Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԵՆԷՆ ԿՐՆԱ՛Ս ՀԱՆԳՍՏԱՆԱԼ

Ի՞նչ է ճնշուածութիւնը

Ի՞նչ է ճնշուածութիւնը

Ճնշուածութիւնը (սթրես) մարմնիդ հակազդեցութիւնն է դժուար պարագայի մը։ Ուղեղդ բազմաթիւ հորմոններ կ’ուղարկէ մարմնիդ բոլոր մասերուն։ Անոնք սրտազարկը կ’աւելցնեն, արեան ճնշումը կը բարձրացնեն, շնչառութիւնը կ’արագացնեն եւ մկանները կը պրկեն։ Լիովին գիտակցելէ առաջ, թէ մարմնիդ մէջ ի՛նչ կը պատահի, մարմինդ արդէն գործի լծուելու պատրաստ է։ Երբ ճնշիչ հանգրուանը վերջ գտնէ, մարմինդ իր լարուած վիճակէն դուրս կու գայ։

ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ՕԳՏԱԿԱՐ ԿԱՄ ՎՆԱՍԱԿԱՐ ԸԼԼԱԼ

Ճնշուածութիւնը բնական հակազդեցութիւն է, որ քեզի կ’օգնէ դժուար կամ վտանգաւոր պարագաներ դիմագրաւելու։ Անիկա կը սկսի ուղեղիդ մէջ։ Օգտակար ճնշուածութիւնը քեզ կարող կը դարձնէ, որ արագօրէն գործես կամ հակազդես։ Որոշ չափի ճնշուածութիւնը նաեւ կրնայ օգնել, որ նպատակակէտերուդ հասնիս կամ աւելի արդիւնաբեր ըլլաս, թերեւս երբ քննութիւն կու տաս, գործի տեսակցութիւն կ’ունենաս կամ մարզական մրցումի մը կը մասնակցիս։

Սակայն երկարատեւ, չափազանց կամ մնայուն ճնշուածութիւնը կրնայ քեզի վնասել։ Երբ մարմինդ կրկին անգամ կամ յարատեւօրէն լարուած վիճակի մէջ ըլլայ, կը սկսիս ֆիզիքապէս, զգացականօրէն եւ մտովի տուժել։ Վարքդ, ներառեալ՝ ուրիշներու հետ վարուելու կերպդ, կրնայ փոխուիլ։ Մնայուն ճնշուածութիւնը կրնայ նաեւ ճամբան հարթել, որ անհատը թմրեցուցիչ գործածելու եւ ուրիշ վնասակար սովորութիւններու դիմէ։ Անիկա նոյնիսկ կրնայ ընկճուածութեան, գերյոգնութեան կամ անձնասպանութեան առաջնորդել։

Ճնշուածութիւնը ամէն մարդու նոյն կերպով չ’ազդեր, բայց բազմաթիւ հիւանդութիւններու դուռ կը բանայ։ Եւ կրնայ մարմնին գրեթէ բոլոր անդամներուն վնաս հասցնել։