Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քառագիրը՝ Աստուծոյ սուրբ անունը, Եհովա, եբրայերէն գիրերով (աջէն ձախ կարդալով)

Եբրայերէնին ամէնէն պզտիկ գիրը մե՛ծ վստահութիւն կու տայ

Եբրայերէնին ամէնէն պզտիկ գիրը մե՛ծ վստահութիւն կու տայ

Կրնա՞նք իրապէս վստահ ըլլալ որ Աստուծոյ բոլոր խոստումները պիտի կատարուին։ Յիսուս ասոր համոզուած էր, եւ իր սորվեցուցածները ուրիշներուն հաւատքը զօրացուցին ասոր նկատմամբ։ Նկատի առ թէ ան ինչ օրինակ տուաւ Լերան քարոզին մէջ. «Ճշմարտապէս կ’ըսեմ ձեզի, ‘Մինչեւ երկինք ու երկիր անցնին, օրէնքէն յովտ մը կամ նշանագիր մը պիտի չանցնի, մինչեւ բոլորն ալ կատարուին’» (Մատթէոս 5։18

Եբրայերէն այբուբենին ամէնէն պզտիկ գիրն է՝ י (եօտ), որ քառագիրին առաջին գիրն է, այսինքն՝ Աստուծոյ սուրբ անունին, Եհովա *։ Դպիրներն ու փարիսեցիները Աստուծոյ Օրէնքին ոչ միայն բառերուն ու գիրերուն շատ կարեւորութիւն կու տային, հապա նաեւ՝ իւրաքանչիւր «նշանագիր»ին։

Յիսուս ըսել կ’ուզէր թէ աւելի հաւանական է, որ երկինքն ու երկիրը գոյութենէ դադրին, քան՝ Օրէնքին նոյնիսկ ամէնէն պզտիկ մանրամասնութիւնը չկատարուի։ Սակայն Սուրբ Գրութիւնները մեզի կը վստահեցնեն, որ բառացի երկինքն ու երկիրը յաւիտեան պիտի մնան (Սաղմոս 78։69)։ Ուրեմն, այս զօրաւոր խօսքը ցուցուց, թէ Օրէնքին նոյնիսկ ամէնէն պզտիկ մանրամասնութիւնը պիտի կատարուէր։

Եհովա Աստուծոյ քով կարեւորութիւն ունի՞ն պզտիկ մանրամասնութիւնները։ Անշո՛ւշտ։ Օրինակ, իսրայէլացիներուն ըսուեցաւ որ պէտք չէ Պասեքի գառին որեւէ ոսկորը կոտրեն (Ելից 12։46)։ Ասիկա թերեւս պզտիկ մանրամասնութիւն մըն էր։ Արդեօք անոնք հասկցա՞ն թէ ինչո՛ւ պէտք չէ ոսկոր մը կոտրեն։ Հաւանաբար ո՛չ։ Բայց Եհովա Աստուած գիտէր թէ ասիկա մարգարէութիւն մըն էր, որ Մեսիային ո՛չ մէկ ոսկորը պիտի կոտրուէր, երբ տանջանքի ցիցին վրայ սպաննուէր (Սաղմոս 34։20. Յովհաննէս 19։31-33, 36

Յիսուսին խօսքէն ի՞նչ կը սորվինք։ Մենք ալ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովա Աստուծոյ բոլոր խոստումները վերջին ծայր պիտի կատարուին։ Իրապէս, եբրայերէնին ամէնէն պզտիկ գիրը ի՜նչ մեծ վստահութիւն կու տայ։

^ պարբ. 3 Յունարէն այբուբենին ամէնէն պզտիկ գիրը եոդան է, եւ յստակօրէն կը նմանի եբրայերէն י (եօտ) գիրին։ Յիսուս շատ հաւանաբար կ’ակնարկէր եբրայերէն գիրին, քանի որ Մովսէսի Օրէնքին բնագիրը եբրայերէնով գրուած եւ ընդօրինակուած էր։