Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԶԱՐԹԻ՛Ր 2018–ի թիւ 2 | Յաջող ընտանիք ունենալու 12 գաղտնիքներ

Յաջող ընտանիք ունենալու 12 գաղտնիքներ

Շատ կը լսենք թէ կարգ մը ընտանիքներ ինչո՛ւ յաջող չեն։ Բայց արդեօք ուրիշ ընտանիքներ ինչո՞ւ յաջող են։

  • 1990–ին եւ 2015–ին միջեւ, Միացեալ Նահանգներուն մէջ 50 տարեկանէն վեր ամուսնալուծուողներուն թիւը կրկնապատկուեցաւ, իսկ 65 տարեկանէն վեր ամուսնալուծուողներուն թիւը երեքպատիկ եղաւ։

  • Ծնողները շուարած են. կարգ մը մասնագէտներ կ’ըսեն որ ծնողները միշտ պէտք է գովեն զաւակները, մինչ ուրիշներ կ’ըսեն որ խստութեամբ պէտք է վարուին զաւակներուն հետ անոնց օգտին համար։

  • Պատանիները չափահասութեան տարիքը կը հասնին, առանց պէտք եղած կարողութիւնները ունենալու որ յաջող ըլլան։

Բայց իրականութիւնը այն է, թէ՝

  • Ամուսնութիւնը կրնա՛յ մնայուն ըլլալ եւ ուրախութիւն պատճառել։

  • Ծնողները կրնա՛ն սորվիլ իրենց զաւակները սէրէ մղուած կրթել։

  • Պատանիները կրնա՛ն պէտք եղած կարողութիւնները զարգացնել որ յաջող չափահասներ դառնան։

Ինչպէ՞ս։ Զարթի՛ր–ի այս թիւը պիտի քննարկէ յաջող ընտանեկան կեանք ունենալու 12 գաղտնիքներ։

 

1. Իրարու կառչիլ

Երեք գործնական առաջարկներ կ’օգնեն որ կողակիցները իրարու կառչած մնան։

2. Համագործակցիլ

Կը զգա՞ս որ լեռ ու ձոր կայ քու եւ կողակիցիդ միջեւ։

3. Յարգել

Տես թէ ո՛ր խօսքերը եւ արարքները կարեւոր են, որ կողակիցդ յարգուած զգայ։

4. Ներել

Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել որ կողակիցիդ սխալներուն վրայ չկեդրոնանաս։

5. Հաղորդակցիլ

Երեք կարեւոր բաներ կրնան քեզի օգնել որ զաւակներուդ աւելի մօտենաս։

6. Կրթել

Կրթութիւնը կը քանդէ՞ զաւակին ինքնավստահութիւնը եւ զինք անարժէք կը զգացնէ՞։

7. Լաւ յատկութիւններ

Ի՞նչ չափանիշներ պէտք է սորվեցնես զաւակներուդ։

8. Օրինակ ըլլալ

Եթէ կ’ուզես որ խօսքերդ դպչին զաւակիդ սրտին, սորվեցուցածդ պէտք է համաձայն ըլլայ ըրածիդ։

9. Ինքնութիւն

Պատանիները ինչպէ՞ս կրնան իրենց հաւատալիքները պաշտպանել։

10. Վստահելի ըլլալ

Ծնողքիդ վստահութիւնը շահիլը կարեւոր է մինչ չափահաս կը դառնաս։

11. Աշխատասէր ըլլալ

Երբ պատանեկութեան ատեն սորվիս ծանր աշխատիլ, ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ յետագային յաջողութեամբ ընես ի՛նչ որ պիտի ընես։

12. Նպատակներ

Նպատակներու հասնիլը կրնայ ինքնավստահութիւնդ զօրացնել, բարեկամութիւններդ ամրացնել եւ ուրախութիւնդ աւելցնել։

Յաւելեալ օգնութիւն ընտանիքներուն

Սուրբ Գիրքին խրատները կրնան քեզի օգնել յաջող ամուսնութիւն մը եւ ուրախ ընտանեկան կեանք մը ունենալու։