Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կարեւոր է որ սկիզբէն անկեղծօրէն խօսուի հարցին մասին

Երբ սիրելի մը մահացու հիւանդութիւն ունի

Երբ սիրելի մը մահացու հիւանդութիւն ունի

ՏՈՐԻՆ օդէն ինկաւ երբ գիտցաւ որ իր ամուսինը՝ Ուեսլին իր ուղեղին մէջ ունի շատ շուտ աճող եւ տարածուող քաղցկեղ *։ Ամուսինը միայն 54 տարեկան էր, եւ բժիշկները ըսին որ միայն քանի մը ամիս կ’ապրի։ Տորին կ’ըսէ. «Ականջներուս չհաւատացի։ Միտքս պղտոր էր շաբաթներով։ Կարծես թէ ատիկա ուրիշին հետ կը պատահէր, եւ ոչ թէ մեզի հետ։ Ատոր պատրաստ չէի»։

Ցաւօք սրտի, շատեր Տորինին պէս կը զգան։ Որեւէ ժամանակ ոեւէ մէկը կրնայ մահացու հիւանդութեամբ մը բռնուիլ։ Գովելի են այն անհատները, որոնք սրտանց կ’ընդունին հոգ տանիլ իրենց սիրելիին, որ մահացու հիւանդութիւն մը ունի։ Սակայն հոգ տանիլը շատ դժուար է։ Ընտանիքին անդամները ի՞նչ կրնան ընել, որպէսզի մխիթարեն եւ հոգ տանին մահացու հիւանդութիւն ունեցողին։ Անոնք ինչպէ՞ս կրնան գլուխ ելլել այն զգացումներուն հետ, որ կ’ունենան հիւանդութեան ամէն մէկ հանգրուանին։ Անոնք ի՞նչ կրնան ակնկալել, մինչ մահուան ժամանակը կը մօտենայ։ Նախ նկատի առնենք որ ներկայիս ինչո՛ւ շատ դժուար է մահացու հիւանդութիւն ունեցողի մը հոգ տանիլ։

ԴԺՈՒԱՐ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Բժշկագիտութեան պատճառով՝ ներկայիս մարդիկ տարբեր կերպով կը մեռնին։ Շուրջ հարիւր տարի առաջ, մարդիկ միջին հաշուով հիմակուընէ աւելի կարճ կ’ապրէին, նոյնիսկ զարգացած երկիրներու մէջ։ Մարդիկ շուտով կը մեռնէին վարակիչ հիւանդութիւններէ կամ արկածներէ։ Քիչ հիւանդանոցներ կային, եւ գրեթէ միշտ ընտանիքի անդամները հոգ կը տանէին հիւանդներուն մինչեւ որ անոնք տունը մահանային։

Ներկայիս, բժշկութիւնը յառաջ գացած է եւ բժիշկները ամէն գնով կը պայքարին հիւանդութիւններուն դէմ, որպէսզի հիւանդին կեանքը երկարեն։ Այն հիւանդութիւնները որոնք ժամանակին շուտով կրնային մահացնել անձը, հիմա երկա՜ր տարիներ կը տեւեն։ Բայց պայման չէ որ այս տարիներուն ընթացքին հիւանդը բժշկուի։ Շատ անգամներ, հիւանդները լուրջ անկարողութիւններ կ’ունենան եւ չեն կրնար իրենց անձին հոգ տանիլ։ Այսպիսի անձերու ձեռք տալը շատ աւելի դժուար եւ խրթին դարձած է։

Այս պատճառով, երթալէն աւելի մարդիկ կը մեռնին հիւանդանոցը, քան՝ տունը։ Եւ մարդոց մեծամասնութիւնը չի գիտեր թէ մէկը ի՛նչ հանգրուաններով կը մեռնի, եւ քիչեր են որ տեսած են անձի մը մեռնիլը։ Ուստի հոգ տանողին փորը վախ կրնայ իյնալ, քանի որ չի գիտեր թէ ապագան ինչ պիտի բերէ, եւ թերեւս ասոր պատճառով չկրնայ պէտք եղածին չափ օգտակար դառնալ հիւանդին։ Ի՞նչը կրնայ օգնել իրեն։

ՍԿԻԶԲԷՆ ԾՐԱԳՐԷ

Ինչպէս որ Տորինին պարագան էր, շատերու սիրտը կրակ կ’իյնայ, երբ սիրելի մը մահացու հիւանդութեամբ մը բռնուի։ Լաւ, ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել որ ապագային համար պատրաստուիս, հակառակ որ շատ մտահոգ ես, կը վախնաս եւ կը ցաւիս։ Աստուծոյ հաւատարիմ մէկ ծառան այսպէս աղօթեց. «Սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, որ սրտի իմաստութիւն ստանանք» (Սաղմոս 90։12)։ Լման սրտով Եհովա Աստուծոյ աղօթէ, որպէսզի քեզի ցուցնէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս իմաստութեամբ ‘համրել օրերդ’, որպէսզի կարենաս լաւագոյն կերպով գործածել մնացեալ օրերը որ սիրելիիդ հետ պիտի անցընես։

Պէտք է լաւ ծրագրես։ Եթէ հիւանդը տակաւին կրնայ առնել–տալ եւ պատրաստ է այս նիւթին մասին խօսելու, լաւ կ’ըլլայ որ իրեն հարցնես թէ ո՛վ իր տեղը որոշումներ առնէ, երբ ինք այլեւս կարողութիւն չունենայ որոշում առնելու։ Եթէ բացէ ի բաց խօսուի թէ ինքը կ’ընդունի՞ որ վերակենցաղուի, հիւանդանոց մտնէ կամ որոշ դարմանումներու ենթարկուի, աւելի քիչ հաւանականութիւն կ’ըլլայ, որ ընտանիքի այն անդամները որոնք հիւանդին տեղը որոշումներ կ’առնեն՝ սխալ հասկացողութիւններ ունենան եւ յանցաւոր զգան։ Եթէ սկիզբէն բացէ ի բաց խօսուի, ընտանիքը կրնայ հիւանդութեան ընթացքին կեդրոնանալ հիւանդին հոգ տանելու վրայ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին» (Առակաց 15։22

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՕԳՆԵԼ

Ընդհանրապէս, հոգ տանողին գլխաւոր ընելիքը մխիթարել է։ Մեռնելու վրայ եղող անձը պէտք ունի զգալու որ սիրուած է եւ միայնակ չէ։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնաս ընել։ Հիւանդին կարդա՛ գրութիւններ կամ երգէ՛ երգեր որոնք շինիչ եւ հաճելի են։ Շատեր կը մխիթարուին երբ ընտանիքի անդամ մը իրենց ձեռքը կը բռնէ եւ մեղմութեամբ կը խօսի իրենց հետ։

Լաւ կ’ըլլայ որ այցելողը ինքզինք ճանչցնէ հիւանդին։ Տեղեկագրութիւն մը կը նշէ. «Կ’ըսուի թէ լսողութիւնը վերջին զգայարանքն է որ անձը կը կորսնցնէ։ Անհատին լսողութիւնը կրնայ տակաւին զօրաւոր մնալ, նոյնիսկ եթէ ան պառկած երեւի։ Այս պատճառով, այցելուներուն մի՛ ըսեր բան մը որ անոր արթուն վիճակին մէջ չես ըսեր»։

Միասին աղօթեցէք եթէ յարմարութիւն կայ։ Սուրբ Գիրքը կը պատմէ թէ անգամ մը, Պօղոս առաքեալ եւ իր ընկերակիցները շատ ճնշումի տակ էին եւ վստահ չէին որ ողջ պիտի մնային։ Անոնք ի՞նչ օգնութիւն փնտռեցին։ Պօղոս իր բարեկամներէն խնդրեց, որ ‘իրենց համար աղօթք ընեն’ (Բ. Կորնթացիս 1։8-11)։ Սրտագին աղօթքը շատ մեծ արժէք ունի երբ լուրջ հիւանդութիւն ըլլայ եւ ծայրայեղ ճնշումի տակ ըլլաք։

ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԷ

Սիրելի անձի մը մեռնելուն գաղափարն անգամ նեղացուցիչ է, քանի որ մահը անբնական բան մըն է։ Մենք այնպէս մը չենք ստեղծուած, որ կարենանք ընդունիլ մահը որպէս կեանքին բնական մէկ մասը (Հռովմայեցիս 5։12)։ Սուրբ Գիրքը մահը կը կոչէ՝ «թշնամի» (Ա. Կորնթացիս 15։26)։ Ասոր համար, բնական է որ մէկը չուզէ նոյնիսկ մտածել իր սիրելիին մահուան մասին։

Բայց երբ ընտանիքին անդամները գիտնան թէ ապագան ինչ պիտի բերէ, իրենց վախերը պիտի թեթեւնան եւ պիտի կեդրոնանան հարցերը կարելի եղածին չափ դիւրացնելու վրայ։ « Կեանքին վերջին շաբաթները» շրջանակին մէջ գրուած են կարգ մը բաներ, որոնք կրնան պատահիլ։ Անշուշտ, բոլոր այդ բաները ամէն անձի հետ չեն պատահիր, ոչ ալ նոյն շարքով կը պատահին։ Սակայն, այս փոփոխութիւններուն առնուազն մէկ մասը կը պատահի հիւանդներուն մեծամասնութեան հետ։

Անձին մահէն ետք, լաւ կ’ըլլայ կապ պահել այն բարեկամին հետ, որ նախապէս ընդունած էր օգնել։ Թերեւս հոգ տանողները եւ ընտանիքը պէտք ունենան որ մէկը իրենց վստահեցնէ, թէ իրենց սիրելին այլեւս չի չարչարուիր։ Մարդկութեան Ստեղծիչը սէրէ մղուած կը վստահեցնէ, որ «մեռելները բան մը չեն գիտեր» (Ժողովող 9։5

ԱՄԷՆԷՆ ԼԱՒ ՀՈԳ ՏԱՆՈՂԸ

Կրնանք սորվիլ ո՛չ չըսել, երբ մէկը ձեռք տայ մեզի

Կարեւոր է որ Աստուծոյ վստահիս ոչ միայն հիւանդութեան ընթացքին, հապա նաեւ՝ մահուան յաջորդող վիշտին ընթացքին։ Աստուած կրնայ ուրիշները մղել, որ քեզի շինիչ խօսքեր ըսեն եւ գործնական կերպով օգնեն։ Տորին կ’ըսէ. «Սորվեցայ որ եթէ մէկը ձեռք տայ ինծի, ո՛չ չըսեմ։ Իրականութեան մէջ, մեր գլուխէն վեր օգնութիւն ստացանք։ Ամուսինս եւ ես ըմբռնեցինք որ Եհովան կարծես թէ կ’ըսէ. ‘Ես ձեր քովն եմ որ ձեզի օգնեմ’։ Բնա՛ւ պիտի չմոռնամ ասիկա»։

Եհովան ամէնէն լաւ հոգ տանողն է։ Ինքն է մեզ ստեղծողը եւ կը հասկնայ մեր ցաւն ու վիշտը։ Ան կրնայ ու կ’ուզէ՛ մեզի օգնել եւ մեզ մխիթարել, որպէսզի կարենանք գլուխ ելլել։ Ասկէ աւելին, ան խոստացած է որ շատ չանցած՝ վերջնականապէս մէջտեղէն պիտի վերցնէ մահը, եւ յարութիւն պիտի տայ այն միլիառաւոր մարդոց, որ իր յիշողութեան մէջն են (Յովհաննէս 5։28, 29. Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Այդ ժամանակ, բոլորը պիտի կարենան Պօղոս առաքեալին պէս ըսել. «Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ, ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ» (Ա. Կորնթացիս 15։55

^ պարբ. 2 Անունները փոխուած են։