզենք որ Աստուած մեզ մխիթարէ, պէտք է բան մը ընենք։ Բժիշկ մը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել մեզի, եթէ ո՛չ մէկ ատեն ժամադրութիւն առնենք զինք տեսնելու։ Ամովս մարգարէն կը հարցնէ. «Երկու մարդիկ միասին կը քալե՞ն՝ եթէ իրարու չհանդիպին» (Ամովս 3։3, ԱԾ)։ Այս պատճառով, Սուրբ Գիրքը մեզի կը պատուիրէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8

Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուած մեզի պիտի մօտենայ։ Նախ եւ առաջ, քանի որ ինք կ’ըսէ թէ կ’ուզէ մեզի օգնել (տե՛ս  շրջանակը)։ Իսկ երկրորդ, քանի որ կան մարդիկ, թէ՛ մեր ժամանակուան մէջ թէ ալ անցեալէն, որ Աստուծմէ մխիթարուած են։

Դաւիթ թագաւորի գլուխէն շատ նեղութիւններ անցան, ճիշդ ներկայիս շատ մը մարդոց պէս։ Անգամ մը, ան Աստուծոյ աղերսեց. «Լսէ՛ իմ խնդրուածքիս ձայնը երբ քեզի աղաչեմ»։ Աստուած ի՞նչ ըրաւ։ Դաւիթ աւելցուց. «Ես օգնութիւն գտայ։ Ուստի սիրտս ուրախացաւ» (Սաղմոս 28։2, 7

ՅԻՍՈՒՍ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԽԻԹԱՐԵՑ ՍԳԱՒՈՐՆԵՐԸ

Աստուած մտադրեց որ Յիսուս մխիթարելու մէջ մեծ դեր խաղայ։ Օրինակ՝ Աստուած իրեն պարտականութիւն տուաւ որ ‘կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկէ եւ բոլոր սգաւորները մխիթարէ’ (Եսայի 61։1, 2)։ Ինչպէս որ մարգարէացուած էր, Յիսուս մասնաւորապէս հետաքրքրուեցաւ «յոգնած ու բեռնաւորուածներ»ով (Մատթէոս 11։28-30

Յիսուս մարդիկը մխիթարեց՝ իմաստուն խրատներ տալով, ազնուօրէն վարուելով անոնց հետ եւ նոյնիսկ ատեններ անոնց հիւանդութիւնները բժշկելով։ Օր մը, բորոտ մը աղաչեց Յիսուսին. «Եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»։ Յիսուս խղճալով պատասխանեց. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ», եւ ան իսկապէս բժշկուեցաւ (Մարկոս 1։40, 41

Այսօր Յիսուս մեր հետը չէ որ մեզ անձամբ մխիթարէ, բայց իր Հայրը՝ «ամէն մխիթարութեան Աստուածը» կը շարունակէ մեզի օգնել (Բ. Կորնթացիս 1։3)։ Նկատի առ թէ Աստուած ո՛ր գլխաւոր չորս միջոցներով կը մխիթարէ մարդիկը։

  • Սուրբ Գիրքը։ «Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք» (Հռովմայեցիս 15։4

  • Աստուծոյ սուրբ հոգին։ Յիսուսի մահուան վրայ շատ չանցած, ամբողջ քրիստոնէական ժողովքը խաղաղութիւն ունեցաւ։ Ինչո՞ւ։ Ժողովքները «Տէրոջը երկիւղովը եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնովը [կը քալէին]» (Գործք 9։31)։ Սուրբ հոգին, Աստուծոյ գործօն ուժը, շա՜տ զօրաւոր է։ Աստուած կրնայ զայն գործածել որ մխիթարէ ոեւէ անձ, որեւէ պայմանի մէջ։

  • Աղօթքը։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը խրատէ. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք. . . ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը. . . պիտի պահպանէ» (Փիլիպպեցիս 4։6, 7

  • Քրիստոնեայ հաւատակիցները կրնան իսկական բարեկամներ ըլլալ եւ մեզ մխիթարել երբ նեղութեան մէջ ըլլանք։ Պօղոս առաքեալ իր ընկերակիցներուն նկատմամբ ըսաւ, թէ «վիշտերուն ու նեղութիւններուն մէջ» իրեն «մխիթարութիւն» եղան (Կողոսացիս 4։11. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 3։7

Բայց թերեւս կը մտածես որ գետնի վրայ այս բոլորը ինչպէ՞ս կ’ըլլան։ Նկատի առնենք սկիզբը նշուած խնդիրները ունեցող անհատներու փորձառութիւնները։ Դուն ալ կրնաս իրենց պէս անդրադառնալ, որ Աստուած տակաւին այս սիրտ–տուող խոստումին տէրն է. «Ինչպէս մայր մը իր տղան կը հանգստացնէ, այնպէս ալ ես ձեզ պիտի հանգստացնեմ» (Եսայի 66։13